Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 76

Տէր Եհովան խաղաղութեան Աստուածն է

Տէր Եհովան խաղաղութեան Աստուածն է

(Փիլիպպեցիս 4։9)

1. Աստուա՛ծ խաղաղութեան,

սէր ես դուն ամբողջութեամբ։

Խրատներդ մենք կը փնտռենք

ու կ’ապրինք խաղաղութեամբ։

Որդիդ դուն զոհեցիր

եւ մեր կեանքը գնեցիր։

Կ’ուզենք որ ամէն մտքէ վեր

խաղաղութիւն տաս մեզի։

2. Աշխարհն այս տանջուած,

հոգերով բեռնաւորուած՝

կը տառապի եւ կը ցաւի,

շփոթած է, մոլորած։

Բայց մենք չենք վշտանար,

հապա կամքդ կ’ընենք, Հա՛յր։

Անձրեւի պէս կը կաթեցնես

խաղաղութիւն մեր վրայ։

3. Հոգիդ մեզի կ’օգնէ

որ կեանքի ճամբան տեսնենք։

Քու Սուրբ Խօսքդ պայծառ լոյս է

այս խաւար աշխարհին մէջ։

Հաճիս մեզ թարմացուր,

խաղաղութեամբդ լեցուր,

մեր մտքերն ու մեր սրտերը

պահպանէ եւ զօրացուր։