Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 13

Ի՞նչ կը նշանակէ ռահվիրայ

Ի՞նչ կը նշանակէ ռահվիրայ

Քանատա

Տունէ տուն

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն

Անձնական ուսումնասիրութիւն

«Ռահվիրայ» բառը յաճախ կ’ակնարկէ անոնց՝ որոնք նոր շրջաններ կը հետախուզեն եւ ուրիշներուն առջեւ ճամբան կը հարթեն։ Յիսուս ձեւով մը ռահվիրայ էր, քանի որ երկիր եկաւ կենսատու ծառայութիւն մը կատարելու եւ փրկութեան ճամբան հարթելու (Մատթէոս 20։28)։ Ներկայիս, իր հետեւորդները զինք կ’ընդօրինակեն, կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ տրամադրելով ‘աշակերտելու’ գործին (Մատթէոս 28։19, 20)։ Շատեր կրցած են մասնակցիլ այն բանին, որ կը կոչենք՝ ռահվիրայական ծառայութիւն։

Ռահվիրան լիաժամ աւետարանիչ է։ Բոլոր Եհովայի վկաները բարի լուրի քարոզիչներ են։ Բայց ոմանք իրենց կեանքը կազմակերպած են, որպէսզի իբրեւ կանոնաւոր ռահվիրաներ ծառայեն, ամէն ամիս 70 ժամ տրամադրելով քարոզչութեան։ Ասիկա ընելու համար, շատեր մասնաժամով կ’աշխատին։ Ուրիշներ ընտրուած են որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ ծառայելու շրջաններու մէջ, ուր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու աւելի մեծ կարիք կայ, ամէն ամիս ծառայութեան տրամադրելով 130 ժամ կամ աւելի։ Ռահվիրաները գոհունակ են համեստ կենցաղակերպ մը վարելով, վստահ ըլլալով որ Եհովան կեանքի անհրաժեշտութիւնները իրենց պիտի հայթայթէ (Մատթէոս 6։31-33. Ա. Տիմոթէոս 6։6-8)։ Անոնք՝ որոնք չեն կրնար լիաժամ կերպով ռահվիրայութիւն ընել, կրնան օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալ,– երբ ի վիճակի են,– ամիսը 30 կամ 50 ժամ ծառայելով։

Ռահվիրային շարժառիթն է՝ Աստուծոյ եւ մարդոց հանդէպ սէրը։ Յիսուսի նման, ներկայիս կը նշմարենք շատերու յուսահատ հոգեւոր վիճակը (Մարկոս 6։34)։ Բայց ունինք գիտելիքներ, որոնք կրնան անոնց օգնել՝ ապագային համար հաստատ յոյս մը տալով։ Ընկերին հանդէպ սէրը ռահվիրան կը մղէ, որ առատապէս իր ժամանակն ու կորովը տրամադրէ, ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելու համար (Մատթէոս 22։39. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8)։ Առ ի արդիւնք, ռահվիրայի՛ն հաւատքը կը զօրանայ, Աստուծոյ աւելի կը մօտենայ եւ շա՜տ ուրախութիւններ կը վայելէ (Գործք 20։35

  • Ինչպէ՞ս կը նկարագրես ռահվիրան։

  • Ի՞նչ բան շատերը կը մղէ որ ռահվիրայութեան ձեռնարկեն։