Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 4

Ինչո՞ւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը արտադրած ենք

Ինչո՞ւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը արտադրած ենք

Քոնկօ (Քինշասա)

Ռուանտա

Սիմմակոսի պատառիկը՝ որ աստուածային անունը կը բովանդակէ Սաղմոս 69։31–⁠ի մէջ, Ք.Ե. երրորդ կամ չորրորդ դար

Տասնամեակներ շարունակ, Եհովայի վկաները Աստուածաշունչի տարբեր թարգմանութիւններ գործածեցին, տպեցին եւ բաշխեցին։ Սակայն, յետոյ նկատեցինք թէ կարիք կայ արտադրելու նոր թարգմանութիւն մը, որ աւելի լաւ կերպով մարդոց պիտի օգնէր ‘ճշմարտութիւնը ճանչնալու’, ինչ որ Աստուծոյ կամքն է (Ա. Տիմոթէոս 2։​3, 4)։ Այսպէս, 1950–⁠ին, սկսանք մաս առ մաս հրատարակել արդի լեզուով գրուած Աստուածաշունչը՝ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն։ Այս Աստուածաշունչը ճշգրիտ կերպով թարգմանուած է աւելի քան 130 լեզուներու *։

Դիւրահասկնալի Աստուածաշունչի մը կարիք կար։ Լեզուները ժամանակի ընթացքին կը փոխուին, եւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ կը բովանդակեն աղօտ կամ անգործածական արտայայտութիւններ, որոնք դժուարահասկնալի են։ Նաեւ, յայտնաբերուած են հին ձեռագիրներ, որոնք աւելի ճշգրիտ են ե՛ւ սկզբնական ձեռագիրներուն աւելի մօտիկ են, աստուածաշնչական եբրայերէն, արամերէն եւ յունարէն լեզուները աւելի հասկնալի դարձնելով։

Աստուծոյ պատգամին հաւատարիմ եղող թարգմանութեան մը կարիք կար։ Փոխանակ Աստուծմէ ներշնչուած գրութիւններուն հետ իրենց ազատութիւնը առնելու, Աստուածաշունչի թարգմանիչները անոր բնագիրին հաւատարիմ պէտք է մնան։ Սակայն, թարգմանութիւններուն մեծամասնութիւնը չի՛ գործածեր աստուածային անունը՝ Եհովա։

Վարկը իր Հեղինակին տուող Աստուածաշունչի մը կարիք կար (Բ. Թագաւորաց 23։2Նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ, Եհովայի անունը ետ դրուեցաւ ո՛ւր որ ամէնէն հին ձեռագիրներուն մէջ շուրջ 7000 անգամ կը նշուի, ինչպէս որ վարի օրինակը ցոյց կու տայ (Սաղմոս 83։18)։ Տարիներու ժրաջան պրպտումի արդիւնքն է՝ թէ այս Աստուածաշունչը կարդալու հաճելի է, քանի որ յստակ կերպով Աստուծոյ մտածումը կը հաղորդէ։ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–⁠ը քու լեզուովդ ունի՛ս կամ ոչ, քեզ կը քաջալերենք որ Եհովայի Խօսքը ամէն օր կարդալու լաւ սովորութիւնը ունենաս (Յեսու 1։8. Սաղմոս 1։​2, 3

  • Ինչո՞ւ որոշեցինք որ Աստուածաշունչի նոր թարգմանութեան մը կարիք կար։

  • Առօրեայ ո՞ր սովորութիւնը օգտակար է ամէն անհատի որ կ’ուզէ Աստուծոյ կամքին մասին սորվիլ։

^ պարբ. 3 Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–⁠ը տակաւին արեւմտահայերէնով լոյս չէ տեսած։ Բայց եւ այնպէս, կրնաս քու գիտցած մէկ լեզուով անկէ օգտուիլ։