Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 19

Ո՞վ է հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան

Ո՞վ է հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան

Մեր հոգեւոր սնունդէն բոլորս կ’օգտուինք

Իր մահէն քիչ առաջ, Յիսուս անձնական խօսակցութիւն ունեցաւ չորս աշակերտներու հետ,– Պետրոս, Յակոբոս, Յովհաննէս եւ Անդրէաս։ Մինչ Յիսուս վերջին օրերուն իր ներկայութեան նշանը կը կանխագուշակէր, կարեւոր հարցում մը ուղղեց. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ» (Մատթէոս 24։3, 45. Մարկոս 13։3, 4)։ Յիսուս իր աշակերտները կը հաւաստիացնէր, թէ որպէս իրենց «տէրը», պիտի նշանակէր անհատներ՝ որոնք վերջին ժամանակին ընթացքին իր հետեւորդներուն անդադար հոգեւոր սնունդ պիտի հայթայթէին։ Որո՞նք պիտի կազմէին այս ծառան։

Ան Յիսուսի օծեալ հետեւորդներէ բաղկացած խմբակ մըն է։ «Ծառան» բնորոշուած է որպէս Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը։ Ան ժամանակայարմար հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ Եհովայի երկրպագուներուն։ Մենք կախեալ ենք այս հաւատարիմ ծառայէն, որ շարունակենք ‘ատենին մեր ուտելիքը’ ստանալ (Ղուկաս 12։42

Ան Աստուծոյ տան հոգ կը տանի (Ա. Տիմոթէոս 3։15)։ Յիսուս ծառային հսկայ պատասխանատուութիւն տուաւ. Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասի գործունէութեան վրայ վերահսկել,– նիւթական ստացուածքներուն հոգ տանիլ, քարոզչութիւնը առաջնորդել եւ ժողովքներուն միջոցաւ մեզի սորվեցնել։ Այսպէս, մեզի պէտք եղածը ատենին հայթայթելու համար, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» հոգեւոր սնունդ կը բաշխէ հրատարակութիւններու միջոցաւ, որոնք մեր ծառայութեան մէջ կը գործածենք, ինչպէս նաեւ յայտագիրներու միջոցաւ, որոնք մեր ժողովներուն եւ համաժողովներուն մէջ կը ներկայացուին։

Ծառան Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն եւ բարի լուրը քարոզելու իր յանձնարարութեան հաւատարիմ կը մնայ, եւ Քրիստոսի երկրային շահերը իմաստուն կերպով կը հոգայ (Գործք 10։42)։ Եհովան անոր գործունէութիւնը կ’օրհնէ՝ երկրպագուներուն թիւը աւելցնելով եւ ճոխ հոգեւոր կարգադրութիւններ ընելով (Եսայի 60։22. 65։13

  • Յիսուս ո՞վ նշանակեց իր աշակերտները հոգեւորապէս կերակրելու համար։

  • Ծառան ի՞նչ կերպերով հաւատարիմ ու իմաստուն է։