Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 3

Եհովան կը յայտնէ իր նպատակը

Եհովան կը յայտնէ իր նպատակը

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Եհովան իր նպատակը աստիճանաբար կը յայտնէ միա՛յն իրմէ վախցողներուն

1, 2. Եհովան իր նպատակը ինչպէ՞ս յայտնած է մարդկութեան։

 ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ հարցեր քննարկելու ժամանակ, հոգատար ծնողներ իրենց զաւակները կը պարփակեն խօսակցութեան մէջ։ Բայց անոնք ուշադիր կ’ըլլան թէ որքա՛ն տեղեկութիւն պիտի փոխանցեն։ Անոնք միայն կը խօսին ա՛յն մանրամասնութիւններուն մասին, զորս զաւակները կրնան ըմբռնել։

2 Համանման կերպով, Եհովան իր նպատակը աստիճանաբար կը յայտնէ մարդկութեան։ Բայց ան այս մէկը ընելու համար յարմար ժամանակը կ’ընտրէ։ Ամփոփ կերպով նկատի առնենք, թէ պատմութեան ընթացքին Եհովան ինչպէ՛ս Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւններ յայտնած է։

Ինչո՞ւ Թագաւորութեան կարիքը կայ

3, 4. Եհովան մարդկութեան պատմութիւնը նախասահմանե՞ց. բացատրէ՛։

3 Սկիզբը, մեսիական Թագաւորութիւնը Եհովային նպատակին մաս չէր կազմեր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան մարդկութեան պատմութիւնը չնախասահմանեց. վերջ ի վերջոյ, ան մարդիկը ազատ կամքով ստեղծեց։ Ան Ադամին ու Եւային յայտնեց մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակը, ըսելով. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք» (Ծն. 1։28)։ Եհովան նաեւ անոնցմէ պահանջեց, որ բարիի ու չարի իր չափանիշները յարգեն (Ծն. 2։16, 17)։ Ադամն ու Եւան կրնայի՛ն հաւատարիմ մնալ։ Եթէ անոնք եւ իրենց զարմը այդ ճիշդ ընտրութիւնը ընէին, մենք պէտք պիտի չունենայինք մեսիական Թագաւորութեան որ Աստուծոյ կամքը կատարէ։ Իսկ հիմա երկրագունդը լեցուած պիտի ըլլար կատարեալ մարդոցմով, որոնք Եհովան պիտի պաշտէին։

4 Սատանային, Ադամին եւ Եւային ըմբոստութիւնը չփոխեց երկիրը կատարեալ մարդոցմով լեցնելու Եհովային նպատակը։ Փոխարէն, Եհովան իր նպատակը իրագործելու կերպը փոխեց։ Անոր նպատակը չի նմանիր շոգեկառքի մը, որ պէտք է անպայման իր ուղիին վրայ քալէ, եւ եթէ ուրիշներուն դրած խոչընդոտներուն պատճառաւ իր գիծէն դուրս ելլէ՝ տեղ մը չի հասնիր։ Մէյ մը որ Եհովան իր նպատակը նշէ, աշխարհի վրայ չկայ ոյժ մը որ կրնայ անոր կատարման արգելք հանդիսանալ (կարդա՛ Եսայի 55։11)։ Եթէ դուռ մը գոցուի, Եհովան անպայման ուրիշ մը կը բանայ (Ել. 3։14, 15) a։ Եւ երբ որ յարմար տեսնէ, ան իր հաւատարիմ ծառաներուն կը տեղեկացնէ իր նպատակը իրագործելու իր գործածած նոր կերպը։

5. Եդեմի ըմբոստութենէն ետք Եհովան ի՞նչ ըրաւ։

5 Եդեմի ըմբոստութենէն ետք, Եհովան նպատակադրեց Թագաւորութիւնը հաստատել (Մատ. 25։34)։ Մարդկութեան պատմութեան այդ խաւար պահուն, Եհովան լոյս սփռեց այն միջոցին վրայ, որով մարդկութիւնը պիտի վերահաստատէր այն վիճակին մէջ, որ առաջին մարդկային զոյգը կորսնցուցած էր եւ Սատանային պատճառած բոլոր վնասները պիտի չքացնէր (Ծն. 3։14-19)։ Ասով հանդերձ, Եհովան Թագաւորութեան մասին բոլոր տեղեկութիւնները մէկ անգամէն չյայտնեց։

Եհովան կը սկսի Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւններ յայտնել

6. Եհովան ի՞նչ խոստացաւ, բայց ի՞նչ չյայտնեց։

6 Առաջին մարգարէութեան մէջ, Եհովան խոստացաւ որ «սերունդ» մը օձը պիտի ջախջախէ (կարդա՛ Ծննդոց 3։15)։ Բայց սերունդին ինքնութիւնը եւ օձին սերունդին ինքնութիւնը այդ ատեն չյայտնուեցան։ Իրականութեան մէջ Եհովան այսպիսի մանրամասնութիւններու վրայ լոյս սփռեց շուրջ 2000 տարի ետք b։

7. Եհովան ինչո՞ւ Աբրահամը ընտրեց, եւ ասկէ ի՞նչ դաս կը քաղենք։

7 Ի վերջոյ Եհովան Աբրահամը ընտրեց, որպէսզի անոր շառաւիղէն խոստացեալ սերունդը գայ։ Ինչո՞ւ Աբրահամը։ Քանի որ ան ‘Եհովային ձայնին ականջ դրաւ’ (Ծն. 22։18)։ Այս իրողութենէն կարեւոր դաս մը կը քաղենք. Եհովան իր նպատակը կը յայտնէ միայն անոնց՝ որոնք իրմէ կ’ակնածին (կարդա՛ Սաղմոս 25։14

8, 9. Եհովան խոստացեալ սերունդին մասին ի՞նչ յայտնեց Աբրահամին եւ Յակոբին։

8 Երբ հրեշտակի մը միջոցաւ իր բարեկամին՝ Աբրահամին հետ կը խօսէր, Եհովան առաջին անգամ ըլլալով յայտնեց կարեւոր իրողութիւն մը խոստացեալ սերունդին մասին. անիկա մարդ մը պիտի ըլլար (Ծն. 22։15-17. Յակ. 2։23)։ Բայց այս մարդը ինչպէ՞ս օձը պիտի ջախջախէր։ Ո՞վ էր օձը։ Այս հարցումներուն պատասխանները յետագային պիտի յայտնուէին։

9 Եհովան որոշեց որ խոստացեալ սերունդը գայ Աբրահամին թոռնիկէն՝ Յակոբէն, որ Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունէր (Ծն. 28։13-22)։ Եհովան Յակոբին միջոցաւ յայտնեց, որ Խոստացեալը Յակոբի որդիին՝ Յուդային շառաւիղէն պիտի գար։ Յակոբ մարգարէացաւ, որ Յուդայէն սերած այս մարդը «իշխանութեան գաւազան» պիտի ստանար եւ ‘ժողովուրդները անոր պիտի հնազանդէին’ (Ծն. 49։1, 10, ԱԾ)։ Այսպիսով, Եհովան յայտնեց թէ Խոստացեալը թագաւոր պիտի դառնար։

10, 11. Եհովան ինչո՞ւ իր նպատակը յայտնեց Դաւիթին եւ Դանիէլին։

10 Յուդայի օրերէն շուրջ 650 տարի ետք, Եհովան իր նպատակին մասին աւելի՛ն յայտնեց Դաւիթ թագաւորին, որ Յուդային մէկ զարմն էր։ Եհովան Դաւիթին մասին ըսաւ որ «իր սրտին համեմատ մարդ» մըն էր (Ա. Թագ. 13։14. 17։12. Գործք 13։22)։ Քանի որ Դաւիթ Աստուծմէ կ’ակնածէր, Եհովան որոշեց անոր հետ ուխտ մը ընել, խոստանալով որ անոր մէկ զարմը յաւիտեան պիտի իշխէր (Բ. Թագ. 7։8, 12-16

11 Շուրջ 500 տարի ետք, Եհովան Դանիէլ մարգարէին միջոցաւ յայտնեց այն տարին երբ Օծեալը, կամ Մեսիան, երկրի վրայ պիտի յայտնուէր (Դան. 9։25)։ Եհովան Դանիէլը իր «սիրելին» համարեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Դանիէլ խորապէս յարգեց Եհովան եւ անդադար անոր ծառայեց (Դան. 6։16. 9։22, 23

12. Դանիէլի ի՞նչ ըսուեցաւ որ ընէ եւ ինչո՞ւ։

12 Թէեւ Եհովան Դանիէլին նման հաւատարիմ մարգարէներ գործածեց, որ խոստացեալ սերունդին՝ Մեսիային մասին բազմաթիւ մանրամասնութիւններ արձանագրեն, բայց տակաւին ժամանակը չէր որ ան իր ծառաներուն հասկցնէր իր ներշնչած խօսքերուն ամբողջ նշանակութիւնը։ Օրինակ, Աստուծոյ Թագաւորութեան հաստատման մասին տեսիլք մը տեսնելէ ետք, Դանիէլի ըսուեցաւ որ մարգարէութիւնը կնքէ մինչեւ Եհովային նշանակած ժամանակը։ Այդ ատեն ճշմարիտ գիտութիւնը «պիտի շատնա[ր]» (Դան. 12։4

Եհովան Դանիէլի նման հաւատարիմ մարդիկ գործածեց, որպէսզի մեսիական Թագաւորութեան մասին մանրամասնութիւններ գրի առնեն

Յիսուս Աստուծոյ նպատակին վրայ լոյս կը սփռէ

13. ա) Ո՞վ էր խոստացեալ սերունդը։ բ) Յիսուս ինչպէ՞ս լոյս սփռեց Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութեան վրայ։

13 Եհովան յստակ դարձուց որ Յիսո՛ւսն էր խոստացեալ սերունդը՝ Դաւիթին զարմը, որ որպէս Թագաւոր պիտի իշխէր (Ղուկ. 1։30-33. 3։21, 22)։ Երբ Յիսուս իր ծառայութիւնը սկսաւ, կարծես արեւը ծագեցաւ՝ լուսաւորելով մարդոց գիտութիւնը Աստուծոյ նպատակին մասին (Մատ. 4։13-17)։ Օրինակ, Յիսուս յստակ կերպով բնորոշեց Ծննդոց 3։14, 15–ի մէջ նշուած «օձ»ին ինքնութիւնը, Բանսարկուն կոչելով «մարդասպան» ու «ստախօս. . . եւ անոր հայրը» (Յովհ. 8։44)։ Յովհաննէսին տուած յայտնութեան մէջ, Յիսուս «առաջուան օձը» բնորոշեց որպէս ան՝ որ «Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի» (կարդա՛ Յայտնութիւն 1։1. 12։9) c։ Նոյն յայտնութեան մէջ, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ինչպէս ինք՝ խոստացեալ սերունդը՝ Եդեմի մէջ տրուած մարգարէութիւնը ի վերջոյ պիտի կատարէ եւ Սատանան ջախջախելով մէջտեղէն վերցնէ (Յայտ. 20։7-10

14-16. Առաջին դարու աշակերտները միշտ ըմբռնեցի՞ն Յիսուսի յայտնած ճշմարտութիւններուն լման նշանակութիւնը. բացատրէ՛։

14 Ինչպէս որ այս գրքին առաջին գլուխին մէջ տեսանք, Յիսուս Թագաւորութեան մասին շատ խօսեցաւ։ Բայց ան իր աշակերտներուն միշտ չէր յայտներ այն բոլոր մանրամասնութիւնները, որոնք կ’ուզէին գիտնալ։ Իսկ երբ ան մասնայատուկ մանրամասնութիւններ նշեց, իր հետեւորդներուն հետ ժամանակ առաւ,– երբեմն նոյնիսկ դարեր,– ըմբռնելու համար այդ ճշմարտութիւններուն լման նշանակութիւնը։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։

15 Ք.Ե. 33–ին, Յիսուս յստակացուց որ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորին աջակցող իշխանակիցները երկրէն պիտի առնուէին եւ երկինք յարուցանուէին որպէս հոգեղէն արարածներ։ Բայց իր աշակերտները այդ ատեն անոր ըսածը չըմբռնեցին (Դան. 7։18. Յովհ. 14։2-5)։ Նոյն տարին, Յիսուս առակներու միջոցաւ ցոյց տուաւ, թէ երկինք համբառնալէն երկար ժամանակ ետք Թագաւորութիւնը պիտի հաստատուէր (Մատ. 25։14, 19. Ղուկ. 19։11, 12)։ Աշակերտները այս կարեւոր կէտը չհասկցան եւ յետագային յարուցեալ Յիսուսին հարցուցին. «Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։ Բայց Յիսուս այդ ժամանակ նախընտրեց յաւելեալ մանրամասնութիւններ չյայտնել (Գործք 1։6, 7)։ Ան նաեւ ըսաւ որ պիտի ըլլային «ուրիշ ոչխարներ», որոնք «պզտիկ հօտ»ին՝ իր իշխանակիցներուն մաս պիտի չկազմէին (Յովհ. 10։16. Ղուկ. 12։32)։ Քրիստոսի հետեւորդները այդ երկու խումբերուն ինքնութիւնը ճշգրտօրէն հասկցան միայն Թագաւորութիւնը 1914–ին հաստատուելէ ետք։

16 Երկրի վրայ եղած ժամանակ, Յիսուս կրնար իր աշակերտներուն շատ բան պատմել, բայց ան գիտէր թէ անոնք այդ տեղեկութիւնները ըմբռնելու ի վիճակի չէին (Յովհ. 16։12)։ Անկասկած, առաջին դարուն շատ բան յայտնուեցաւ Թագաւորութեան մասին։ Բայց այդ ատեն տակաւին ժամանակը չէր որ այդ գիտութիւնը շատնար։

«Վերջին ժամանակ»ին ճշմարիտ գիտութիւնը կը շատնայ

17. Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնները հասկնալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք, բայց նաեւ ի՞նչ պահանջուած է։

17 Եհովան Դանիէլին խոստացաւ որ «վերջին ժամանակ»ին շատեր «ուշադրութեամբ պիտի կարդան» եւ Աստուծոյ նպատակին առնչուող ճշմարիտ «գիտութիւնը պիտի շատնայ» (Դան. 12։4)։ Անոնք որոնք կ’ուզեն այդ գիտելիքները ստանալ, պէտք է շատ ջանք թափեն։ Բայց որքա՛ն ալ փորձենք բծախնդրօրէն Աստուածաշունչը քննել, չենք կրնար Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնները ճշգրտօրէն հասկնալ, եթէ Եհովան մեզի այդ առանձնաշնորհումը չտայ (կարդա՛ Մատթէոս 13։11

18. Եհովայէն վախցողները ինչպէ՞ս հաւատք ու խոնարհութիւն ցուցաբերած են։

18 Վերջին օրերուն, Եհովան կը շարունակէ Թագաւորութեան մասին աստիճանաբար ճշմարտութիւններ յայտնել, ճիշդ ինչպէս որ ըրած է 1914–էն առաջ։ Ինչպէս որ այս գրքին 4–րդ եւ 5–րդ գլուխները ցոյց պիտի տան, անցեալ 100 տարիներուն ընթացքին, հարկ էր որ Աստուծոյ ժողովուրդը քանի մը առիթներով իր հասկացողութիւնը ճշդէր։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ անոնք Եհովայի աջակցութիւնը չեն վայելեր։ Ընդհակառա՛կը, ան անոնց կ’աջակցի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովայէն վախցողները ցուցաբերած են երկու յատկութիւններ, զորս ան կ’արժեւորէ. հաւատք եւ խոնարհութիւն (Եբ. 11։6. Յակ. 4։6)։ Եհովային ծառաները կը հաւատան, թէ Աստուծոյ Խօսքին մէջ նշուած բոլոր խոստումները պիտի կատարուին։ Անոնք խոնարհութիւն կը ցուցաբերեն, երբ կը խոստովանին թէ չէին հասկցած որ այդ խոստումները ինչպէ՛ս պիտի կատարուէին։ Այդ խոնարհ կեցուածքը յստակ դարձաւ Դիտարան–ի 1 մարտ 1925 թիւին մէջ, ուր գրուած էր. «Գիտենք, թէ Տէրը ի՛նք կը մեկնէ իր խօսքերը եւ թէ ան իր Խօսքը իր ժողովուրդին պիտի մեկնէ իրեն յարմար եղող կերպով եւ իրեն յարմար ժամանակին»։

«Տէրը. . . իր Խօսքը իր ժողովուրդին պիտի մեկնէ իրեն յարմար եղող կերպով եւ իրեն յարմար ժամանակին»

19. Այժմ Եհովան թոյլ տուած է որ ի՞նչ հասկնանք եւ ինչո՞ւ։

19 Երբ Թագաւորութիւնը 1914–ին հաստատուեցաւ, Աստուծոյ ժողովուրդը միայն մասամբ գիտէր թէ Թագաւորութեան առնչուող մարգարէութիւնները ինչպէ՛ս պիտի կատարուէին (Ա. Կոր. 13։9, 10, 12)։ Քանի՛ որ շատ խանդավառուած էինք Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը տեսնելու, երբեմն սխալ եզրակացութիւններ ըրինք։ Տարիներու ընթացքին, վերոնշեալ Դիտարան–ի թիւին մէկ այլ խօսքին ճշմարիտ ըլլալը շօշափեցինք։ Յօդուածը նշեց. «Սկզբունքով, չենք կրնար մարգարէութիւն մը հասկնալ մինչեւ որ ան կատարուի կամ կատարումի ընթացքին մէջ ըլլայ»։ Հիմա որ վերջին ժամանակին մէջ շատ յառաջացած ենք, Թագաւորութեան առնչուող բազմաթիւ մարգարէութիւններ կատարուած են եւ կը կատարուին։ Քանի՛ որ Աստուծոյ ժողովուրդը խոնարհ է եւ պատրաստ է ճշդումներ ընդունելու, Եհովան իր նպատակին հետ կապուած մեր հասկացողութիւնը աւելի՛ յստակացուցած է։ Ճշմարիտ գիտութիւնը շատցա՛ծ է։

Ճշդումները Աստուծոյ ժողովուրդին սրտին վիճակը կը քննեն

20, 21. Հասկացողութեան մէջ ճշդումները ինչպէ՞ս ազդեցին առաջին դարու քրիստոնեաներուն։

20 Երբ Եհովան ճշմարտութեան նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը կը ճշդէ, մեր սրտին վիճակը քննութեան կ’ենթարկուի։ Հաւատքն ու խոնարհութիւնը մեզ պիտի մղե՞ն փոփոխութիւնները ընդունելու։ Առաջին դարու կիսուն ապրող քրիստոնեաները այսպիսի պարագայի մը առջեւ գտնուեցան։ Երեւակայէ որ հրեայ քրիստոնեայ մըն ես եւ այդ ժամանակ կ’ապրիս։ Մովսիսական օրէնքին հանդէպ խոր յարգանք ունիս եւ հպարտ ես որ իսրայէլ ազգին կը պատկանիս։ Բայց հիմա Պօղոս առաքեալէն կը ստանաս ներշնչեալ նամակներ, ուր ան կը նշէ թէ այլեւս Օրէնքը պարտադիր չէ եւ թէ Եհովան մարմնաւոր իսրայէլ ազգը մերժած է եւ անոր փոխարէն սկսած է հաւաքել հոգեւոր իսրայէլը, որ կը բաղկանայ թէ՛ հրեաներէ եւ թէ հեթանոսներէ (Հռով. 10։12. 11։17-24. Գաղ. 6։15, 16. Կող. 2։13, 14)։ Ինչպէ՞ս պիտի հակազդէիր։

21 Խոնարհ քրիստոնեաները Պօղոսի ներշնչեալ բացատրութիւնը ընդունեցին եւ Եհովան զիրենք օրհնեց (Գործք 13։48)։ Ուրիշներ ճշդումներուն հակառակեցան եւ որոշեցին իրենց հասկացողութեան կառչիլ (Գաղ. 5։7-12)։ Եթէ անոնք իրենց տեսակէտը չփոխէին, Քրիստոսի հետ իշխանակիցներ ըլլալու պատեհութիւնը պիտի կորսնցնէին (Բ. Պետ. 2։1

22. Աստուծոյ նպատակին առնչուող մեր հասկացողութեան նկատմամբ եղած յստակացումներուն մասին ինչպէ՞ս կը զգաս։

22 Վերջին տասնամեակներուն ալ Եհովան Թագաւորութեան առնչուող մեր հասկացողութիւնը ճշդած է։ Օրինակ ան մեզի օգնած է որ յստակ կերպով տեսնենք, թէ Թագաւորութեան հպատակները ե՛րբ պիտի զատուին բարի լուրը չընդունող մարդոցմէն,– ինչպէս որ ոչխարները այծերէն կը զատուին։ Ան նաեւ մեզի սորվեցուցած է թէ ե՛րբ 144,000–ին թիւը պիտի ամբողջանայ, Թագաւորութեան առնչուող Յիսուսի լուսաբանութիւնները ի՛նչ կը նշանակեն եւ ե՛րբ վերջին օծեալը երկնային կեանքի պիտի յարուցանուի d։ Այսպիսի յստակացումներու ինչպէ՞ս կը հակազդես։ Հաւատքդ կը զօրանա՞յ։ Կրնա՞ս տեսնել թէ այս յստակացումները ապացոյց են որ Եհովան կը շարունակէ իր խոնարհ ժողովուրդին կրթութիւն տալ։ Յաջորդ նիւթը քու համոզումդ պիտի աւելցնէ, թէ Եհովան իր նպատակը աստիճանաբար կը յայտնէ իրմէ վախցողներուն։

a Աստուծոյ անունը եբրայերէն բայի ձեւ մըն է, որ կը նշանակէ «ըլլալ»։ Եհովային անունը կը նշանակէ թէ ան իր խոստումները կը կատարէ։ Տե՛ս «Աստուծոյ անուան իմաստը» շրջանակը, 4–րդ գլուխին մէջ։

b Թէեւ այս ժամանակը մեզի համար երկար կը թուի, բայց պէտք է յիշենք որ այն ատեն մարդիկ երկա՜ր կ’ապրէին։ Օրինակ Ադամ ժամանակակից էր Ղամէքի՝ Նոյի հօր։ Ղամէք ժամանակակից էր Սէմի՝ Նոյի որդիին։ Եւ Սէմ ժամանակակից էր Աբրահամի (Ծն. 5։5, 31. 9։29. 11։10, 11. 25։7

c Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ «Սատանայ» բառը 18 անգամ կը գործածուի, իսկ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ՝ աւելի քան 30 անգամ։ Յարմարօրէն, Եբրայերէն Գրութիւնները անհարկի կարեւորութիւն չտուին Սատանային, այլ կեդրոնացան Մեսիային ինքնութեան վրայ։ Իսկ երբ Մեսիան եկաւ Սատանան քօղազերծեց,– ինչպէս որ կը կարդանք Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։

d Հասկացողութեան մէջ այս կարգ մը ճշդումները քննելու համար, տե՛ս Դիտարան–ի հետեւեալ թիւերը. 1 յունուար 1996 էջ 27-31. 1 յունուար 2008 էջ 21-24. 1 յուլիս 2008 էջ 28-31. 15 յուլիս 2013 էջ 9-14։