Երգ 124
Ընդունինք զանոնք՝ հիւրասիրութեամբ
1. Եհովան անաչառ ու հոգատար է.
միշտ հիւրասիրութիւն կը ցուցաբերէ,
կը ղրկէ անձրեւներ, կու տայ պայծառ օրեր,
նաեւ ուտելիքներ լեփ–լեցուն։
Կարիքաւորներուն հոգ կը տանինք մենք,
եւ այդպիսով Աստուած կ’ընդօրինակենք։
Մեր Հայրը մեզ կ’օրհնէ, նաեւ կը վարձատրէ.
ուստի դրսեւորենք բարութիւն։
2. Թէեւ կարիքաւորներն օտար ըլլան,
աղէկութիւն կ’ընենք, օգնութիւն կու տանք՝
բարի գործեր կ’ընենք եւ կը հիւրասիրենք,
անոնց կարիքները կը հոգանք։
Լիդիայի պէս կ’ըսենք. ‘Դուք իմ հիւրս էք,
մտէք իմ տունս եւ հանգիստ զգացէք’։
Այո, Աստուած գիտէ զանոնք որ իրեն պէս
միշտ հիւրասիրութիւն ցոյց կու տան։
(Տե՛ս նաեւ Գործք 16։14, 15. Հռով. 12։13. Ա. Տիմ. 3։2. Եբ. 13։2. Ա. Պետ. 4։9)