Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 18

Յիսուս հրաշքներ կը գործէ

Յիսուս հրաշքներ կը գործէ

Յիսուս իր հրաշքներով ցոյց կու տայ, թէ իր իշխանութիւնը ինչպէ՛ս պիտի գործածէ որպէս Թագաւոր։

ԱՍՏՈՒԱԾ Յիսուսը լիազօրեց ընելու այնպիսի բաներ, որոնք ուրիշ մարդիկ կարող չեն ընելու։ Յիսուս բազմաթիւ հրաշքներ գործեց, յաճախ բազմութիւններու առջեւ։ Այդ հրաշքները ցոյց տուին, թէ Յիսուս իշխանութիւն ունի այն թշնամիներուն եւ խոչընդոտներուն վրայ, որոնք անկատար մարդիկ բնաւ չեն կրցած վերջնականապէս յաղթահարել։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

Անօթութիւն։ Յիսուսի առաջին հրաշքն էր՝ ջուրը ընտիր գինիի վերածել։ Ուրիշ երկու առիթներով, միայն քանի մը նկանակ հացով եւ ձուկով ան հազարաւորներ կերակրեց։ Երկու պարագաներուն ալ, բոլորին համար բաւարար ուտելիք եղաւ եւ նոյնիսկ աւելցաւ։

Հիւանդութիւն։ Յիսուս մարդոց «ամէն կերպ հիւանդութիւնները ու ամէն կերպ ցաւերը» բժշկեց (Մատթէոս 4։23)։ Ան բուժեց կոյրերը, խուլերը, բորոտները, լուսնոտները, ինչպէս նաեւ կաղերը, հաշմանդամները եւ անկարողները։ Չկար հիւանդութիւն մը որ անբուժելի էր իրեն համար։

Վտանգաւոր կլիմայ։ Երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները Գալիլիոյ ծովը կը կտրէին, մեծ փոթորիկ մը ելաւ, որմէ աշակերտները սարսափեցան։ Յիսուս պարզապէս փոթորիկին նայելով ըսաւ. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Այդ խօսքին վրայ, կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց (Մարկոս 4։37-39)։ Ուրիշ առիթով, ան փոթորկալից ծովուն վրայէն քալեց (Մատթէոս 14։24-33

Չար ոգիներ։ Չար ոգիները շա՜տ աւելի զօրաւոր են քան մարդիկը։ Շատեր չեն կրցած ձերբազատուիլ Աստուծոյ այս վայրագ թշնամիներուն ճիրաններէն։ Սակայն Յիսուս բազմիցս ազատեց դիւահարները, սաստելով չար ոգիները որ դուրս ելլեն անոնցմէ։ Ինք այդ ոգիներէն չէր վախնար։ Ճիշդ հակառակը, անո՛նք իրմէ կը վախնային՝ ճանչնալով իր իշխանութիւնը։

Մահ։ Մահը ոսոխ մըն է, որուն ոեւէ մէկը չի կրնար յաղթել, անոր համար անիկա «վերջին թշնամին» կը կոչուի (Ա. Կորնթացիս 15։26)։ Սակայն Յիսուս մեռելներ յարուցանեց։ Ան այրիացած կնոջ մը երիտասարդ զաւակը եւ սգաւոր ծնողքի մը աղջնակը կենդանացուց։ Իսկ ամէնէն աչքառու դէպքը եղաւ, երբ Յիսուս սգաւորներու բազմութեան առջեւ իր սիրելի բարեկամը՝ Ղազարոսը յարուցանեց, հակառակ որ անոր մահուան վրայ գրեթէ չորս օր անցեր էր։ Նոյնիսկ Յիսուսի մեծագոյն թշնամիները ընդունեցին թէ ան այս հրաշքը գործած էր (Յովհաննէս 11։38-48. 12։9-11

Յիսուս ինչո՞ւ այս բոլոր հրաշքները գործեց։ Իր հրաշքներէն օգտուող բոլոր մարդիկը ի վերջոյ չմահացա՞ն։ Այո՛ մահացան, բայց իր հրաշքները մնայուն օգուտներ բերին։ Ատոնք փաստեցին, թէ Մեսիական Թագաւորին իշխանութեան մասին տրուած բոլոր ուրախալի մարգարէութիւնները, իրականութեան մէջ, հիմ մը ունէին։ Հարկ չկայ կասկածելու, թէ Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը պիտի կարենայ վերացնել՝ անօթութիւնը, հիւանդութիւնը, վտանգաւոր կլիման, չար ոգիները եւ մինչեւ իսկ մահը։ Յիսուս արդէն իսկ ցոյց տուած է, թէ Աստուած իրեն զօրութիւնը տուած է այդ բոլոր բաները ընելու։

Աղբիւրը՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս Աւետարանները։