Երգ 123
Հովիւները պարգեւներ են
1. Աստուած մեզի տուաւ հովիւներ,
որ իր հօտը հովուեն։
Օրինակ դառնալով մեզ կ’ուղղեն,
որ ճիշդ ճամբով քալենք։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Աստուած մեզի տուաւ պարգեւներ՝
հաւատարիմ հովիւներ։
Իր թանկագին հօտը կ’արածեն.
սիրենք զանոնք ի սրտէ։
2. Հոգածութեամբ մեզ կ’առաջնորդեն,
գուրգուրանք կը յայտնեն։
Վիրաւորին վէրքը կը փաթթեն,
ազնիւ խօսքեր կ’ըսեն։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Աստուած մեզի տուաւ պարգեւներ՝
հաւատարիմ հովիւներ։
Իր թանկագին հօտը կ’արածեն.
սիրենք զանոնք ի սրտէ։
3. Աստուածաշունչը կը գործածեն
խրատելու համար։
Կ’օգնեն որ Աստուծոյ ծառայենք
ու չշեղինք բնաւ։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Աստուած մեզի տուաւ պարգեւներ՝
հաւատարիմ հովիւներ։
Իր թանկագին հօտը կ’արածեն.
սիրենք զանոնք ի սրտէ։
(Տե՛ս նաեւ Եսա. 32։1, 2. Եր. 3։15. Յովհ. 21։15-17. Գործք 20։28)