Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 2

Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներ կոչուած ենք

Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներ կոչուած ենք

Նոյ

Աբրահամ եւ Սառա

Մովսէս

Յիսուս Քրիստոս

Շատեր կը խորհին թէ Եհովայի վկաներ անունը նոր կրօնքի մը անունն է։ Սակայն, աւելի քան 2700 տարի առաջ, միակ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառաները նկարագրուեցան որպէս իր «վկաներ»ը (Եսայի 43։10-12)։ Մինչեւ 1931, ճանչցուած էինք որպէս Աստուածաշունչի Աշակերտներ։ Ուստի, ինչո՞ւ Եհովայի վկաներ անունը որդեգրեցինք։

Ատիկա մեր Աստուածը կը բնորոշէ։ Ըստ հին ձեռագիրներու, Աստուծոյ անունը՝ Եհովա, Աստուածաշունչին մէջ հազարաւոր անգամներ կը նշուի։ Բազմաթիւ թարգմանութիւններու մէջ, այս անունը փոխարինուած է Տէր կամ Աստուած տիտղոսով։ Բայց ճշմարիտ Աստուածը ինքզինք Մովսէսի յայտնած էր իր անձնական անունով՝ Եհովա, ըսելով. «Իմ անունս յաւիտեան այս է» (Ելից 3։15)։ Այս կերպով, ան ինքզինք բոլոր չաստուածներէն զատորոշեց։ Մենք Աստուծոյ սուրբ անունը կրելով կը պարծենանք։

Ատիկա մեր առաքելութիւնը կը նկարագրէ։ Վաղեմի ժամանակներուն բազմաթիւ անհատներ, սկսելով արդար Աբէլէն, Եհովայի հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին մասին վկայեցին։ Դարերու ընթացքին, Նոյ, Աբրահամ, Սառա, Մովսէս, Դաւիթ եւ ուրիշներ միացան այս «վկաներու բազմութեան» (Եբրայեցիս 11։4–12։1)։ Ճիշդ ինչպէս որ անհատ մը կրնայ դատարանին մէջ անմեղ մարդու մը ի նպաստ վկայել, մենք վճռած ենք մեր Աստուծոյն մասին ճշմարտութիւնը յայտնել։

Մենք Յիսուսը կ’ընդօրինակենք։ Աստուածաշունչը զինք կը կոչէ «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան» (Յայտնութիւն 3։14)։ Յիսուս ի՛նք ըսաւ թէ ‘Աստուծոյ անունը ճանչցուց’ եւ Աստուծոյ վերաբերեալ ‘ճշմարտութեան համար վկայեց’ (Յովհաննէս 17։26. 18։37)։ Ուստի, Քրիստոսի հարազատ հետեւորդները Եհովայի անունը պէտք է կրեն եւ զայն ճանչցնեն։ Ճիշդ ասիկա է որ Եհովայի վկաները կը ջանան ընել։

  • Աստուածաշունչի Աշակերտները ինչո՞ւ Եհովայի վկաներ անունը որդեգրեցին։

  • Որքա՞ն ժամանակէ ի վեր Եհովան երկրագունդին վրայ վկաներ ունեցած է։

  • Եհովայի մեծագոյն Վկան ո՞վ է։