Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 2

Դրախտը կը կորսուի

Դրախտը կը կորսուի

Ըմբոստ հրեշտակ մը կը դրդէ առաջին տղամարդն ու կինը՝ Ադամն ու Եւան, որ Աստուծոյ իշխանութիւնը մերժեն։ Առ ի հետեւանք, մեղքն ու մահը աշխարհ կը մտնեն։

ՄԱՐԴԻԿԸ ստեղծելէն շա՜տ առաջ, Աստուած բազմաթիւ անտեսանելի էակներ՝ հրեշտակներ ստեղծեց։ Եդեմի պարտէզին մէջ ըմբոստ հրեշտակ մը, որ Բանսարկու Սատանայ կոչուեցաւ, խորամանկութեամբ ջանաց Եւան դրդել, որ Աստուծոյ արգիլած միակ ծառին պտուղէն ուտէ։

Սատանան որպէս խօսնակ օձ մը գործածելով, ակնարկեց թէ Աստուած փափաքելի բանէ մը կը զրկէր կինն ու անոր ամուսինը։ Հրեշտակը Եւային ըսաւ, որ ան ու անոր ամուսինը պիտի չմեռնէին եթէ արգիլուած պտուղէն ուտէին։ Արդ, Սատանան Աստուած ամբաստանեց ըսելով, թէ Եհովան իր մարդկային զաւակներուն սուտ կը խօսի։ Ան Աստուծոյ չհնազանդիլը ներկայացուց որպէս հրապուրիչ ընթացք մը, որ լուսաւորութեան եւ ազատութեան պիտի առաջնորդէր։ Բայց այս ամէնը սուտ էր,– երկրի վրայ արտասանուած առաջին սուտը։ Բուն հարցը կը պարփակէր Աստուծոյ գերիշխանութիւնը,– արդեօք Աստուած իշխելու իրաւունք ունի՞ եւ ան իր իշխանութիւնը արդար կերպով եւ ի նպաստ իր հպատակներուն կը գործադրէ՞։

Եւան հաւատաց Սատանայի սուտին։ Ան սկսաւ պտուղին ցանկալ եւ ի վերջոյ կերաւ անկէ։ Յետոյ, ան իր ամուսինին ալ այդ պտուղէն տուաւ, եւ ա՛ն ալ կերաւ։ Այսպիսով, անոնք մեղաւորներ դարձան։ Երեւութապէս այդ պարզ արարքը, խորքին մէջ, ըմբոստութեան արտայայտութիւն մըն էր։ Ադամն ու Եւան դիտումնաւոր կերպով ընտրեցին Աստուծոյ պատուէրին չհնազանդիլ։ Այսպիսով, անոնք մերժեցին Ստեղծիչին իշխանութիւնը, որ իրենց ամէն բան տուած էր, ներառեալ՝ կատարեալ կեանք։

Սերունդը «քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Ծննդոց 3։15

Աստուած ըմբոստներէն հաշիւ պահանջեց։ Ան նախագուշակեց խոստացեալ Սերունդին կամ Ազատարարին գալը, որ պիտի բնաջնջէր Սատանան, որ օձով ներկայացուած էր։ Աստուած Ադամի ու Եւայի մահապատիժին գործադրութիւնը ուշացուց, այսպէս՝ ողորմութիւն ցուցաբերելով անոնց չծնած զաւակներուն հանդէպ։ Այդ զաւակները յոյսի հիմ մը պիտի ունենային, որովհետեւ այն Անձը զոր Աստուած պիտի ղրկէր, պիտի ջնջէր Եդեմի մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութեան ցաւալի հետեւանքները։ Մինչ Աստուածաշունչի գիրքերը գրուեցան, աստիճանաբար բացայայտուեցաւ, թէ ճիշդ ինչպէ՛ս պիտի կատարուէր Աստուծոյ նպատակը ապագայ Փրկիչ մը հայթայթելու նկատմամբ եւ թէ ո՛վ պիտի ղրկուէր։

Աստուած Ադամն ու Եւան Դրախտէն վռնտեց։ Անոնք Եդեմի պարտէզէն դուրս գտնուող հողը պէտք էր իրենց ճակտի քրտինքով մշակէին, ուտելիք ստանալու համար։ Յետագային, Եւան յղացաւ եւ իրենց առաջին զաւակը՝ Կայէնը ծնաւ։ Զոյգը աղջիկներ եւ ուրիշ տղաներ ալ ունեցաւ, ներառեալ՝ Աբէլը եւ Նոյի նախահայրը՝ Սէթը։

Աղբիւրը՝ Ծննդոց, գլուխ 3, 4 եւ 5. Յայտնութիւն 12։9։