Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 8

Քարոզչութեան գործիքները. Ամէնուն համար հրատարակութիւններ

Քարոզչութեան գործիքները. Ամէնուն համար հրատարակութիւններ

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Եհովան պէտք եղած գործիքներով մեզ կը պատրաստէ, որ ամէն ազգէ, ցեղէ եւ լեզուէ անհատներու սորվեցնենք

1, 2. ա) Առաջին դարուն, ի՞նչ բան օգնեց որ բարի լուրը ամբողջ հռոմէական կայսրութեան մէջ տարածուի։ բ) Ի՞նչ ապացոյց ունինք որ Եհովան ներկայիս մեզի կ’աջակցի (տես նաեւ « Բարի լուրը աւելի քան 670 լեզուներով» շրջանակը)

 ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ այցելողները իրենց ականջներուն չե՛ն հաւատար։ Գալիլիացիները սահունութեամբ օտար լեզուներ կը խօսին եւ իրենց քարոզած պատգամը իրենց ունկնդիրները կը հրապուրէ։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէն է, եւ աշակերտները հրաշալիօրէն զանազան լեզուներով խօսելու պարգեւը ստացած են,– ինչ որ ցոյց կու տայ թէ Աստուած իրենց կ’աջակցի (կարդա՛ Գործք 2։1-8, 12, 15-17)։ Այդ օր, իրենց քարոզած բարի լուրը զանազան ենթահողերու պատկանող մարդոց հասաւ եւ անկէ ետք տարածուեցաւ ամբողջ հռոմէական կայսրութեան մէջ (Կող. 1։23

2 Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաները հրաշալիօրէն զանազան լեզուներ չեն խօսիր։ Բայց անոնք Թագաւորութեան պատգամը կը թարգմանեն աւելի քան 670 լեզուներու. այսպիսով, այդ պատգամը կը քարոզեն շատ աւելի լեզուներով քան՝ առաջին դարուն (Գործք 2։9-11)։ Աստուծոյ ժողովուրդը հրատարակութիւններ արտադրած է ա՛յնքան շատ քանակով եւ ա՛յնքան բազմաթիւ լեզուներով, որ Թագաւորութեան պատգամը աշխարհի չորս ծագերը հասած է a։ Ասիկա ալ յստակ ապացոյց է որ Եհովան Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ քարոզչութիւնը կ’առաջնորդէ (Մատ. 28։19, 20)։ Մինչ այս գլուխին մէջ կը քննարկենք կարգ մը գործիքներ,– որոնք անցեալ 100 տարիներուն ընթացքին ծառայութեան մէջ օգտագործուեցան,– ուշի–ուշով նկատի առ թէ Թագաւորը ինչպէ՛ս աստիճանաբար մեզ մարզած է որ մարդոց հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերենք, եւ մեզ քաջալերած է որ Աստուծոյ Խօսքին ուսուցիչներ ըլլանք (Բ. Տիմ. 2։2

Թագաւորը իր ծառաները կը պատրաստէ՝ ճշմարտութեան սերմերը ցանելու

3. Մեր քարոզչութեան մէջ ինչո՞ւ զանազան գործիքներ կը գործածենք։

3 Յիսուս «թագաւորութեան խօսքը» նմանցուց սերմերու, իսկ անհատի մը սիրտը՝ հողի (Մատ. 13։18, 19)։ Ճիշդ ինչպէս որ պարտիզպանը զանազան գործիքներ կը գործածէ հողը կակուղցնելու եւ պատրաստելու, որպէսզի սերմը ցանէ, նոյնպէս Եհովային ժողովուրդը գործածած է զանազան գործիքներ, որոնք իրենց օգնած են որ միլիոնաւորներու սիրտը պատրաստեն՝ Թագաւորութեան պատգամը ընդունելու։ Կարգ մը գործիքներ միայն որոշ ժամանակ մը գործնական էին։ Ուրիշներ, ինչպէս՝ գրքերն ու պարբերաթերթերը, կը շարունակեն մինչեւ օրս գործնական ըլլալ։ Նախորդ յօդուածին մէջ նշուած մեթոտներուն մեծամասնութեան հակառակը, այս գլուխին մէջ քննարկուած գործիքները Թագաւորութեան հրատարակիչներուն օգնած են, որ մարդոց դէմ առ դէմ քարոզեն (Գործք 5։42. 17։2, 3

Ֆոնոկրաֆներ եւ ձայնային սարքեր շինել Թորոնթոյի մէջ, Քանատա

4, 5. Հրատարակիչները ինչպէ՞ս ֆոնոկրաֆի միջոցաւ կը քարոզէին, իսկ ֆոնոկրաֆը ի՞նչ անպատեհութիւն ունէր։

4 Ձայնագրուած դասախօսութիւններ։ 1930–ական եւ 1940–ական թուականներուն, հրատարակիչները գործածեցին Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած ձայնագրուած դասախօսութիւններ, որոնք կ’աշխատցուէին դիւրակիր ֆոնոկրաֆներու վրայ։ Իւրաքանչիւր ձայնագրութիւն հինգ վայրկեանէն պակաս կը տեւէր։ Ձայնագրութիւններէն ոմանք կարճ վերնագիրներ կը կրէին, ինչպէս՝ «Երրորդութիւն», «Քաւարան» եւ «Թագաւորութիւն»։ Այդ ձայնագրութիւնները ինչպէ՞ս կը գործածուէին։ Եղբայր Գլէյթըն Ուուտուըրթ Կրտսեր,– որ 1930–ին Միացեալ Նահանգներուն մէջ մկրտուեցաւ,– ըսաւ. «Կը շալկէի դիւրակիր ֆոնոկրաֆ մը, որուն ասեղը ձայնապնակին ծայրը՝ յարմար տեղը՝ կը դնէի, որպէսզի ձայնագրութիւնը լսուէր։ Տան մը դրան կը մօտենայի, ֆոնոկրաֆին պայուսակը կը բանայի, ասեղը յարմար տեղը կը դնէի եւ զանգը կը զարնէի։ Երբ տանտէրը դուռը կը բանար, կ’ըսէի. ‘Կարեւոր պատգամ մը ունիմ, որ կ’ուզեմ որ լսէք’»։ Մարդիկ ինչպէ՞ս կը հակազդէին։ Եղբայր Ուուտուըրթ կ’ըսէ. «Շատ անգամ մարդիկ կ’ընդառաջէին։ Երբեմն ալ դուռը երեսիս կը գոցէին։ Ատեն–ատեն անոնք կը կարծէին որ ֆոնոկրաֆներ կը ծախեմ»։

1940–ին, աւելի քան 90 տարբեր ձայնագրուած դասախօսութիւններ մատչելի էին, աւելի քան մէկ միլիոն օրինակով

5 1940–ին, աւելի քան 90 տարբեր ձայնագրուած դասախօսութիւններ մատչելի էին, աւելի քան մէկ միլիոն օրինակով։ Ճոն Է. Պառ, որ այդ ատեն Բրիտանիոյ մէջ ռահվիրայ էր եւ յետագային Կառավարիչ մարմինի անդամ դարձաւ, ըսաւ. «1936-1945 ֆոնոկրաֆը իմ անբաժան ընկերս էր։ Իրականութեան մէջ, այդ օրերուն առանց ատոր կորսուած կը զգայի։ Դրան առջեւ եղբայր Ռատըրֆորտին ձայնը լսելը շա՜տ քաջալերական էր. կարծես թէ ան անձամբ քովս էր եւ միասնաբար կը ծառայէինք։ Բայց անշուշտ ֆոնոկրաֆին անպատեհութիւնը այն էր, թէ անով չէինք կրնար մարդիկը ուսուցանել եւ անոնց սրտին հասնիլ»։

6, 7. ա) Վկայութեան քարտեր գործածելուն առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները ի՞նչ էին։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս մեր բերնին մէջ խօսքեր դրած է։

6 Վկայութեան քարտեր։ 1933–էն սկսեալ հրատարակիչներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ, որ դռնէ դուռ ծառայելու ընթացքին վկայութեան քարտեր գործածեն։ Վկայութեան քարտը այժմու դաշտի ծառայութեան տեղեկագրին չափ էր։ Անիկա Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հակիրճ պատգամ մը կը բովանդակէր եւ մէջը ներկայացուած կ’ըլլար աստուածաշնչական հրատարակութիւն մը, որ տանտէրը կրնար խնդրել։ Հրատարակիչը պարզապէս քարտը տանտիրոջ կու տար եւ իրմէ կը խնդրէր որ զայն կարդայ։ Լիլիան Քամմէրուտ, որ յետագային Բորթօ Ռիքոյի եւ Արժանթինի մէջ որպէս միսիոնար ծառայեց, ըսաւ. «Վկայութեան քարտով ծառայելով ուրախացայ»։ Ինչո՞ւ։ «Բոլորս լաւ ներկայացումներ չէինք կրնար տալ», ան ըսաւ։ «Ուստի, անիկա ինծի օգնեց որ վարժուիմ մարդոց մօտենալ»։

Վկայութեան քարտ (իտալերէն)

7 Եղբայր Տէյվիտ Ռիւշ, որ 1918–ին մկրտուեցաւ, նշեց. «Վկայութեան քարտերը եղբայրներուն օգնեցին, քանի որ քիչեր գիտէին թէ մարդոց ի՛նչ պիտի ըսեն»։ Բայց այս գործիքն ալ անպատեհութիւններ ունէր։ Եղբայր Ռիւշ ըսաւ. «Երբեմն կը հանդիպէինք մարդոց, որոնք կը կարծէին որ համր ենք։ Առումով մը, մեզմէ շատեր կարող չէին խօսիլ։ Բայց Եհովան մեզ կը պատրաստէր, որ մարդոց ներկայանանք որպէս իր ծառաները։ Շուտով ան մեր բերնին մէջ խօսքեր պիտի դնէր՝ սորվեցնելով դրան առջեւ Աստուածաշունչը գործածել։ Ասիկա իրագործուեցաւ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին միջոցաւ, որ սկսաւ 1940–ական թուականներուն» (կարդա՛ Երեմիա 1։6-9

8. Ինչպէ՞ս կրնաս թոյլ տալ Քրիստոսին որ քեզ մարզէ։

8 Գիրքեր։ 1914–էն ի վեր Եհովային ժողովուրդը արտադրած է աւելի քան 100 տարբեր գիրքեր, որոնք Սուրբ Գրային նիւթեր կը քննարկեն։ Այդ գիրքերէն ոմանք մասնայատուկ կերպով ծրագրուեցան հրատարակիչները մարզելու որ ազդու քարոզիչներ ըլլան։ Դանիայէն 70 տարուան հրատարակիչ՝ Էննա Լարսըն կ’ըսէ. «Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին եւ անոր յարակից գրքերուն միջոցաւ Եհովան մեզի օգնած է որ աւելի ազդու հրատարակիչներ ըլլանք։ Այդ գրքերէն առաջինն էր՝ Աստուածպետական օգնութիւն Թագաւորութեան հրատարակիչներուն, որ լոյս տեսաւ 1945–ին։ Անոր յաջորդեց «Ամէն բարի գործերու պատրաստուած» գիրքը, որ հրատարակուեցաւ 1946–ին։ Իսկ այժմ ունինք Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գիրքը, որ հրատարակուեցաւ 2001–ին»։ Բացայայտ է որ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցն ու անոր յարակից գրքերը կարեւոր դեր խաղցած են, մինչ Եհովան ‘մեզ որակեալ դարձուցած է’ որ ծառաներ ըլլանք (Բ. Կոր. 3։5, 6, ՆԱ)։ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ աշակե՞րտ ես։ Ամէն շաբաթ Ծառայութեան դպրոց գիրքը ժողովի կը բերե՞ս, եւ անկէ կը հետեւի՞ս մինչ դպրոցի տեսուչը անոր ակնարկութիւն կ’ընէ։ Եթէ այդպէս ընես, Քրիստոսին թոյլ տուած պիտի ըլլաս որ քեզ մարզէ որ ուսուցանելու հմտութիւններդ բարելաւես (Բ. Կոր. 9։6. Բ. Տիմ. 2։15

9, 10. Ճշմարտութեան սերմերը ցանելու եւ ջրելու մէջ գիրքերը ի՞նչ դեր խաղցած են։

9 Եհովան նաեւ մեզի օգնած է՝ իր կազմակերպութեան միջոցաւ հայթայթելով գրքեր, որոնք կ’օգնեն Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներ բացատրելու։ Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ գիրքը յատկապէս ազդու էր։ Անիկա առաջին անգամ հրատարակուեցաւ 1968–ին եւ իսկոյն լաւ արդիւնք տուաւ։ Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին նոյեմբեր 1968 թիւը նշեց. «Ճշմարտութիւն գրքին պահանջքը ա՛յնքան մեծ էր, որ Ընկերութեան Պրուքլինի տպարանին մէջ ծառայող եղբայրները սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին բացառաբար գիշերներն ալ աշխատեցան»։ Յօդուածը շարունակեց ըսել. «Ատեն մը, օգոստոս ամսուան ընթացքին, Ճշմարտութիւն գրքին պահանջքը տպաքանակէն մէկուկէս միլիոն օրինակ աւելի էր»։ 1982–ին, արդէն իսկ այս գրքէն աւելի քան 100 միլիոն օրինակ հրատարակուած էր 116 լեզուներով։ 1968-1982 Ճշմարտութիւն գիրքը պատճառ դարձաւ որ աւելի քան 1 միլիոն Թագաւորութեան հրատարակիչներ միանան մեր շարքերուն b։

10 2005–ին, լոյս տեսաւ Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող ուրիշ հրատարակութիւն մը՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։ Արդէն իսկ շուրջ 200 միլիոն օրինակ տպուած է 256 լեզուներով։ Ի՞նչ արդիւնքով։ Միայն եօթը տարուան մէջ,– 2005–էն 2012,– շուրջ 1,2 միլիոն մարդիկ դարձած են բարի լուրի հրատարակիչներ։ Այդ նոյն ժամանակամիջոցին, մեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրողներուն թիւը բարձրացած է շուրջ 6 միլիոնէն աւելի քան 8,7 միլիոնի։ Անկասկած, Եհովան կ’օրհնէ Թագաւորութեան ճշմարտութեան սերմերը ցանելու ու ջրելու մեր ջանքերը (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 3։6, 7

11, 12. Մեր պարբերաթերթերը որո՞նց ուղղուած են։

11 Պարբերաթերթեր։ Սկիզբը, Դիտարան–ի յօդուածները գլխաւորաբար ուղղուած էին «պզտիկ հօտ»ին՝ «երկնային կոչում» ունեցողներուն (Ղուկ. 12։32. Եբ. 3։1)։ 1 հոկտեմբեր 1919–ին Եհովային կազմակերպութիւնը հրատարակեց ուրիշ պարբերաթերթ մը, որ ծրագրուած էր հանրութեան համար։ Պարբերաթերթը ա՛յնքան սիրուեցաւ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն եւ հանրութեան կողմէ, որ տարիներ շարունակ շատ աւելի շրջաբերութիւն ունեցաւ, քան՝ Դիտարան–ը։ Սկիզբը այս պարբերաթերթը կը կոչուէր Ոսկեդար։ 1937–ին, անունը փոխուեցաւ եւ եղաւ Մխիթարութիւն։ Ապա, 1946–ին անիկա ճանչցուեցաւ որպէս Զարթի՛ր։

12 Տասնամեակներու ընթացքին Դիտարան–ին եւ Զարթի՛ր–ին ոճն ու տեսքը փոխուած են, բայց անոնց նպատակը նոյնը մնացած է. Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ծանուցանել եւ Աստուածաշունչին հանդէպ հաւատք կերտել։ Ներկայիս, Դիտարան–ը ունի երկու հրատարակութիւն. ուսումնասիրական հրատարակութիւն եւ հանրամատչելի հրատարակութիւն։ Ուսումնասիրական հրատարակութիւնը ուղղուած է տան ծառաներուն, այսինքն՝ թէ՛ «պզտիկ հօտ»ին եւ թէ «ուրիշ ոչխարներ»ուն (Մատ. 24։45. Յովհ. 10։16) c։ Հանրամատչելի հրատարակութիւնը մասնաւորաբար պատրաստուած է անոնց համար՝ որոնք տակաւին ճշմարտութիւնը չեն գիտեր, բայց Աստուածաշունչն ու Աստուած կը յարգեն (Գործք 13։16)։ Իսկ Զարթի՛ր–ը ուղղուած է անոնց՝ որոնք Աստուածաշունչին ու ճշմարիտ Աստուծոյն՝ Եհովային մասին չնչին տեղեկութիւն ունին (Գործք 17։22, 23

13. Մեր պարբերաթերթերուն առնչութեամբ ի՞նչ բան աչքառու կը գտնես (քննարկէ « Հրատարակութիւններու համաշխարհային մրցանիշներ» ցուցակը)։

13 2014–ի սկիզբը, ամէն ամիս Զարթի՛ր պարբերաթերթէն կը հրատարակուէր աւելի քան 44 միլիոն օրինակ, իսկ Դիտարան–էն՝ շուրջ 46 միլիոն օրինակ։ Զարթի՛ր–ը կը թարգմանուէր շուրջ 100 լեզուներով, իսկ Դիտարան–ը՝ աւելի քան 200 լեզուներով։ Այսպիսով անոնք դարձան ամէնէն շատ թարգմանուած եւ բաշխուած պարբերաթերթերը երկրի վրայ։ Այս իրագործումները պէտք չէ մեզ զարմացնեն, քանի որ այս պարբերաթերթերուն մէջ կը գտնուի այն պատգամը, որ ըստ Յիսուսի խօսքին պիտի քարոզուէր ամբողջ աշխարհի մէջ (Մատ. 24։14

14. Ի՞նչ բանի վրայ նախանձախնդրաբար աշխատած ենք եւ ինչո՞ւ։

14 Աստուածաշունչը։ 1896–ին, եղբայր Ռասըլն ու իր ընկերակիցները հրատարակութիւններ տպելու համար իրենց գործածած ընկերութեան անունը փոխեցին, որպէսզի «Սուրբ Գիրք» արտայայտութիւնը ընդգրկէ։ Այնուհետեւ, ընկերութիւնը ճանչցուեցաւ որպէս՝ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութիւն անունով։ Այդ փոփոխութիւնը տեղին էր, քանի որ Թագաւորութեան բարի լուրը տարածելու համար Աստուածաշունչը միշտ մեր գլխաւոր գործիքը եղած է (Ղուկ. 24։27)։ Ընկերութեան օրինական անունին հետ ներդաշնակ, Աստուծոյ ծառաները նախանձախնդրաբար Աստուածաշունչը բաշխած են եւ մարդիկը քաջալերած են որ զայն կարդան։ Օրինակ, 1926–ին, մեր տպարաններուն մէջ տպեցինք Քրիստոնէական յունարէն Գրութիւններուն մէկ թարգմանութիւնը՝ The Emphatic Diaglott–ը, որ արտադրուած է Պէնճէմին Ուիլսընի կողմէ։ 1942–էն սկսեալ, Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը թարգմանութենէն տպեցինք եւ բաշխեցինք շուրջ 700,000 օրինակ։ Միայն երկու տարի ետք, սկսանք տպել Աստուածաշունչի ուրիշ թարգմանութիւն մը՝ American Standard Version–ը, ուր Աստուծոյ անունը կ’երեւի 6823 անգամ։ 1950–ին, արդէն իսկ անկէ բաշխած էինք աւելի քան 250,000 օրինակ։

15, 16. ա) Նոր աշխարհի թարգմանութեան նկատմամբ ի՞նչ բան կ’արժեւորես (քննարկէ « Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը արագացնել» շրջանակը)։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային թոյլ տալ որ սրտիդ դպչի։

15 1950–ին, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը անգլերէն լեզուով լոյս տեսաւ։ Իսկ 1961–ին, Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը անգլերէն լեզուով ամբողջութեամբ լոյս տեսաւ որպէս մէկ գիրք։ Այս թարգմանութիւնը Եհովան կը պատուէ՝ անոր անունը ետ դնելով բոլոր այն տեղերը, ուր կ’երեւէր եբրայերէն բնագրին մէջ։ Նաեւ, Աստուծոյ անունը 237 անգամ կ’երեւի Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։ Վստահ ըլլալու համար թէ անիկա կարելի եղածին չափ ճշգրիտ եւ ընթեռնլի է, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը քանի մը անգամ վերանայուած է։ Վերջին անգամ անիկա վերանայուեցաւ 2013–ին։ Մինչեւ այդ տարին, այս թարգմանութենէն աւելի քան 201 միլիոն օրինակ տպուած էր 121 լեզուներով,– կա՛մ ամբողջութեամբ եւ կամ մասամբ։

16 Ինչպէ՞ս արտայայտուած են կարգ մը մարդիկ, որոնք Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը իրենց մայրենի լեզուով կարդացած են։ Նեփալցի տղամարդ մը ըսաւ. «Շատերու համար, մեր ունեցած նեփալերէն հին թարգմանութիւնը դժուարահասկնալի էր, քանի որ դասական լեզուով գրուած էր։ Բայց հիմա Աստուածաշունչը կրնանք շատ աւելի լաւ կերպով հասկնալ, քանի որ մեր ամէնօրեայ լեզուով գրուած է»։ Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան մէջ, երբ կին մը սկսաւ Աստուածաշունչը սանկօ լեզուով կարդալ, լացաւ ու ըսաւ. «Ասիկա իմ սրտիս դպչող լեզուն է»։ Այդ կնոջ նման կրնանք թոյլ տալ Եհովային որ մեր սրտին դպչի, իր Խօսքը ամէն օր կարդալով (Սաղ. 1։2. Մատ. 22։36, 37

Երախտագէտ՝ գործիքներուն եւ մարզումին համար

17. Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ թէ ստացած գործիքներուդ ու մարզումիդ համար երախտապարտ ես, եւ արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

17 Կը գնահատե՞ս Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի հայթայթած գործիքներն ու ստացած յառաջդիմական մարզումդ։ Ժամանակ կը տրամադրե՞ս Աստուծոյ կազմակերպութեան արտադրած հրատարակութիւնները կարդալու, եւ զանոնք կը գործածե՞ս ուրիշներուն օգնելու համար։ Եթէ այո՛, անկասկած կը համաձայնիս քոյր Օփըլ Պեթլըրի հետ, որ 4 հոկտեմբեր 1914–ին մկրտուեցաւ։ Օփըլ ըսաւ. «Տարիներ շարունակ ամուսինս [Էտուարտ] եւ ես գործածեցինք ֆոնոկրաֆն ու վկայութեան քարտերը։ Դռնէ դուռ ծառայելու ընթացքին գործածեցինք գրքեր, գրքոյկներ եւ պարբերաթերթեր։ Մասնակցեցանք արշաւներու եւ երթերու, եւ բաշխեցինք թերթիկներ։ Յետագային մարզում ստացանք վերայցելութիւններ ընելու եւ հետաքրքրուած անհատներու տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու։ Շատ զբաղած եւ ուրախալի կեանք մը վարած ենք»։ Յիսուս խոստացաւ որ իր հպատակները զբաղած պիտի մնային սերմանելով ու հնձելով, ինչպէս նաեւ՝ միասնաբար ուրախանալով։ Օփըլի նման միլիոնաւորներ կրնան վկայել թէ այդ խոստումը ճշմարիտ է (կարդա՛ Յովհաննէս 4։35, 36

18. Ի՞նչ առանձնաշնորհում ունինք։

18 Շատեր՝ որոնք տակաւին Թագաւորին ծառաները չեն, թերեւս Աստուծոյ ժողովուրդը «տգէտ ու առանց ուսման» մարդիկ կը սեպեն (Գործք 4։13)։ Բայց պահ մը մտածէ՛։ Թագաւորը իր ժողովուրդը վերածած է հրատարակչական կազմի մը, որ կը տպէ աշխարհի ամէնէն շատ լեզուներով թարգմանուած ու ամէնէն մեծ տպաքանակ ունեցող հրատարակութիւնները։ Աւելի կարեւորը, ան մեզ մարզած ու մղած է գործածելու այս գործիքները, որպէսզի բարի լուրը ամէն ազգէ մարդոց տարածենք։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է աշխատիլ Քրիստոսին հետ՝ ճշմարտութեան սերմերը ցանելով եւ աշակերտներ հնձելով։

a Միայն անցեալ տասնամեակին Եհովային ժողովուրդը արտադրած է աւելի քան 20 միլիառ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ։ Ասկէ զատ, մեր կայքը՝ jw.org, այժմ մատչելի է աւելի քան 2,7 միլիառ մարդոց, որոնք համացանցը կը գործածեն։

b Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող այլ հրատարակութիւններ են՝ Աստուծոյ քնարը (հրատարակուած՝ 1921–ին), «Աստուած ճշմարիտ թող ըլլայ» (հրատարակուած՝ 1946–ին), Դուք կրնաք յաւիտեան ապրիլ երկրային դրախտի մը մէջ (հրատարակուած՝ 1982–ին) եւ Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ (հրատարակուած՝ 1995–ին)։

c Տե՛ս Դիտարան–ի 15 յուլիս 2013 թիւը, էջ 23, պարբերութիւն 13, որ կը քննարկէ տան ծառաներուն ինքնութեան նկատմամբ մեր ճշդուած հասկացողութիւնը։