Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 6

Մեր հաւատակիցներուն հետ ընկերակցիլը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտէ

Մեր հաւատակիցներուն հետ ընկերակցիլը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտէ

Մատակասքար

Նորվեկիա

Լիբանան

Իտալիա

Նոյնիսկ եթէ ստիպուած ենք խիտ անտառի մը մէջէն քալել կամ օդը աննպաստ է, կանոնաւորապէս մեր ժողովներուն ներկայ կը գտնուինք։ Հակառակ կեանքի մարտահրաւէրներուն եւ աշխատանքի յոգնութեան, Եհովայի վկաները ինչո՞ւ այսպիսի ջանք կը թափեն իրենց հաւատակիցներուն հետ ընկերակցելու համար։

Մեր բարօրութեան համար լաւ է։ Խօսելով անոնց մասին՝ որոնց հետ ժողովքէն ներս կ’ընկերակցինք, Պօղոս առաքեալ գրեց. ‘Իրարու հոգ տարէք’ (Եբրայեցիս 10։24)։ Այս արտայայտութիւնը կը նշանակէ «ուշադրութեամբ մտածել», այսինքն՝ զիրար ճանչնալ։ Ուստի, առաքեալին խօսքերը մեզ կը քաջալերեն, որ ուրիշներով հետաքրքրուինք։ Ուրիշ քրիստոնէական ընտանիքներ ճանչնալով, կը նկատենք թէ ոմանք մեր դիմագրաւած համանման մարտահրաւէրներու հետ գլուխ ելած են եւ կրնան մեզի օգնել որ մենք ալ յաջողինք։

Մնայուն բարեկամութիւններ կը հաստատէ։ Մեր ժողովներուն մէջ, մէկտեղ կը հաւաքուինք ոչ թէ ծանօթներու հետ, այլ՝ սերտ բարեկամներու խումբի մը հետ։ Ուրիշ առիթներով, միասնաբար թարմացուցիչ զբօսանք կը վայելենք։ Այսպիսի ընկերակցութիւններ ի՞նչ օգտակար ազդեցութիւն ունին։ Կը սորվինք մէկզմէկ աւելի գնահատել, ինչ որ մեր սիրոյ կապերը կ’ամրացնէ։ Ապա, երբ մեր եղբայրներն ու քոյրերը խնդիրներ դիմագրաւեն, յօժարութեամբ անոնց կ’օգնենք, քանի որ զօրաւոր բարեկամութիւններ հաստատուած են (Առակաց 17։17)։ Մեր ժողովքի բոլո՛ր անդամներուն հետ ընկերակցելով, ցոյց կու տանք թէ ‘միեւնոյն խնամքը ունինք իրարու վրայ’ (Ա. Կորնթացիս 12։25, 26

Կը քաջալերենք քեզ որ որպէս բարեկամ ընտրես Աստուծոյ կամքը ընողները։ Այսպիսի բարեկամներ Եհովայի վկաներուն մէջ պիտի գտնես։ Թոյլ մի՛ տար որեւէ բանի որ քեզ ետ պահէ մեզի հետ ընկերակցելէ։

  • Ինչո՞ւ մեզի օգտակար է ժողովներուն մէջ իրարու հետ ընկերակցիլ։

  • Ե՞րբ կը փափաքիս մեր ժողովքին ծանօթանալ։