Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 6

Դաւիթ չէր վախնար

Դաւիթ չէր վախնար

Ի՞նչ կ’ընես երբ վախնաս։— Թերեւս մամային ու պապային քով կու գաս։ Բայց ուրիշ մէկն ալ կրնայ քեզի օգնել։ Ան ամէն մարդէ աւելի զօրաւոր է։ Գիտե՞ս ով է ան։— Եհովա Աստուա՛ծ։ Եկուր Սուրբ Գիրքէն Դաւիթի մասին սորվինք։ Դաւիթ գիտէր որ Եհովան իրեն միշտ պիտի օգնէր, անոր համար չէր վախնար։

Դաւիթ երբ դեռ պզտիկ էր, իր մաման ու պապան իրեն սորվեցուցին որ Եհովան սիրէր։ Քանի որ Դաւիթ Եհովան սիրեց, չվախցաւ, նոյնիսկ երբ վախնալիք բաներ եղան։ Ան գիտէր թէ Եհովան իր Ընկերն է եւ իրեն պիտի օգնէ՛։ Օր մը, երբ Դաւիթ ոչխարներուն հոգ կը տանէր, մեծ առիւծ մը եկաւ եւ ոչխար մը բռնեց։ Գիտե՞ս Դաւիթ ինչ ըրաւ։ Ան առիւծին ետեւէն վազեց եւ զայն մեռցուց։ Յետոյ երբ արջ մը փորձեց իր ոչխարներէն մէկը բռնել, Դաւիթ ատիկա՛ ալ մեռցուց։ Ո՞վ Դաւիթին օգնեց։— Այո, Եհովա՛ն։

Բայց ուրիշ օր մը, Դաւիթ շա՛տ քաջ էր։ Իսրայէլացիները չար մարդոց հետ կը կռուէին։ Չարերուն մէջ շա՜տ երկար ու զօրաւոր մարդ մը կար, հսկա՛յ մը։ Անոր անունը Գողիաթ էր։ Այս հսկան իսրայէլացիներուն եւ Եհովային վրայ կը խնդար։ Գողիաթ իսրայէլացի զինուորներուն ըսաւ որ գան եւ իրեն հետ կռուին։ Բայց բոլորն ալ կը վախնային իրմէ։ Երբ Դաւիթ ասիկա լսեց, Գողիաթին ըսաւ. «Ե՛ս պիտի կռուիմ քեզի հետ։ Եհովա՛ն ինծի պիտի օգնէ եւ քեզի պիտի յաղթեմ»։ Դաւիթ վախկո՞տ էր թէ քաջ էր։— Ան շա՛տ քաջ էր։ Կ’ուզե՞ս գիտնալ թէ ետքը ինչ եղաւ։

Դաւիթ պարան մը եւ հինգ հատ քարեր առաւ, եւ գնաց հսկային հետ կռուելու։ Երբ Գողիաթ տեսաւ թէ Դաւիթ որքա՜ն պզտիկ է, վրան խնդաց։ Բայց Դաւիթ իրեն ըսաւ. «Դուն ինծի սուրով կու գաս, բայց ես քեզի Եհովայի՛ն անունով կու գամ»։ Ասիկա ըսելէն ետք, ան պարանին մէջ քար մը դրաւ եւ պարանը արագ–արագ դարձնելով Գողիաթին քով վազեց եւ քարը ճիշդ անոր վրայ նետեց։ Քարը Գողիաթին ճակատին զարկաւ։ Հսկան գետին ինկաւ ու մեռա՛ւ։ Չար մարդոց զինուորները այնչափ վախցան որ ամէնքն ալ փախան։ Ո՞վ այս պզտիկ տղային, Դաւիթին օգնեց, որ հսկայի մը յաղթէ։— Եհովա՛ն իրեն օգնեց, որովհետեւ Եհովան այդ հսկայէն շա՜տ աւելի զօրաւոր է։

Դաւիթ չվախցաւ, քանի որ գիտե՛ր որ Եհովան իրեն պիտի օգնէր

Դաւիթին պատմութենէն ի՞նչ կը սորվիս։— Եհովան ամէն մարդէ աւելի զօրաւոր է։ Եւ ան քու Ընկերդ է։ Անոր համար, եթէ վախնաս, մի՛ մոռնար. Եհովան կրնա՛յ քեզի օգնել որ քաջ ըլլաս։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻԴ ՄԷՋԷՆ ԿԱՐԴԱ՛