Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ 21

Յիսուս ողջ է

Յիսուս ողջ է

Յիսուս իր հետեւորդներուն կ’երեւնայ՝ իրենց ուղղութիւն տալու եւ քաջալերելու համար։

ՅԻՍՈՒՍԻ մահուան երրորդ օրը, իր աշակերտներէն կարգ մը կիներ, տեսան թէ գերեզմանին մուտքը գոցող քարը մէկ կողմ գլորուած էր։ Գերեզմանը դատա՛րկ էր։

Երկու հրեշտակներ երեւցան, որոնցմէ մէկը ըսաւ. «Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք. . . Անիկա յարութիւն առաւ» (Մարկոս 16։6)։ Կիները անմիջապէս վազեցին այս մասին առաքեալներուն տեղեկացնելու։ Ճամբուն վրայ, անոնք Յիսուսի հանդիպեցան, որ իրենց ըսաւ. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն» (Մատթէոս 28։10

Նոյն օրը, մինչ երկու աշակերտներ հետիոտն Երուսաղէմէն Էմմաւուս գիւղը կ’երթային, անծանօթ մը իրենց միացաւ եւ հարցուց թէ ինչի՛ մասին կը խօսէին։ Այդ անծանօթը, իրականութեան մէջ, յարուցանուած Յիսուսն էր, որ այնպէս մը երեւցաւ որ սկիզբը չկրցան զինք ճանչնալ։ Աշակերտները տխուր դէմքով պատասխանեցին թէ Յիսուսի մասին կը խօսէին։ Անծանօթը սկսաւ բացատրել Մեսիային վերաբերեալ Սուրբ Գրութիւններուն բոլոր ըսածները։ Արդարեւ, Յիսուս ամենայն մանրամասնութեամբ կատարած էր Մեսիական մարգարէութիւնները *։ Աշակերտները հազիւ անդրադարձան թէ անծանօթը Յիսուսն էր, որ որպէս հոգեղէն անձ յարութիւն առած էր, ան անհետացաւ։

Երկու աշակերտները անմիջապէս Երուսաղէմ վերադարձան։ Հո՛ն, անոնք առաքեալները մէկտեղ հաւաքուած գտան։ Մինչ երկու աշակերտները կը պատմէին թէ իրենց հետ ի՛նչ պատահեցաւ, Յիսուս երեւցաւ, հակառակ անոր որ դռները կղպուած էին։ Իր հետեւորդները այնքան ապշեցան, որ իրենց աչքերուն չհաւատացին։ Յիսուս հարցուց. «Ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ’ելլեն. . . Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս պէտք է Քրիստոս չարչարուէր ու երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առնէր» (Ղուկաս 24։38, 46

Իր յարութենէն ետք, Յիսուս 40 օրերու ընթացքին իր աշակերտներուն երեւցաւ տարբեր առիթներով։ Անգամ մը, ան աւելի քան 500 հոգիի երեւցաւ եւ հաւանաբար այդ ատեն, ան անոնց այս ծանրակշիռ նշանակումը տուաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք. . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատթէոս 28։19, 20

Իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ իր վերջին հանդիպման ընթացքին, Յիսուս խոստացաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք. . . մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Ապա Յիսուս երկինք համբարձաւ եւ ամպ մը ծածկեց զինք աշակերտներուն աչքերէն։

Աղբիւրը՝ Մատթէոս, գլուխ 28. Մարկոս, գլուխ 16. Ղուկաս, գլուխ 24. Յովհաննէս, գլուխ 20 եւ 21. Ա. Կորնթացիս 15։5, 6։

^ պարբ. 6 Յիսուսի վրայ կատարուած Մեսիական մարգարէութիւններէն օրինակներ կարդալու համար, տե՛ս այս գրքոյկին 14–րդ, 15–րդ եւ 16–րդ մասերը, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին «Յիսուս Քրիստոս՝ խոստացեալ Մեսիան» յաւելուածը։