Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 7

Մեր ժողովները ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենան

Մեր ժողովները ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենան

Նոր Զելանտա

Ճափոն

Ուկանտա

Լիթվանիա

Նախկին քրիստոնէական ժողովներուն գլխաւորաբար մաս կը կազմէին երգեցողութիւնները, աղօթքները եւ Սուրբ Գրութիւնները կարդալն ու քննարկելը,– առանց որեւէ ծէսի (Ա. Կորնթացիս 14։26)։ Շատ նման բան մը կրնաս ակնկալել մեր ժողովներուն մէջ։

Ցուցմունքները Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած են եւ գործնական են։ Շաբաթավերջին, իւրաքանչիւր ժողովք կը հաւաքուի ունկնդրելու համար 30 վայրկեան տեւող աստուածաշնչական դասախօսութիւն մը, որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս Սուրբ Գրութիւնները կապ ունին մեր կեանքին եւ մեր ապրած ժամանակներուն հետ։ Բոլորիս քաջալերութիւն կը տրուի, որ մեր անձնական Աստուածաշունչը բանանք ու հետեւինք։ Դասախօսութենէն ետք, ունինք մէկ ժամ տեւող «Դիտարան»–⁠ի ուսումնասիրութիւն, ուր ներկաները Դիտարան–⁠ի ուսումնասիրական հրատարակութեան մէկ յօդուածին քննարկութեան կը մասնակցին։ Այս քննարկութիւնը մեզի կ’օգնէ Աստուածաշունչի ուղղութիւնը կիրարկելու մեր կեանքին մէջ։ Աշխարհի տարածքին աւելի քան 110,000 ժողովքներէն իւրաքանչիւրը նոյն նիւթը կ’ուսումնասիրէ։

Օգնութիւն կը ստանանք մեր սորվեցնելու հմտութիւնները բարելաւելու։ Նաեւ, միջշաբաթային երեկոյ մը մէկտեղ կը հաւաքուինք, վայելելու համար երեք մասերէ բաղկացած յայտագիր մը՝ Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը, որ հիմնուած է՝ այդ անունով ամէն ամիս լոյս տեսնող ժողովի տետր–ին նիւթերուն վրայ։ Այս ժողովին առաջին մասը՝ Աստուծոյ Խօսքէն գանձեր, մեզի կ’օգնէ որ ընտելանանք Աստուածաշունչի հատուածի մը, որ ժողովքը կանխաւ կարդացած կ’ըլլայ։ Յետոյ, Դաշտի ծառայութեան մէջ ժրաջան եղիր մասը կը պարփակէ ցուցադրութիւններ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ուրիշներուն հետ Աստուածաշունչէն խօսիլ։ Խրատատու մը դիտողութիւններ կու տայ, որպէսզի կարդալու եւ խօսելու մեր հմտութիւնները զարգացնենք (Ա. Տիմոթէոս 4։13)։ Իսկ վերջին մասին՝ Քրիստոնէավայել ապրելակերպ–ին մէջ, կը սորվինք թէ ինչպէ՛ս կրնանք աստուածաշնչական սկզբունքները մեր առօրեայ կեանքին մէջ կիրարկել։ Ասիկա կը պարփակէ հարց–պատասխանով քննարկութիւններ, որոնք Աստուածաշունչի մեր հասկացողութիւնը կը խորացնեն։

Երբ մեր ժողովներուն ներկայ գտնուիս, տրուած աստուածաշնչական դաստիարակութեան որակով անկասկած պիտի տպաւորուիս (Եսայի 54։13

  • Եհովայի վկաներու ժողովներուն մէջ ի՞նչ կրնաս ակնկալել լսել։

  • Մեր ո՞ր ժողովին կը փափաքիս ներկայ գտնուիլ։