Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 16

Մեսիան կու գայ

Մեսիան կու գայ

Եհովան կը յայտնէ, թէ Նազովրեցի Յիսուս երկար ժամանակէ խոստացուած Մեսիան է։

ԵՀՈՎԱՆ մարդոց օգնե՞ց որ խոստացեալ Մեսիան բնորոշեն։ Այո՛. ահա թէ ան ի՛նչ ըրաւ։ Եբրայերէն Գրութիւնները ամբողջանալէն շուրջ չորս դար ետք, Գալիլիոյ հիւսիսային շրջանի Նազարէթ քաղաքին մէջ, Մարիամ անունով երիտասարդուհի մը շատ արտասովոր այցելութիւն մը ստացաւ։ Գաբրիէլ անունով հրեշտակ մը իրեն երեւցաւ եւ ըսաւ թէ Աստուած իր գործօն ուժը՝ իր սուրբ հոգին՝ պիտի գործածէր, որ Մարիամ, կոյս ըլլալով հանդերձ, յղանար եւ որդի մը ծնանէր։ Այս որդին պիտի ըլլար երկար ժամանակէ խոստացուած Թագաւորը, որ յաւիտեա՛ն պիտի թագաւորէր։ Այս մանուկը պիտի ըլլար Աստուծոյ Որդին, որուն կեանքը Աստուած պիտի փոխադրէր երկինքէն Մարիամի արգանդը։

Մարիամ խոնարհաբար ընդունեց այդ սքանչելի նշանակումը։ Աստուած հրեշտակի մը միջոցով անոր նշանածին՝ ատաղձագործ Յովսէփին, իմացուց Մարիամի յղութեան իսկական պատճառը, որմէ ետք, Յովսէփ Մարիամին հետ ամուսնացաւ։ Սակայն ինչպէ՞ս պիտի կատարուէր այն մարգարէութիւնը, թէ Մեսիան Բեթլեհէմ պիտի ծնէր (Միքիա 5։2)։ Այդ պզտիկ քաղաքը իրենց ապրած քաղաքէն շուրջ 150 քիլոմեթր հեռու էր։

Հռոմայեցի կառավարիչ մը հրամայեց, որ մարդահամար ըլլար։ Մարդոցմէ պահանջուեցաւ որ արձանագրուելու համար իրենց ծննդավայրերը երթան։ Ըստ երեւոյթին, թէ՛ Յովսէփ եւ թէ Մարիամ Բեթլեհէմէն էին, ուստի Յովսէփ իր յղի կինը Բեթլեհէմ տարաւ (Ղուկաս 2։3)։ Հոն, Մարիամ ախոռի մը մէջ ծնունդ տուաւ եւ նորածինը մսուրի մը մէջ պառկեցուց։ Ապա, Աստուած բլրակողմը գտնուող խումբ մը հովիւներու ղրկեց հրեշտակներու բազմութիւն մը, որ տեղեկացնեն թէ նորածինը խոստացեալ Մեսիան կամ Քրիստոսն է։

Յետագային, ուրիշներ ալ պիտի վկայէին թէ Յիսո՛ւսն էր խոստացեալ Մեսիան։ Եսայի մարգարէն նախագուշակած էր, թէ անհատ մը ճամբան պիտի պատրաստէր Մեսիայի կենսական գործին համար (Եսայի 40։3)։ Այդ նախակարապետը Յովհաննէս Մկրտիչն էր։ Երբ ան Յիսուսը տեսաւ, բացագանչեց. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ»։ Յովհաննէսի աշակերտներէն ոմանք անմիջապէս հետեւեցան Յիսուսին։ Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Գտանք Մեսիան» (Յովհաննէս 1։29, 36, 41

Յաւելեալ վկայութիւն ալ եղաւ։ Երբ Յովհաննէս մկրտեց Յիսուսը, Եհովան անձնապէս երկինքէն խօսեցաւ։ Սուրբ հոգիին միջոցով ան օծեց Յիսուսը որպէս Մեսիան եւ ըսաւ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մատթէոս 3։16, 17)։ Ի վերջոյ, երկար ժամանակէ ի վեր խոստացուած Մեսիան եկա՛ծ էր։

Ասիկա ե՞րբ տեղի ունեցաւ։ Ք.Ե. 29–ին, ճիշդ այն թուականին, երբ Դանիէլի նախագուշակած 483 տարիները իրենց աւարտին հասան։ Ասիկա մաս կը կազմէ այն անհերքելի ապացոյցին, թէ Յիսուս Մեսիան կամ Քրիստոսն է։ Սակայն Յիսուս իր երկրային կեանքի ընթացքին ի՞նչ պատգամ պիտի հաղորդէր։

Աղբիւրը՝ Մատթէոս, գլուխ 1–էն 3. Մարկոս, գլուխ 1. Ղուկաս, գլուխ 2. Յովհաննէս, գլուխ 1։