Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 26

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր Թագաւորութեան սրահը լաւ վիճակի մէջ պահել

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր Թագաւորութեան սրահը լաւ վիճակի մէջ պահել

Էսթոնիա

Զիմպապուէ

Մոնկոլիա

Բորթօ Ռիքօ

Եհովայի վկաներու իւրաքանչիւր Թագաւորութեան սրահ Աստուծոյ սուրբ անունը կը կրէ։ Հետեւաբար կը զգանք թէ սրահը մաքուր, ներկայանալի եւ նորոգուած վիճակի մէջ պահելը առանձնաշնորհում մըն է եւ մեր սրբազան պաշտամունքին՝ կարեւոր մէկ մասը։ Բոլո՛րն ալ կրնան բաժին բերել։

Ժողովէն ետք կամաւորաբար մաքրութեան մասնակցէ։ Իւրաքանչիւր ժողովէ ետք, եղբայրներն ու քոյրերը ուրախութեամբ թեթեւ մաքրութիւն կ’ընեն, Թագաւորութեան սրահը կոկիկ դարձնելու համար։ Շաբաթը անգամ մը, աւելի ընդարձակ մաքրութիւն կը կատարուի։ Երէց մը կամ օգնական ծառայ մը աշխատանքը կը համակարգէ, սովորաբար՝ ընելիք բաներու ստուգացանկի մը հետեւելով։ Կարիքին համաձայն, կամաւորները գետինը կ’աւլեն, կը սրբեն, փոշեծծիչով փոշիները կ’առնեն, աթոռները կը շտկեն, լուացարանները կը մաքրեն ու կը հականեխեն, պատուհաններն ու հայելիները կը սրբեն, աղբերը կը թափեն եւ սրահին մուտքը կը մաքրեն։ Առնուազն տարին անգամ մը, օր մը կը յատկացուի ընդհանուր մաքրութեան համար։ Կարգ մը պարտականութիւններու մէջ մեր զաւակները պարփակելով, անոնց կը սորվեցնենք մեր պաշտամունքի վայրը յարգել (Ժողովող 5։1

Հարկ եղած նորոգութիւնները ընելու համար ձեռք տուր։ Ամէն տարի, Թագաւորութեան սրահը ներսէն ու դուրսէն կը զննուի. արդիւնքին հիման վրայ նորոգութեան աշխատանքներ կը տարուին, սրահը լաւ վիճակի մէջ պահելու եւ անհարկի ծախսերէ խուսափելու համար (Բ. Մնացորդաց 24։13. 34։10)։ Մաքուր եւ լաւ վիճակի մէջ պահուած Թագաւորութեան սրահը, Աստուած պաշտելու պատշաճ վայր է։ Այս աշխատանքին մէջ բաժին բերելով, ցոյց կու տանք թէ որքա՜ն կը սիրենք Եհովան եւ կ’արժեւորենք մեր պաշտամունքի վայրը (Սաղմոս 122։1)։ Ասիկա նաեւ համայնքին մէջ նպաստաւոր տպաւորութիւն կը ստեղծէ (Բ. Կորնթացիս 6։3

  • Մեր պաշտամունքի վայրը ինչո՞ւ պէտք չէ անտեսենք։

  • Ի՞նչ կարգադրութիւններ Թագաւորութեան սրահը մաքուր կը պահեն։