Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 9

Երեմիան Եհովային մասին խօսելէ չկեցաւ

Երեմիան Եհովային մասին խօսելէ չկեցաւ

Մարդիկ ինչո՞ւ Երեմիային վրայ բարկացան

Եհովան ազատեց Երեմիան

Երբեմն, երբ Եհովային մասին խօսինք, մարդիկ մեր վրայ կը խնդան կամ կը բարկանան։ Ասոր համար, թերեւս ա՛լ չուզենք Աստուծոյ մասին խօսիլ։ Այդպէս զգացա՞ծ ես։— Սուրբ Գիրքին մէջ Երեմիա անունով մարդ մը կար, որ Եհովան կը սիրէր, բայց քիչ մնաց որ ա՛լ Եհովային մասին չխօսէր։ Եկուր Երեմիայի մասին աւելի սորվինք։

Երբ Երեմիան մեծցաւ, Եհովան իրեն ըսաւ որ երթար եւ ժողովուրդին ըսէր, որ ա՛լ չար բաներ չընէին։ Բայց ասիկա ըսելը Երեմիային համար շա՛տ դժուար էր եւ ան կը վախնար։ Ան Եհովային ըսաւ. «Ես չեմ գիտեր ի՛նչ ըսեմ։ Դեռ մանուկ եմ»։ Բայց Եհովան ըսաւ. «Մի՛ վախնար։ Ես քեզի պիտի օգնեմ»։

Անոր համար Երեմիան գնաց եւ մարդոց ըսաւ որ եթէ դեռ չարութիւն ընեն, Աստուած զիրենք պիտի պատժէ։ Ի՞նչ կ’ըսես. մարդիկ Երեմիային ըսածները ըրի՞ն. չարութիւն ընելէ կեցա՞ն։— Ո՛չ։ Ոմանք վրան խնդացին, ոմանք ալ շատ բարկացան։ Իսկ ուրիշներ նոյնիսկ ուզեցին մեռցնե՛լ զինք։ Երեմիան ի՞նչ զգաց երբ ասիկա տեսաւ։— Ան վախցաւ եւ ըսաւ. «Այլեւս Եհովային մասին պիտի չխօսիմ»։ Բայց ան կեցա՞ւ խօսելէ։— Ո՛չ։ Ան Եհովան այնքա՛ն կը սիրէր, որ չկրցաւ անոր մասին չխօսիլ։ Եւ քանի որ Երեմիան խօսելէ չկեցաւ, Եհովան իրեն օգնեց։

Օրինակ, օր մը չար մարդիկ Երեմիան առին եւ նետեցին խորունկ տեղ մը որ ցեխով լեցուն էր։ Ան ո՛չ ճաշ ունէր, ո՛չ ալ ջուր։ Այդ չարերը ուզեցին որ Երեմիան հոն մնար եւ հո՛ն ալ մեռնէր։ Բայց Եհովան զինք ազատե՛ց եւ Երեմիան չմեռաւ։

Երեմիայէն ի՞նչ կը սորվիս։— Երեմիան երբեմն վախցաւ, բայց ան բնաւ չկեցաւ Եհովային մասին խօսելէ։ Դուն ալ երբ Եհովային մասին խօսիս, թերեւս մարդիկ վրադ խնդան կամ ալ բարկանան։ Թերեւս ամչնաս կամ վախնաս։ Բայց բնաւ մի՛ կենար Եհովային մասին խօսելէ։ Ան մի՛շտ քեզի պիտի օգնէ, ճիշդ ինչպէս որ Երեմիային օգնեց։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻԴ ՄԷՋԷՆ ԿԱՐԴԱ՛