Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 72

Սիրոյ յատկութիւնը մշակենք

Սիրոյ յատկութիւնը մշակենք

(Ա. Կորնթացիս 13։1-8)

1. Աղօթքով Աստուծմէ կը խնդրենք

որ յատկութիւններն իր մշակենք։

Ամենակարեւորը սէրն է,

որ հոգւոյն պտուղին մէկ մասն է։

Եթէ խոհեմ ենք, տաղանդ ունինք,

ոչի՛նչ ենք մենք, եթէ սէր չունինք։

Ուստի մնայուն սէր մշակենք,

տոկանք եւ Եհովան հաճեցնենք։

2. Երբ ոչխարներուն կ’ուսուցանենք

եւ բարի լուրը կը քարոզենք,

ջանա՛նք լոկ մտքեր չհաղորդել,

հապա խօսքով ու գործով սիրել։

Սէրը կ’օգնէ որ մենք համբերենք,

կ’օգնէ որ ծանր բեռներ կրենք։

Յիշէ՛ որ սէրը բնաւ չ’իյնար,

այլ ամէն բանի կը դիմանայ։