Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 22

Մասնաճիւղին մէջ ի՞նչ աշխատանք կը տարուի

Մասնաճիւղին մէջ ի՞նչ աշխատանք կը տարուի

Սողոմոնի Կղզիներ

Քանատա

Հարաւային Ափրիկէ

Բեթէլի ընտանիքի անդամները զանազան բաժանմունքներու մէջ կը ծառայեն, մէկ կամ քանի մը երկիրներու մէջ կատարուած քարոզչութեան հոգ տանելով։ Անոնց աշխատանքը կրնայ ըլլալ. թարգմանութեան մասնակցիլ, պարբերաթերթեր տպել, գիրքեր կազմել, հրատարակութիւնները մթերել, ձայնագրութիւն/տեսաերիզ արտադրել, կամ շրջանին վերաբերեալ որոշ հարցերու հոգ տանիլ։

Մասնաճիւղի յանձնախումբը կը վերահսկէ գործունէութեան վրայ։ Կառավարիչ մարմինը իւրաքանչիւր մասնաճիւղի վերատեսչութիւնը կը յանձնէ Մասնաճիւղի յանձնախումբի մը, որ երեք կամ աւելի փորձառու եւ որակեալ երէցներէ կազմուած կ’ըլլայ։ Մասնաճիւղի յանձնախումբը Կառավարիչ մարմինը տեղեակ կը պահէ իր հովանաւորութեան տակ եղող իւրաքանչիւր երկրի մէջ տարուած գործունէութեան յառաջդիմութեան եւ ծագած խնդիրներուն։ Այսպիսի տեղեկագրութիւններ կ’օգնեն Կառավարիչ մարմինին, որ որոշէ թէ ի՛նչ նիւթեր պէտք է նկատի առնուին ապագայ հրատարակութիւններուն, ժողովներուն եւ համաժողովներուն մէջ։ Կառավարիչ մարմինի ներկայացուցիչները կանոնաւորաբար մասնաճիւղերը կ’այցելեն եւ յանձնախումբերուն ցուցմունքներ կու տան՝ իրենց նշանակումները ինչպէ՛ս ձեռք առնելու առնչութեամբ (Առակաց 11։14)։ Մասնաւոր յայտագիր մը, ներառեալ՝ կեդրոնատեղիի ներկայացուցիչին կողմէ դասախօսութիւն մը, կը կարգադրուի քաջալերելու համար մասնաճիւղի թաղամասին մէջ գտնուողները։

Տեղական ժողովքներու աջակցութիւն կը տրուի։ Մասնաճիւղի պատասխանատու եղբայրները նոր ժողովքներ կազմելը կը վաւերացնեն ու մասնաճիւղի թաղամասին մէջ ծառայող ռահվիրաներուն, միսիոնարներուն եւ շրջանային տեսուչներուն գործունէութիւնը կ’ուղղեն։ Անոնք համաժողովները կը կազմակերպեն, նոր Թագաւորութեան սրահներու շինարարութիւնը կը համակարգեն եւ ժողովքներուն հարկ եղած հրատարակութիւնները կ’ուղարկեն։ Մասնաճիւղին ամէն գործունէութիւնը կը նպաստէ, որ քարոզչութիւնը կարգապահ կերպով կատարուի (Ա. Կորնթացիս 14։33, 40

  • Մասնաճիւղի յանձնախումբը ինչպէ՞ս Կառավարիչ մարմինին կ’օգնէ։

  • Մասնաճիւղը ի՞նչ պատասխանատուութիւններու հոգ կը տանի։