Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 20

Ներկայիս Կառավարիչ մարմինը ինչպէ՞ս կը գործէ

Ներկայիս Կառավարիչ մարմինը ինչպէ՞ս կը գործէ

Առաջին դարու կառավարիչ մարմինը

Կառավարիչ մարմինի նամակը կարդալ

Առաջին դարուն, պզտիկ խումբ մը՝ ‘առաքեալները եւ երէցները Երուսաղէմի մէջ’, ծառայեց իբրեւ կառավարիչ մարմին, որպէսզի ամբողջ օծեալ քրիստոնէական ժողովքին ի նպաստ կարեւոր որոշումներ կայացնէ (Գործք 15։2)։ Սուրբ Գրութիւնները քննարկելով ե՛ւ Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութեան հետեւելով, անոնք միաբանութեամբ որոշում կը կայացնէին (Գործք 15։25)։ Ներկայիս, նոյն մեթոտը ի գործ կը դրուի։

Աստուած զայն կը գործածէ իր կամքը կատարելու համար։ Օծեալ եղբայրները, որոնք Կառավարիչ մարմինի անդամներ են, Աստուծոյ Խօսքով խորապէս հետաքրքրուած են եւ գործնական ու հոգեւոր հարցեր ձեռք առնելու մէջ շատ փորձառութիւն ունին։ Իւրաքանչիւր շաբաթ անոնք կը հաւաքուին, աշխարհածաւալ եղբայրութեան կարիքները նկատի առնելու համար։ Ինչպէս որ էր պարագան առաջին դարուն, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ցուցմունքները կը տրուին կա՛մ նամակներու միջոցաւ եւ կամ շրջագայող տեսուչներու եւ ուրիշներու միջոցաւ։ Ասիկա Աստուծոյ ժողովուրդին կ’օգնէ որ համերաշխաբար մտածեն ու գործեն (Գործք 16։4, 5)։ Կառավարիչ մարմինը կը վերահսկէ հոգեւոր սնունդի պատրաստութեան վրայ, քարոզչութեան թափ կու տայ եւ պատասխանատու դիրքերու վրայ եղբայրներ կը նշանակէ։

Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութեան կ’ընդառաջէ։ Առաջնորդութեան համար, Կառավարիչ մարմինը կը դիմէ տիեզերքի Գերիշխանին՝ Եհովային, եւ ժողովքի Գլուխին՝ Յիսուսին (Ա. Կորնթացիս 11։3. Եփեսացիս 5։23)։ Ատոր անդամները իրենք զիրենք Աստուծոյ ժողովուրդին առաջնորդներ չեն նկատեր։ Անոնք, միւս բոլոր օծեալ քրիստոնեաներուն հետ, «Գառնուկին [Յիսուս] ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ» (Յայտնութիւն 14։4)։ Կառավարիչ մարմինը կը գնահատէ իրեն ի նպաստ մեր մատուցած աղօթքները։

  • Որո՞նք կազմեցին առաջին դարու կառավարիչ մարմինը։

  • Ներկայիս, Կառավարիչ մարմինը ինչպէ՞ս Աստուծոյ առաջնորդութիւնը կը փնտռէ։