Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատգամը. ընդհանուր ակնարկ

Աստուածաշունչին պատգամը. ընդհանուր ակնարկ
  1. Եհովան Ադամն ու Եւան կը ստեղծէ, եւ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը կը շնորհէ անոնց։ Սատանան Աստուծոյ անունը կ’արատաւորէ եւ անոր իշխելու իրաւունքը հարցականի տակ կը դնէ։ Ադամն ու Եւան կը միանան Սատանային ըմբոստութեան, մեղք ու մահ բերելով թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց սերունդին վրայ։

  2. Եհովան կը դատապարտէ ըմբոստները եւ կը խոստանայ որ Ազատարար մը, կամ Սերունդ մը պիտի ելլէ, որ պիտի ջախջախէ Սատանան եւ վերացնէ ըմբոստութեան ու մեղքին պատճառած բոլոր հետեւանքները։

  3. Եհովան Աբրահամին եւ Դաւիթին կը խոստանայ, որ իրենք նախահայրերը պիտի ըլլան այն Սերունդին, կամ Մեսիային, որ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։

  4. Եհովան կը ներշնչէ մարգարէները, որ նախագուշակեն թէ Մեսիան պիտի ազատագրէ մարդիկը մեղքէն ու մահէն։ Ան իր իշխանակիցներով միասին որպէս Թագաւոր պիտի իշխէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ։ Թագաւորութիւնը վերջ պիտի դնէ պատերազմին, հիւանդութեան եւ նոյնիսկ մահուան։

  5. Եհովան իր Որդին՝ Յիսուսը, երկիր կը ղրկէ եւ կը յայտնէ թէ ան Մեսիան է։ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին կը քարոզէ եւ իր կեանքը որպէս զոհ կը մատուցանէ։ Ապա Եհովան զինք կը յարուցանէ որպէս հոգեղէն անձ։

  6. Եհովան իր Որդին կը գահակալէ որպէս երկնային Թագաւոր, այս աշխարհի վերջին օրերուն սկիզբը մատնանշելով։ Յիսուս իր երկրային հետեւորդները կ’առաջնորդէ, մինչ անոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը քարոզեն համայն աշխարհի վրայ։

  7. Եհովան իր Որդին կ’ուղղէ որ Թագաւորութեան իշխանութիւնը երկրի վրայ տարածէ։ Թագաւորութիւնը կը բնաջնջէ բոլոր չար կառավարութիւնները, երկիրը դրախտի կը վերածէ եւ հաւատարիմ մարդիկը կատարելութեան կը հասցնէ։ Եհովայի իշխելու իրաւունքը կը ջատագովուի եւ իր անունը կը սրբացուի յաւիտեան։