Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 28

Ի՞նչ կարելի է գտնել մեր կայքին վրայ

Ի՞նչ կարելի է գտնել մեր կայքին վրայ

Ֆրանսա

Լեհաստան

Ռուսաստան

Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է» (Մատթէոս 5։16)։ Ասիկա իրագործելու համար, կ’օգտագործենք արդի արուեստագիտութիւնը, ներառեալ՝ համացանցը։ Մեր կայքը՝ jw.org, Եհովայի վկաներու հաւատալիքներուն եւ գործունէութիւններուն մասին պաշտօնական աղբիւրն է։ Ատիկա ի՞նչ կ’ընդգրկէ։

Սովորաբար ուղղուած հարցումներու Աստուածաշունչի պատասխանը։ Մարդոց ուղղած ամէնէն կարեւոր կարգ մը հարցումներուն պատասխանները կրնաս գտնել։ Օրինակ, Տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞ եւ Իրապէս կարելի՞ է որ մեռելները դարձեալ ապրին թերթիկները առցանց մատչելի են աւելի քան 600 լեզուներով։ Կրնաս նաեւ գտնել Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–⁠ը աւելի քան 130 լեզուներով եւ Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող հրատարակութիւններ, ներառեալ՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը եւ Դիտարան–⁠ի ու Զարթի՛ր–⁠ի ընթացիկ թիւերը։ Այս հրատարակութիւններէն շատերը կրնաս առցանց կարդալ կամ մտիկ ընել, եւ կամ բեռնել տարբեր ձեւաչափերով, ինչպէս՝ MP3, PDF կամ EPUB։ Կրնաս նոյնիսկ հետաքրքրուած անհատի մը լեզուով քանի մը էջ տպել ու տեղեկութիւնները անոր հետ բաժնել։ Նշանային լեզուներով որպէս տեսաերիզ պատրաստուած հրատարակութիւններ մատչելի են։ Կրնաս բեռնել ու ազատ պահերուդ մտիկ ընել Աստուածաշունչի թատերական ընթերցանութիւններ, աստուածաշնչական թատերախաղեր եւ հաճելի երաժշտութիւն։

Եհովայի վկաներուն մասին ընթացիկ տեղեկութիւններ։ Նաեւ, կայքը կը ներկայացնէ մեր համաշխարհային գործին մասին վերջին լուրեր ու տեսաերիզներ, Եհովայի վկաներուն ազդող միջադէպեր եւ աղէտահարներու օժանդակութիւն հասցնելու մեր աշխատանքները։ Կրնաս գալիք համաժողովներուն մասին տեղեկանալ եւ մեր մասնաճիւղերուն հասցէները տեսնել։

Այս միջոցներով, ճշմարտութեան լոյսը կը սփռենք մինչեւ երկրագունդին ծայրերը։ Բոլոր ցամաքամասերուն մէջ, նո՛յնիսկ Անթարքթիքայի մէջ, մարդիկ կ’օգտուին։ Կ’աղօթենք որ «Տէրոջը խօսքը յառաջանայ» մինչեւ երկրին չորս կողմը, ի փառս Աստուծոյ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։1

  • Ինչպէ՞ս jw.org կայքը բազմաթիւ մարդոց կ’օգնէ աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը սորվելու։

  • Մեր կայքին վրայ ի՞նչ բան կը փափաքիս հետազօտել։