Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 94

Աստուծոյ բարի պարգեւներով բաւականանանք

Աստուծոյ բարի պարգեւներով բաւականանանք

(Յակոբոս 1։17)

1. Կեանքի մէջ արժէք ունեցող

ամէն բարի նուէր

եւ ամէն կատարեալ պարգեւ

լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ։

Աստուած միշտ նոյնն է յաւիտեան,

ու բնաւ չի փոխուիր։

Եհովան է միակ Աղբիւրը

ամէն կեանքի, լոյսի։

2. Պատճառ չունինք հոգ ընելու,

թէ ի՛նչ ուտենք–խմենք.

ան երկնքի թռչունները

կը կերակրէ՝ գիտենք։

Անարժէք, ունայն բաներու

ետեւէ չենք երթար.

հապա կը ջանանք պարզ կեանքով մը

միշտ բաւականանալ։

3. Վսեմ բաներն այս աշխարհի՝

ունայն են Հօր աչքին։

Ջանանք հոգեւոր անձ ըլլալ,

իմաստ տալ մեր կեանքին։

Եթէ երկինքի մէջ դիզենք

մեր գանձերը անգին,

մեր աչքը պարզ պահած կ’ըլլանք, որ

հասնինք յաւերժ կեանքին։