Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 21

Ի՞նչ է Բեթէլը

Ի՞նչ է Բեթէլը

Գեղարուեստական բաժանմունք, ԱՄՆ

Գերմանիա

Քենիա

Քոլոմպիա

Բեթէլ եբրայերէն անուն մըն է, որ կը նշանակէ «Աստուծոյ տունը» (Ծննդոց 28։17, 19)։ Անիկա պատշաճ նկարագրութիւն մըն է այն համալիրներուն, որոնք Եհովայի վկաները աշխարհի տարածքին հաստատած են, ուրկէ քարոզչութիւնը կ’առաջնորդուի եւ կ’օժանդակուի։ Կառավարիչ մարմինը կը ծառայէ գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ, որ կը գտնուի Նիւ Եորք նահանգը (ԱՄՆ), ուրկէ կը վերահսկէ բազմաթիւ երկիրներու մէջ գտնուող մասնաճիւղերուն աշխատանքին վրայ։ Այս համալիրներուն մէջ ծառայողները ճանչցուած են որպէս՝ Բեթէլի ընտանիք։ Ընտանիքի մը նման, անոնք միասնաբար կ’ապրին ու կ’աշխատին, միասնաբար կը ճաշեն, եւ միասնաբար Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն (Սաղմոս 133։1

Յատուկ վայր մը՝ ուր Բեթէլի ընտանիքը անձնազոհութեամբ կ’աշխատի։ Իւրաքանչիւր Բեթէլի մէջ, քրիստոնեայ տղամարդիկն ու կիները նուիրուած են Աստուծոյ կամքը կատարելու եւ լիաժամ կերպով Թագաւորութեան շահերուն ծառայելու (Մատթէոս 6։33)։ Անոնցմէ ո՛չ ոք աշխատավարձ կամ ամսական կ’առնէ, այլ՝ բոլորին կը տրուին սենեակ, ուտելիք եւ որոշ գումար մը, իրենց անձնական ծախսերը հոգալու համար։ Բեթէլի մէջ իւրաքանչիւր անհատ նշանակում մը ունի,– ոմանք գրասենեակը, խոհանոցը կամ ճաշասրահը. ոմանք կը ծառայեն տպարանին կամ կազմատան մէջ, իսկ ուրիշներ տնտեսութիւն, լուացք, նորոգութիւններ կամ այլ բաներ կ’ընեն։

Բազմազբաղ վայր մը՝ որ Թագաւորութեան քարոզչութեան կ’աջակցի։ Իւրաքանչիւր Բեթէլի գլխաւոր նպատակն է՝ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը կարելի եղածին չափ շատ մարդոց մատչելի դարձնել։ Այս գրքոյկը օրինակ մըն է։ Անիկա Կառավարիչ մարմինին վերատեսչութեան ներքեւ գրուեցաւ, ելեկտրոնային ձեւով փոխանցուեցաւ աշխարհի տարածքին գտնուող հարիւրաւոր թարգմանչական խումբերու, զանազան Բեթէլներու արագընթաց տպագրամեքենաներով տպուեցաւ, եւ աւելի քան 110,000 ժողովքներու ուղարկուեցաւ։ Այս գործընթացին իւրաքանչիւր հանգրուանին, Բեթէլի ընտանիքները կը հայթայթեն կենսական աջակցութիւն ամէնէն հրատապ աշխատանքին՝ բարի լուրի քարոզչութեան (Մարկոս 13։10

  • Որո՞նք Բեթէլի մէջ կը ծառայեն, եւ անոնց համար ի՞նչ կարգադրութիւններ եղած են։

  • Իւրաքանչիւր Բեթէլի գործունէութիւնը ո՞ր հրատապ աշխատանքին կ’աջակցի։