Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը

Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը

Աստուած կ’ուզէ որ դրախտային երկրի վրայ խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ յաւիտեա՛ն ապրինք։

Սակայն, թերեւս խորհիս. ‘Արդեօք կարելի՞ է որ այսպիսի բան մը պատահի’։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս մէկը կարելի պիտի դարձնէ, եւ Աստուծոյ կամքն է որ ամէն մարդ այդ Թագաւորութեան մասին եւ մարդկութեան վերաբերեալ Իր նպատակին մասին սորվի (Սաղմոս 37։​11, 29. Եսայի 9։7

Աստուած կ’ուզէ որ մեր անձին օգուտ բերենք։

Ճիշդ ինչպէս որ բարի հայր մը իր զաւակներուն համար լաւագոյնը կը մաղթէ, մեր երկնաւոր Հայրը կը փափաքի որ յաւերժական երջանկութիւն վայելենք (Եսայի 48։​17, 18)։ Ան խոստացած է, թէ «ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. Յովհաննէս 2։17

Աստուած կ’ուզէ որ իր ճամբաներուն մէջ քալենք։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ մեր Ստեղծիչը կ’ուզէ ‘իր ճամբաները մեզի սորվեցնել’, որպէսզի իր «շաւիղներուն մէջ քալենք» (Եսայի 2։​2, 3)։ Ան ‘իր անուանը համար ժողովուրդ մը’ կազմակերպած է, որպէսզի համայն աշխարհի մէջ իր կամքը գիտցնէ (Գործք 15։14

Աստուած կ’ուզէ որ իր պաշտամունքին մէջ միանանք։

Եհովայի մաքուր պաշտամունքը ոչ թէ մարդիկը կը բաժնէ, այլ՝ հարազատ սիրով կը միացնէ (Յովհաննէս 13։35)։ Որո՞նք ներկայիս ամէն տեղ տղամարդոց եւ կիներուն կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս միութեամբ Աստուծոյ ծառայել։ Կը հրաւիրենք քեզ որ այս գրքոյկին միջոցաւ պատասխանը գտնես։