Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՔՍԱՆՄԷԿ

Ան պայքարեցաւ վախի եւ կասկածի դէմ

Ան պայքարեցաւ վախի եւ կասկածի դէմ

1-3. ա) Պետրոս ցերեկը ի՞նչ իրադարձութեան ականատես եղած էր։ բ) Գիշերուան ընթացքին, Պետրոս ինչպիսի՞ վիճակներէ անցաւ։

ՊԵՏՐՈՍ ամբողջ ուժով կը ջանայ թիավարել Գալիլիոյ ծովուն մէջ։ Գիշերուան խաւարին մէջէն, ան կը փորձէ արեւելեան հորիզոնին վրայ լոյսի շող մը՝ արեւածագի նշոյլ մը տեսնել։ Անոր մէջքին եւ ուսերուն մկանները կը ցաւին, ժամերով թիավարելուն պատճառով։ Մինչ քամին անոր մազերը կ’ալեկոծէ, փոթորկալից ծովուն կատաղի ալիքները կը հարուածեն ձկնորսանաւուն յառաջամասը։ Պաղ ջուրէն թրջուած՝ Պետրոս կը շարունակէ թիավարել։

2 Յիսուս Պետրոսի եւ անոր ընկերակիցներուն հետ չէ. ան ծովափն է։ Այդ օրը, անոնք տեսան թէ Յիսուս ինչպէ՛ս ընդամէնը քանի մը հացով ու ձուկով կերակրեց հազարաւոր անօթի մարդիկ։ Ժողովուրդը փորձեց զինք թագաւոր ընել, բայց Յիսուս մերժեց քաղաքականութեան մաս կազմել։ Ան նաեւ կ’ուզէր իր հետեւորդներուն սորվեցնել, որ քաղաքականութեան միջամուխ չըլլան։ Բազմութեան մէջէն դուրս ելլելով, ան իր աշակերտները ուղղեց որ նաւ ելլեն եւ դիմացի ափը երթան. իսկ ինք առանձնաբար լեռը ելաւ աղօթելու (Մար. 6։35-45. կարդա՛ Յովհաննէս 6։14-17

3 Գրեթէ գնդաձեւ լուսինը բաւականին բարձր էր, երբ աշակերտները նաւը ափէն հեռացուցին, բայց այժմ, անիկա կամաց–կամաց կը թեքուէր դէպի արեւմտեան հորիզոնը. իսկ աշակերտները միայն քանի մը քիլոմեթր կտրած էին։ Անոնք դժուարութեամբ իրարու կը լսէին, փոթորիկին եւ ալիքներուն կատաղի ձայնին պատճառով։ Պետրոս հաւանաբար մտածումներու մէջ էր։

Երկու տարուան ընթացքին, Պետրոս Յիսուսէն շատ բան սորված էր, բայց տակաւին սորվելիք շատ բան ունէր

4. Ո՞ր պայքարները Պետրոսը հիանալի օրինակ մը կը դարձնեն մեզի համար։

4 Պետրոս շա՜տ բան ունէր մտածելու։ Նազովրեցի Յիսուսին առաջին անգամ հանդիպելուն վրայ երկու դիպուածալից տարիներ անցած էին։ Պետրոս շատ բան սորված էր, բայց տակաւին սորվելիք շատ բան ունէր։ Սորվելու իր պատրաստակամութիւնը,– վախի եւ կասկածի նման խոչընդոտներու դէմ պայքարիլը,– զինք հիանալի օրինակ մը կը դարձնէ մեզի համար։ Տեսնենք թէ ինչո՛ւ։

«Գտանք Մեսիան»

5, 6. Պետրոս ինչպիսի՞ կեանք մը կը վարէր։

5 Պետրոս բնաւ պիտի չմոռնար այն օրը, երբ Յիսուսին հանդիպեցաւ։ Իր եղբայրը՝ Անդրէասը, իրեն այս ցնցիչ լուրը յայտնեց. «Գտանք Մեսիան»։ Այդ խօսքերը դարձակէտ մը եղան Պետրոսի համար։ Իր կեանքը սկսաւ փոխուիլ (Յովհ. 1։41

6 Պետրոս կ’ապրէր Կափառնայում քաղաքին մէջ, որ Գալիլիոյ ծով կոչուած քաղցրահամ լճի մը հիւսիսային ափը կը գտնուէր։ Ինքն ու Անդրէասը ձկնորսութեան ասպարէզին մէջ գործակիցներ եղած էին Զեբեդէոսի որդիներուն՝ Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի հետ։ Պետրոսի հետ կ’ապրէին իր կինը, զոքանչը եւ իր եղբայրը՝ Անդրէասը։ Ձկնորսութեամբ՝ այդպիսի ընտանիքի մը հոգ տանիլը կը պահանջէր ժրաջան աշխատանք, ոյժ եւ հմտութիւններ։ Կրնանք պատկերացնել ձկնորսներուն կեանքը։ Բազմաթիւ անքուն գիշերներ, անոնք երկու նաւակներու միջեւ ուռկաններ կը նետէին ծովուն մէջ եւ ինչ ձուկ որ բռնուէր, դէպի նաւ կը քաշէին։ Իսկ արեւածագին, նոյնպէս քրտնաջան կ’աշխատէին, ձուկերը իրենց տեսակներուն համեմատ շարելով, ծախելով եւ ուռկանները նորոգելով ու լուալով։

7. Պետրոս Յիսուսի մասին ի՞նչ լսեց, եւ այդ լուրը ինչո՞ւ զգայացունց էր։

7 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ Անդրէաս Յովհաննէս Մկրտիչի աշակերտներէն էր։ Պետրոս վստահաբար մեծ հետաքրքրութեամբ իր եղբօրմէն կը լսէր Յովհաննէսի պատգամը։ Օր մը, Անդրէաս տեսաւ թէ Յովհաննէս կը մատնանշէ Նազովրեցի Յիսուսը, ըսելով. «Ահա Աստուծոյ Գառը»։ Անդրէաս անմիջապէս Յիսուսի հետեւորդ մը դարձաւ եւ անձկութեամբ Պետրոսին յայտնեց զգայացունց լուր մը. Մեսիային գալը (Յովհ. 1։35-40)։ Իրենցմէ մօտ 4000 տարի առաջ, Եդեմի մէջ եղած ըմբոստութենէն ետք, Եհովա Աստուած խոստացած էր որ մասնայատուկ անհատ մը պիտի գար՝ մարդկութեան իսկական յոյս մը տալու համար (Ծն. 3։15)։ Անդրէաս իր աչքերո՛վ տեսաւ այս Փրկիչը՝ Մեսիան։ Պետրոս ալ շտապելով գնաց Յիսուսը տեսնելու։

8. ա) Ի՞նչ կը նշանակէր այն անունը, զոր Յիսուս տուաւ Պետրոսին։ բ) Ոմանք ինչո՞ւ չեն համաձայնիր այդ անուան ընտրութեան հետ։

8 Մինչեւ այդ օրը, Պետրոս կը ճանչցուէր Սիմոն կամ Շմաւոն անունով։ Բայց Յիսուս իրեն նայելով ըսաւ. «Դուն ես Յովնանի որդին Սիմոնը, դուն Կեփաս պիտի կոչուիս» (Յովհ. 1։42)։ «Կեփաս» (որ Պետրոս կը թարգմանուի), կը նշանակէ «քար» կամ «ժայռ»։ Յիսուսի խօսքերը մարգարէական նշանակութիւն ունէին։ Ան կանխատեսեց թէ Պետրոս ժայռանման պիտի ըլլար,– կայուն, անխախտ, վստահելի եւ ազդեցիկ անձ մը Քրիստոսի հետեւորդներուն մէջ։ Սակայն արդեօք Պետրոս իր անձին մասին այդպէս կը մտածէ՞ր։ Հաւանաբար ո՛չ։ Նոյնիսկ այսօր, անոնք՝ որոնք Աւետարանները կը կարդան, չեն համաձայնիր թէ Պետրոս ժայռանման անձնաւորութիւն մըն էր։ Ոմանք ըսած են թէ այս անձը, ըստ Աստուածաշունչի նկարագրութեան, անկայուն, փոփոխական եւ երկմիտ էր։

9. Եհովան եւ իր Որդին ի՞նչ բաներ կը փնտռեն, եւ ըստ քեզի, ինչո՞ւ պէտք է վստահինք իրենց տեսակէտին։

9 Անշուշտ, Պետրոս թերութիւններ ունէր եւ Յիսուս անկասկած կը տեսնէր զանոնք։ Սակայն Աստուծոյ Որդին, իր Հօր՝ Եհովայի նման, մարդոց մէջ լաւ բաներ կը փնտռէր։ Ան գիտէր, թէ Պետրոս բազմաթիւ լաւ յատկութիւններ ունէր, եւ անոր օգնեց զանոնք մշակելու։ Ներկայիս ալ, Եհովան եւ իր Որդին մեր մէջ լաւ բաներ կը փնտռեն։ Թերեւս խորհինք թէ մեր մէջ լաւ բան մը պիտի չգտնեն, սակայն հարկ է որ իրենց տեսակէտին վստահինք եւ Պետրոսի նման պատրաստակամ ըլլանք մարզուելու եւ յղկուելու (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։19, 20

«Մի՛ վախնար»

10. Պետրոս հաւանաբար ի՞նչ բանի ականատես եղաւ, սակայն ի՞նչ բանի վերադարձաւ։

10 Պետրոս հաւանաբար Յիսուսի հետ էր իր քարոզչական գործունէութեան սկիզբը եւ հետեւաբար ներկայ էր, երբ Յիսուս Կանայի մէջ՝ հարսանեկան խնճոյքի մը ատեն, իր առաջին հրաշքը գործեց, ջուրը գինիի վերածելով։ Աւելի կարեւորը, ան Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին Յիսուսի հիանալի եւ յուսալի պատգամը լսած էր։ Այսուհանդերձ, ան Մեսիայէն հեռանալով՝ ձկնորսութեան վերադարձաւ։ Սակայն ամիսներ ետք, Պետրոս անգամ մը եւս դէմ յանդիման եկաւ Յիսուսին, եւ այս անգամ, Յիսուս Պետրոսին ըսաւ որ լմա՛ն ժամանակով իրեն հետեւէր։

11, 12. ա) Պետրոս ինչպիսի՞ աշխատանքային գիշեր մը անցուցած էր։ բ) Մինչ Յիսուսին մտիկ կ’ընէր, հաւանաբար ի՞նչ հարցեր ծագեցան Պետրոսի մտքին մէջ։

11 Պետրոս դեռ նոր անյաջող եւ վհատեցուցիչ գիշեր մը անցուցած էր։ Ձկնորսները կրկին անգամ իրենց ուռկանները նետած՝ բայց զանոնք պարապ դուրս քաշած էին։ Պետրոս վստահաբար իր ամբողջ փորձառութիւնն ու հմտութիւնները գործածեց՝ ձուկ գտնելու համար, ուռկանը նետելով լճին զանազան մասերուն մէջ։ Անկասկած, եղան պահեր, երբ ինք, շատ մը ձկնորսներու պէս, մտածեց. ‘Երանի՜ թէ սուզուէի մութ ջուրերուն խորքերը, ձուկերու վտառներ գտնելու եւ ձեւով մը դէպի ուռկանը քշելու համար’։ Անշուշտ, այդպիսի մտքեր միայն աւելի յուսախաբ պիտի ընէին զինք։ Ձկնորսութիւնը Պետրոսին համար զուարճալի ժամանց մը չէր, այլ ապրուստի միջոց մը։ Ի վերջոյ, ան ձեռնունայն ծովափ ելաւ։ Ուռկանները մաքրել պէտք էր. ուստի ան բազմազբաղ էր, երբ Յիսուս իրեն մօտեցաւ։

Պետրոս բնաւ չէր յոգներ լսելով Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, որ Յիսուսի քարոզչութեան գլխաւոր բնաբանն էր

12 Բազմութիւն մը խմբուած էր Յիսուսին շուրջ եւ ուշադրութեամբ ականջ կու տար իր իւրաքանչիւր խօսքին։ Քանի որ ժողովուրդը շատ էր, Յիսուս Պետրոսին նաւը նստաւ եւ խնդրեց անկէ որ զայն ափէն քիչ մը հեռացնէ։ Այդպէս, իր ձայնը աւելի կը յստականար ջուրին վրայ արձագանգելով, մինչ ան կը սորվեցնէր բազմութեան։ Պետրոս նոյնպէս ուշի–ուշով կը լսէր անոր։ Ան բնաւ չէր յոգներ լսելով Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, որ Յիսուսի քարոզչութեան գլխաւոր բնաբանն էր։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մը պիտի ըլլար օգնել Քրիստոսին՝ այս յոյսի պատգամը երկրին մէջ տարածելու համար։ Սակայն Պետրոս պիտի կարենա՞ր այս մէկը ընել։ Ան ինչպէ՞ս պիտի կերակրէր իր ընտանիքը։ Ան թերեւս դարձեալ մտածեց իր անցուցած երկար եւ ապարդիւն գիշերուան մասին (Ղուկ. 5։1-3

13, 14. Յիսուս ի՞նչ հրաշք մը գործեց Պետրոսի համար, եւ Պետրոս ինչպէ՞ս հակազդեց։

13 Երբ Յիսուս իր խօսքը աւարտեց, Պետրոսին ըսաւ. «Յառաջ տար նաւը՝ դէպի խորունկը եւ ուռկաննիդ ձգեցէք ձուկ որսալու»։ Պետրոս կասկածանքով պատասխանեց. «Վա՛րդապետ, բոլոր գիշերը աշխատեցանք ու բան մը չբռնեցինք. բայց քու խօսքիդ համար ուռկանը կը ձգեմ»։ Պետրոս դեռ նոր մաքրած էր ուռկանները։ Իր խօսքերէն կ’երեւնար թէ ան, խորքին մէջ, չէր ուզեր ուռկանները ծովը ձգել,– յատկապէս ճիշդ այդ պահուն, երբ ձուկերը ծովուն խորքերը սուզուած էին։ Այսուհանդերձ, ան ընդառաջեց, հաւանաբար ա՛յլ նաւի մը վրայ գտնուող իր գործընկերներուն նշան ընելով որ իրենց հետեւին (Ղուկ. 5։4, 5

14 Պետրոս անակնկալի եկաւ. ուռկանը ծանր էր։ Կասկածամտութեամբ, ան աւելի ուժգին կերպով ուռկանը քաշեց, բայց տեսաւ թէ անիկա լեցուն էր թփթփացող ձուկերով։ Խուճապի մատնուելով, ան երկրորդ նաւու տղամարդոց նշան ըրաւ որ օգնութեան հասնին։ Մինչ կ’օգնէին, ակնյայտ եղաւ որ մէկ նաւը բաւարար պիտի չըլլար այս բոլոր ձուկերը կրելու համար։ Ուստի անոնք երկրորդ նաւն ալ ձուկերով լեցուցին։ Նաւերը այնքա՛ն լեցուն էին, որ քիչ մնաց ծանրութենէն ընկղմէին։ Պետրոս ապշահար եղած էր։ Նախապէս ան տեսած էր Քրիստոսի զօրութեան ապացոյցը, սակայն այս դէպքը օգուտ բերաւ թէ՛ իրեն եւ թէ իր ընտանիքին։ Ահաւասիկ մարդ մը, որ կրնար նոյնիսկ ձուկերուն հրաման տալ ուռկանները մտնելու։ Վախի զգացումը պատեց Պետրոսի սիրտը։ Ան ծունկի գալով ըսաւ. «Տէ՛ր, իմ քովէս մէկդի գնա, քանզի ես մեղաւոր մարդ մըն եմ»։ Ան ինչպէ՞ս արժանի պիտի ըլլար ընկերակցելու Անոր հետ, որ հեղինակութիւն ունէր Աստուծոյ ուժը գործածելու այդպիսի կերպով (կարդա՛ Ղուկաս 5։6-9

«Տէ՛ր. . . ես մեղաւոր մարդ մըն եմ»

15. Յիսուս Պետրոսին ինչպէ՞ս սորվեցուց, թէ իր կասկածներն ու վախերը անհիմն էին։

15 Յիսուս քաղցրութեամբ պատասխանեց. «Մի՛ վախնար, ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս» (Ղուկ. 5։10, 11)։ Այո, կասկածելու կամ վախնալու ժամանակը չէր։ Առօրեայ բաներու մասին իր մտահոգութիւնը տեղին չէր։ Իր տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն մասին ունեցած վախերը անհիմն էին։ Յիսուս ընելիք շատ գործ ունէր՝ ծառայութիւն մը որ մարդկային պատմութիւնը պիտի փոխէր։ Ան կը ծառայէր այնպիսի Աստուծոյ, որ ‘առատապէս պիտի ներէր’ (Եսա. 55։7)։ Եհովան պիտի հոգար Պետրոսին թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր կարիքները (Մատ. 6։33

16. ա) Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս ինչպէ՞ս ընդառաջեցին Յիսուսի կոչին։ բ) Ասիկա ինչո՞ւ իրենց առած լաւագոյն քայլն էր։

16 Պետրոս անմիջապէս ընդառաջեց, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին պէս։ Անոնք «նաւերը ցամաք հանելով՝ ամէն բան թողուցին ու անոր ետեւէն գացին» (Ղուկ. 5։11)։ Պետրոս հաւատաց Յիսուսին եւ զինք Ղրկողին։ Ասիկա իր առած լաւագոյն որոշումն էր։ Այժմու քրիստոնեաները, որոնք Աստուծոյ ծառայելու համար կը պայքարին կասկածի եւ վախի դէմ, նոյնանման հաւատք ցոյց կու տան։ Եհովայի հանդէպ այդպիսի վստահութիւն բնաւ ի դերեւ չ’ելլեր։ Ան միշտ հոգ կը տանի անոնց, որոնք իրեն կը վստահին (Սաղ. 22։4, 5

«Ինչո՞ւ երկմտեցար»

17. Պետրոս վերյիշելիք ի՞նչ բաներ ունէր՝ Յիսուսի հետ անցուցած առաջին երկու տարիներուն առնչութեամբ։

17 Պետրոս Յիսուսը առաջին անգամ տեսնելէն գրեթէ երկու տարի ետք, կը թիավարէր Գալիլիոյ փոթորկալից ծովուն մէջ, ինչպէս որ այս գլուխին սկիզբը նշուած է։ Անշուշտ, չենք կրնար գիտնալ թէ այդ գիշեր ան ի՞նչ բաներ կը յիշէր։ Մտաբերելիք շատ բաներ կային։ Յիսուս Պետրոսի զոքանչը բուժած էր։ Ան Լերան քարոզը տուած էր։ Իր ուսուցումին եւ հրաշագործութիւններուն միջոցով, ան կրկին անգամ ցոյց տուած էր թէ ինքն էր Եհովայի Ընտրեալը՝ Մեսիան։ Ամիսներու ընթացքին, Պետրոս վստահաբար սորված էր հակակշռի տակ առնել կասկածն ու վախը։ Յիսուս մինչեւ իսկ Պետրոսը ընտրած էր որ 12 առաքեալներէն մէկը ըլլար։ Սակայն Պետրոս տակաւին չէր յաղթահարած կասկածն ու վախը, ինչպէս որ շուտով պիտի տեսնէր։

18, 19. ա) Նկարագրէ թէ Պետրոս ի՛նչ տեսաւ Գալիլիոյ ծովուն վրայ։ բ) Յիսուս ինչպէ՞ս շնորհեց Պետրոսին խնդրանքը։

18 Գիշերուան չորրորդ պահն էր՝ կամ կ.ա. ժամը 3։00–ի եւ արեւածագի միջեւ, երբ Պետրոս յանկարծ կեցաւ թիավարելէ։ Հո՛ն, ալիքներէն անդին, բան մը կը շարժէր։ Արդեօք ալիքներուն փրփուրնե՞րն էին, որոնք լուսնին լոյսը կ’արտացոլէին։ Ո՛չ։ Ան կը տեսնէր ուղիղ եւ կայուն կերպար մը՝ մարդու ուրուագիծ մը։ Այո, մարդ մը որ ծովուն վրա՛յ կը քալէր։ Մինչ այդ ուրուագիծը կը մօտենար, այնպէս կը թուէր թէ իրենցմէ պիտի անցնէր։ Սարսափահար աշակերտները կարծեցին թէ ուրուական մը կը տեսնէին։ Բայց մարդը խօսեցաւ. «Քաջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ Այո, անիկա Յիսուսն էր (Մատ. 14։25-28

19 Պետրոս պատասխանեց. «Տէ՛ր, եթէ դուն ես, հրաման ըրէ ինծի որ քեզի գամ ջուրերուն վրայէն»։ Իր առաջին հակազդեցութիւնը քաջութիւն ցոյց կու տար։ Այս առանձնայատուկ հրաշքէն բոլորովին ոգեւորուած ըլլալով, ան ուզեց ոչ միայն տեսնել, այլ նաեւ զգալ զայն եւ աւելի զօրացնել իր հաւատքը։ Յիսուս մեղմօրէն իրեն «եկուր» ըսաւ։ Պետրոս դուրս ելաւ նաւէն եւ ալեկոծ ծովուն երեսը կոխեց։ Երեւակայէ Պետրոսին զգացումը, երբ իր ոտքերուն տակ կարծրութիւն զգաց եւ ջուրերուն վրայ կեցաւ։ Ան ապշահար եղած ըլլալու էր, մինչ Յիսուսին կը մօտենար։ Սակայն ան շուտով ուրիշ մէկ հակազդեցութիւն ունեցաւ (կարդա՛ Մատթէոս 14։29

«Հովը սաստիկ ըլլալուն՝ վախցաւ»

20. ա) Պետրոս ինչպէ՞ս կորսնցուց իր ուշադրութիւնը եւ ի՞նչ հետեւանքով։ բ) Յիսուս Պետրոսին ի՞նչ դաս մը սորվեցուց։

20 Պետրոս իր աչքերը Յիսուսի վրայ սեւեռած պէտք էր պահէր։ Յիսուսն էր որ Եհովային ուժը գործածելով՝ Պետրոսը ալեկոծ ծովուն վրայ կը պահէր։ Եւ Յիսուս այդպէս կ’ընէր, քանի որ Պետրոս հաւատաց իրեն։ Բայց առաքեալին ուշադրութիւնը շեղեցաւ։ Կը կարդանք. «Հովը սաստիկ ըլլալուն՝ վախցաւ»։ Պետրոս պահ մը նայեցաւ այդ փրփրադէզ ալիքներուն, որոնք անգթօրէն կը հարուածէին նաւը, եւ խուճապի մատնուեցաւ. կարծես թէ իր ընկղմիլն ու խեղդուիլը տեսնէր այդ լիճին մէջ։ Իր հաւատքը կ’ընկղմէր վախի պատճառով։ Այն մարդը, որ Ժայռ կոչուած էր, ամուր եւ հաստատուն անձ մը ըլլալու ընդունակութեան համար, սկսաւ քարի մը պէս ընկղմիլ իր տատանող հաւատքին պատճառով։ Պետրոս վարպետ լողորդ մըն էր, բայց այդ պահուն, իր կարողութեան չապաւինեցաւ, հապա բացագանչեց. «Տէ՛ր, ազատէ զիս»։ Յիսուս ձեռքէն բռնելով՝ զինք վեր քաշեց։ Եւ մինչ կը քալէին դէպի նաւը, ան Պետրոսին այս կարեւոր դասը սորվեցուց, ըսելով. «Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար» (Մատ. 14։30, 31

21. Կասկածը ինչո՞ւ վտանգաւոր է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոր դէմ պայքարիլ։

21 «Ինչո՞ւ երկմտեցար». ի՜նչ տեղին դիտողութիւն մը։ Կասկածը կրնայ զօրաւոր եւ կործանիչ ոյժ մը ըլլալ։ Եթէ տեղի տանք, կասկածը կրնայ մեր հաւատքը խեղդել եւ մեզ հոգեւորապէս ընկղմել։ Հարկ է որ ուժգին կերպով պայքարինք անոր դէմ։ Ինչպէ՞ս։ Մեր ուշադրութիւնը ճիշդ բաներու վրայ կեդրոնացնելով։ Եթէ շարունակենք մտածել այն բաներուն մասին, որոնք մեզ կը վախցնեն, կը վհատեցնեն, Եհովա Աստուծմէն եւ իր Որդիէն կը շեղեցնեն, մեր կասկածները պիտի շատնան։ Իսկ եթէ կեդրոնանանք Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն վրայ, թէ ի՛նչ ըրած են, կ’ընեն եւ տակաւին պիտի ընեն անոնց համար, զորոնք կը սիրեն, պիտի կարենանք վանել որեւէ կասկած, որ մեր հաւատքը կը տկարացնէ։

22. Ինչո՞ւ կ’արժէ ընդօրինակել Պետրոսի հաւատքը։

22 Մինչ նաւը կը մտնէին, Պետրոս փոթորիկին կենալը զգաց։ Քար լռութիւն տիրեց Գալիլիոյ ծովուն վրայ։ Պետրոս միւս աշակերտներուն հետ բացագանչեց. «Իրաւցնէ Աստուծոյ Որդին ես դուն» (Մատ. 14։33)։ Մինչ արեւը կը ծագէր, Պետրոսի սիրտը երախտագիտութեամբ լեցուած ըլլալու էր։ Ան սորված էր թոյլ չտալ, որ վախը պատճառ դառնայ Եհովային եւ Յիսուսին վրայ կասկածելու։ Ճիշդ է որ Յիսուսի նախատեսած ժայռանման քրիստոնեան դառնալու համար՝ Պետրոս դեռ շատ մը փոփոխութիւններ պէտք էր ընէր, սակայն ան վճռած էր շարունակ ջանք թափել եւ յառաջդիմել։ Դուն ալ նոյնանման վճռականութիւն ունի՞ս։ Պիտի նկատես, թէ կ’արժէ՛ ընդօրինակել Պետրոսի հաւատքը։