Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 57

Սրտիս խորհրդածութիւնը

Սրտիս խորհրդածութիւնը

(Սաղմոս 19։14)

1. Սրտիս խորհրդածութիւնը,

առօրեայ մտածումներս,

թող քեզ, Եհո՛վա, հաճեցնեն

ու ճամբուդ մէջ պահեն անձս։

Երբ շատ հոգեր ունենամ ես,

անքուն գիշերներ անցընեմ,

միշտ քու մասիդ պիտի խորհիմ,

ուղիղ բաներ պիտ’ մտածեմ։

2. Ինչ որ մաքուր է, ճշմարիտ,

առաքինի է ու արդար,

թող այդ մտածումներն ինծի

բերեն խաղաղութիւն անսպառ։

Թանկագին են ինծի համար

յիշեցումներդ անհամար.

մտքերովդ կլանուած եմ։

Ճրագ մըն է Խօսքդ անմար։