Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 10

Ի՞նչ է ընտանեկան պաշտամունքը

Ի՞նչ է ընտանեկան պաշտամունքը

Հարաւային Քորէա

Պրազիլ

Աւստրալիա

Կուինիա

Վաղեմի ժամանակներէն ի վեր, Եհովան ուզած է որ իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամներ միասին ժամանակ անցընեն, իրենց հոգեւորութիւնը ամրացնելու եւ իրենց փոխյարաբերութիւնը զօրացնելու համար (Բ. Օրինաց 6։​6, 7)։ Անոր համար է որ Եհովայի վկաները ամէն շաբաթ ժամանակ կը տրամադրեն, որպէսզի ընտանիքի անդամները միասնաբար պաշտամունք մատուցանեն,– հանդարտ միջավայրի մէջ քննարկելով իրենց կարիքներուն յարմար եղող հոգեւոր նիւթեր։ Նոյնիսկ եթէ առանձին կ’ապրիս, կրնաս լաւ ժամանակ անցընել Աստուծոյ հետ, ընտրելով ուսումնասիրել աստուածաշնչական նիւթ մը՝ որ քեզ կը հետաքրքրէ։

Անիկա Եհովային աւելի՛ մօտենալու ժամանակ է։ «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։ Եհովան աւելի լաւ կը ճանչնանք, երբ իր գրաւոր Խօսքին ընդմէջէն՝ իր անձնաւորութեան եւ արարքներուն մասին մանրամասնութիւններ կը սորվինք։ Ընտանեկան պաշտամունքը սկսելու դիւրին կերպ մըն է՝ ժամանակին մէկ մասը տրամադրել Աստուածաշունչը միասնաբար բարձրաձայն կարդալու,– թերեւս հետեւելով «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովին յայտագրին։ Ընթերցանութենէն մաս մը կրնայ նշանակուիլ իւրաքանչիւր անդամի, եւ ապա բոլորը կրնան քննարկել թէ Սուրբ Գրութիւններէն ի՛նչ սորվեցան։

Անիկա իրարու աւելի՛ մօտենալու ժամանակ է։ Ամուսիններ եւ կիներ, ինչպէս նաեւ ծնողներ եւ զաւակներ, իրենց կապերը կ’ամրացնեն, երբ Աստուածաշունչը ընտանեօք կ’ուսումնասիրեն։ Անիկա պէտք է ուրախ եւ խաղաղ ժամանակ մը ըլլայ, որուն ընտանիքի անդամները ամէն շաբաթ անձկագին կը սպասեն։ Իրենց զաւակներուն տարիքին համաձայն, ծնողներ կրնան քննարկուելիք գործնական նիւթեր ընտրել, թերեւս գործածելով յօդուածներ Դիտարան–⁠էն եւ Զարթի՛ր–⁠էն կամ մեր կայքէն՝ jw.org։ Կրնաս խօսիլ խնդրի մը մասին, որ զաւակներդ դպրոցին մէջ դիմագրաւեցին, եւ բացատրել ատոր լուծումը։ Կրնաս JW Հեռատեսիլի կայանէն (tv.pr418.com) դիտել յայտագիր մը եւ ապա զայն միասնաբար քննարկել։ Ժողովներուն մէջ երգեցուելիք երգերը կրնաք փորձ ընել, իսկ ընտանեկան պաշտամունքէն ետք կրնաք զանազան կերպերով թարմանալ։

Իւրաքանչիւր շաբաթ Եհովան միասնաբար պաշտելու տրամադրուած այս մասնայատուկ ժամանակը, ընտանիքի բոլոր անդամներուն պիտի օգնէ որ Աստուծոյ Խօսքէն հաճոյք առնեն, եւ ան առատապէս ձեր ջանքերը պիտի օրհնէ (Սաղմոս 1։​1-3

  • Ինչո՞ւ ժամանակ կը տրամադրենք ընտանեկան պաշտամունքի համար։

  • Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան այս առիթը հաճոյալի դարձնել ընտանիքի բոլոր անդամներուն։