Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 131

Եհովան կը փրկէ

Եհովան կը փրկէ

(Բ. Թագաւորաց 22։1-8)

1. Ո՛վ Տէր Եհովա, գոյութիւնդ փաստած ես. . .

Երկինքն ու երկիրը եւ ծովն ստեղծած ես։

Քեզի պէս այլ աստուած մը չկայ հզօր, համազօր։

Դուն միշտ պիտի յաղթես։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհովա, դուն կը փրկես ծառաներդ,

ուղղամիտներուդ կը փաստես Վէմ ըլլալդ։

Հաւատքով եւ համարձակութեամբ քեզ կը պատուենք։

Մեր Փրկի՛չն ես, քու սուրբ անունդ կը ճանչցնենք։

2. Ահա մահուան լարերը զիս կը պաշարեն։

Քեզի կ’աղաղակեմ. «Զիս զօրաւոր պահէ։

Բնակած տաճարէդ իմ ձայնս լսէ, պաշտպանէ

եւ իմ անձս փրկէ»։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհովա, դուն կը փրկես ծառաներդ,

ուղղամիտներուդ կը փաստես Վէմ ըլլալդ։

Հաւատքով եւ համարձակութեամբ քեզ կը պատուենք։

Մեր Փրկի՛չն ես, քու սուրբ անունդ կը ճանչցնենք։

3. Երբ ահարկու ձայնդ երկինքէն որոտայ,

բոլոր ոսոխներդ վախէն պիտի դողան։

Պիտի դառնաս ինչ որ դուն կը կամենաս, որ մնաս

միշտ մեր կողքին, Փրկի՛չ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհովա, դուն կը փրկես ծառաներդ,

ուղղամիտներուդ կը փաստես Վէմ ըլլալդ։

Հաւատքով եւ համարձակութեամբ քեզ կը պատուենք։

Մեր Փրկի՛չն ես, քու սուրբ անունդ կը ճանչցնենք։

(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 18։1, 2. 144։1, 2)