Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 27

Ինչպէ՞ս կրնանք Թագաւորութեան սրահի գրադարանէն օգտուիլ

Ինչպէ՞ս կրնանք Թագաւորութեան սրահի գրադարանէն օգտուիլ

Իսրայէլ

Չեխիա

Պենին

Գայմանի Կղզիներ

Կը փափաքի՞ս փնտռտուքներ ընել, Աստուածաշունչի մասին գիտութիւնդ աւելցնելու համար։ Արդեօք մասնայատուկ համար մը կամ Աստուածաշունչին մէջ նշուած անհատ մը, վայր մը կամ բան մը հետաքրքրութիւնդ շարժա՞ծ է։ Կամ, հարց տուա՞ծ ես թէ արդեօք Աստուծոյ Խօսքը կրնա՛յ քեզի օգնել՝ անձնական մտահոգութեան մը շուրջ ցուցմունքներ տալով։ Ուրեմն, Թագաւորութեան սրահի գրադարանը գործածէ։

Փնտռտուքի օգտակար միջոցներ կը հայթայթէ։ Հաւանաբար չունիս Եհովայի վկաներու բոլոր աստուածաշնչական հրատարակութիւնները, որոնք քու լեզուովդ մատչելի են։ Սակայն, Թագաւորութեան սրահի գրադարանը վերջին հրատարակութիւններուն մեծամասնութիւնը կը պարունակէ։ Անիկա նաեւ կրնայ ունենալ Աստուածաշունչի տարբեր թարգմանութիւններ, գործնական բառարան եւ այլ օգտակար աշխատասիրութիւններ։ Ժողովներէն առաջ եւ վերջ, գրադարանը գործածելու ազատ ես։ Եթէ համակարգիչ մը մատչելի է, թերեւս Դիտարանի գրադարան–⁠ը տեղադրուած ըլլայ։ Ատիկա ելեկտրոնային ծրագիր մըն է, որ մեր հրատարակութիւններուն մեծ մասը կը բովանդակէ եւ դիւրաւ գործածուելիք որոնումի միջոց ունի, որով կրնաս նիւթ մը, բառ մը կամ համար մը փնտռել։

«Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի աշակերտներուն համար գործնական է։ Եթէ այս դպրոցին մէջ արձանագրուած ես, կրնաս Թագաւորութեան սրահի գրադարանը օգտագործել, երբ ելոյթներդ կը պատրաստես։ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տեսուչը գրադարանին պատասխանատուն է։ Ան հոգ կը տանի որ նոր հրատարակութիւնները մատչելի ըլլան եւ ամէն բան լաւ դասաւորուած ըլլայ։ Ան կամ Աստուածաշունչի ուսուցիչդ կրնայ քեզի ցոյց տալ ինչպէ՛ս հարկ եղած տեղեկութիւնները գտնել։ Սակայն, որեւէ գիրք Թագաւորութեան սրահէն դուրս պէտք չէ հանուի։ Եւ անշուշտ, գիրքերը ուշադրութեամբ պէտք է գործածել եւ անոնց մէջ ո՛չ մէկ բան գրել։

Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ «Աստուծոյ գիտութիւնը» գտնելու համար, պէտք է զայն «ծածուկ գանձերու պէս» փնտռենք (Առակաց 2։​1-5)։ Թագաւորութեան սրահի գրադարանը կրնայ քեզի օգնել որ որոնումդ սկսիս։

  • Թագաւորութեան սրահի գրադարանին մէջ փնտռտուքի ի՞նչ միջոցներ մատչելի են։

  • Որո՞նք կրնան քեզի օգնել որ գրադարանէն լիովին օգտուիս։