Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 10

Թագաւորը իր ժողովուրդը հոգեւորապէս կը զտէ

Թագաւորը իր ժողովուրդը հոգեւորապէս կը զտէ

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս Յիսուս իր հետեւորդները հոգեւորապէս զտած ու մաքրած է

1-3. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ երբ տաճարը պղծուած գտաւ։

 ՅԻՍՈՒՍ Երուսաղէմի տաճարին հանդէպ խոր յարգանք ունէր, քանի որ գիտէր թէ ատիկա ի՛նչ կը ներկայացնէր։ Երկար տարիներ տաճարը ճշմարիտ պաշտամունքի կեդրոնն էր երկրի վրայ։ Բայց սուրբ Աստուծոյն՝ Եհովայի պաշտամունքը պէտք է մաքուր եւ անարատ ըլլայ։ Երեւակայէ որ Յիսուս ինչպէ՛ս զգաց երբ Ք.Ե. 33–ի նիսան 10–ին տաճար եկաւ եւ զայն պղծուած գտաւ։ Հոն ի՞նչ կը պատահէր (կարդա՛ Մատթէոս 21։12, 13

2 Հեթանոսներու գաւիթին մէջ ագահ վաճառականներն ու ստակ փոխողները դրամ կը կորզէին Եհովայի երկրպագուներէն, որոնք տաճար կու գային Անոր զոհեր մատուցանելու a։ Յիսուս «դուրս հանեց ամէն անոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին եւ ստակ փոխողներուն սեղանները. . . կործանեց» (համեմատէ՛ Նէեմիա 13։7-9)։ Ան խստօրէն պախարակեց այդ շահամոլ մարդիկը, որոնք իր Հօր տունը «աւազակներու այր» դարձուցեր էին։ Այսպիսով, Յիսուս յարգանք ցուցաբերեց տաճարին եւ հոն մատուցուած պաշտամունքին հանդէպ։ Իր Հօր պաշտամունքը պէտք էր մաքո՛ւր մնար։

3 Դարեր ետք, մեսիական Թագաւոր գահակալուելէ յետոյ, Յիսուս դարձեալ մաքրեց տաճար մը, որ կը պարփակէ բոլոր անոնք՝ որոնք Եհովան ընդունելի կերպով կը պաշտեն։ Ո՞ր տաճարին մասին կը խօսինք։

«Ղեւիին որդիները» մաքրել

4, 5. ա) 1914–էն մինչեւ 1919–ի սկիզբը Յիսուսի օծեալ հետեւորդները ինչպէ՞ս զտուեցան եւ մաքրուեցան։ բ) Ատիկա Աստուծոյ ժողովուրդին զտման ու մաքրումին վե՞րջն էր. բացատրէ՛։

4 Ինչպէս որ այս գրքին 2–րդ գլուխին մէջ տեսանք, 1914–ին թագադրուելէ ետք, Յիսուս իր Հօր հետ եկաւ քննելու հոգեւոր տաճարը,– մաքուր պաշտամունքին կարգադրութիւնը b։ Այս քննութեան առ ի արդիւնք, Թագաւորը տեսաւ որ օծեալ քրիստոնեաները՝ «Ղեւիին որդիները»՝ զտուելու եւ մաքրուելու պէտք ունէին (Մաղ. 3։1-31914–էն մինչեւ 1919–ի սկիզբը, Զտիչը՝ Եհովան՝ թոյլ տուաւ որ իր ժողովուրդը անցնի զանազան փորձերէ ու դժուարութիւններէ, որոնք զիրենք զտեցին ու մաքրեցին։ Օծեալները այդ կրականման փորձութիւններէն մաքրուած դուրս ելան, տենչալով աջակցիլ մեսիական Թագաւորին։

5 Արդեօք այսպիսով Աստուծոյ ժողովուրդին մաքրումն ու զտումը վե՞րջ գտաւ։ Ո՛չ։ Վերջին օրերուն ընթացքին, Եհովան մեսիական Թագաւորին միջոցաւ շարունակած է իր հետեւորդներուն օգնել որ մաքուր ըլլան, որպէսզի հոգեւոր տաճարին մէջ մնան։ Յաջորդ երկու գլուխներուն մէջ պիտի տեսնենք որ ան ինչպէ՛ս զանոնք զտած է բարոյական եւ կազմակերպչական գետնի վրայ։ Բայց նախ քննարկենք հոգեւոր մաքրումը։ Մեր հաւատքը շատ կը զօրանայ, տեսնելով որ Յիսուս ի՛նչ ըրած է,– թէ՛ տեսանելի կերպերով եւ թէ վարագոյրին ետեւէն,– իր հետեւորդներուն օգնելու որ հոգեւորապէս մաքուր ըլլան։

«Մաքուր եղէ՛ք»

6. Հրեայ աքսորեալներուն ուղղած Եհովայի պատուէրները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն հասկնալու թէ հոգեւոր մաքրութիւնը ի՛նչ կը պարփակէ։

6 Հոգեւոր մաքրութիւնը ի՞նչ է։ Պատասխանելու համար, նկատի առնենք թէ Եհովան ի՛նչ ըսաւ հրեայ աքսորեալներուն, որոնք Ք.Ա. 6–րդ դարուն Բաբելոնէն դուրս պիտի գային (կարդա՛ Եսայի 52։11)։ Այդ աքսորեալները Երուսաղէմ կը վերադառնային գլխաւորաբար տաճարը վերաշինելու եւ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատելու համար (Եզր. 1։2-4)։ Եհովան ուզեց որ իր ժողովուրդը բաբելոնական կրօնքի բոլոր հետքերը իր ետին ձգէ։ Նկատի առ որ ան շարք մը պատուէրներ տուաւ. «Պիղծ բանի մի՛ դպչիք», «Անոր մէջէն ելէ՛ք» եւ «Մաքուր եղէ՛ք»։ Եհովային մաքուր պաշտամունքը պէտք չէ արատաւորուի սուտ պաշտամունքով։ Ուրեմն ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Հոգեւոր մաքրութիւնը կը պարփակէ սուտ կրօնքին ուսուցումներէն եւ սովորութիւններէն զերծ մնալ։

7. Յիսուս որո՞ւն միջոցաւ իր հետեւորդներուն օգնած է որ հոգեւորապէս մաքուր ըլլան։

7 Թագադրուելէն քիչ ետք, 1919–ին Յիսուս հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան նշանակեց, որուն միջոցաւ իր հետեւորդներուն օգնած է որ հոգեւորապէս մաքուր ըլլան։ Այդ ծառան զատորոշելը դիւրին էր (Մատ. 24։45)։ Այդ տարի, Աստուածաշունչի Աշակերտները արդէն իրենք զիրենք բազմաթիւ սուտ կրօնական ուսուցումներէ մաքրած էին։ Բայց տակաւին անոնք պէտք ունէին հոգեւորապէս ա՛լ աւելի մաքրուելու։ Իր հաւատարիմ ծառային միջոցաւ, Քրիստոս աստիճանաբար իր հետեւորդներուն ցոյց տուաւ, թէ ո՛ր տօներն ու սովորութիւնները պէտք էր լքէին (Առ. 4։18)։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։

Քրիստոնեաները պէ՞տք է Սուրբ Ծնունդը տօնեն

8. Աստուածաշունչի Աշակերտները շատոնց ի՞նչ գիտէին Սուրբ Ծնունդին մասին, բայց եւ այնպէս ի՞նչ չըմբռնեցին։

8 Աստուածաշունչի Աշակերտները շատոնց գիտէին, որ Սուրբ Ծնունդը հեթանոսական արմատներ ունի եւ թէ Յիսուս դեկտեմբեր 25–ին չէ ծնած։ Սիօնի դիտարան–ին դեկտեմբեր 1881 թիւը նշեց. «Միլիոնաւոր հեթանոսներ քրիստոնեաներ դարձան։ Բայց այս մէկը ընդհանուր առմամբ անուանական փոփոխութիւն էր, քանի որ հեթանոս քուրմերը քրիստոնեայ քահանաներ դարձան եւ հեթանոսական տօները քրիստոնէական անուններ կրեցին. եւ Սուրբ Ծնունդը այդ տօներէն մէկն է»։ 1883–ին, «Յիսուս ե՞րբ ծնաւ» խորագրին տակ, Դիտարան–ը տրամաբանօրէն պատճառաբանեց որ Յիսուս հոկտեմբերի սկիզբը ծնած էր c։ Բայց այդ ատեն Աստուածաշունչի Աշակերտները չըմբռնեցին թէ պէտք էր դադրէին Սուրբ Ծնունդը տօնելէ։ Նոյնիսկ Պրուքլինի Բեթէլի ընտանիքը շարունակեց զայն տօնել։ Բայց 1926–էն ետք պարագան փոխուեցաւ։ Ինչո՞ւ։

9. Աստուածաշունչի Աշակերտները Սուրբ Ծնունդին մասին ի՞նչ անդրադարձան։

9 Այս հարցը խորապէս քննելէ ետք, Աստուածաշունչի Աշակերտները անդրադարձան որ Սուրբ Ծնունդին ծագումն ու անոր առնչուող սովորութիւնները Աստուած կ’անպատուեն։ «Սուրբ Ծնունդին ծագումը» խորագրով յօդուածը,– որ լոյս տեսաւ Ոսկեդար–ի 14 դեկտեմբեր 1927 թիւին մէջ,– նշեց որ Սուրբ Ծնունդը հեթանոսական տօնակատարութիւն մըն է, որ կը կեդրոնանայ հաճոյքներու վրայ եւ կռապաշտութիւն կը պարփակէ։ Յօդուածը յստակ դարձուց որ Քրիստոս չպատուիրեց որ այս տօնը տօնակատարուի, եւ եզրափակեց հետեւեալ խօսքերով. «Այն իրողութիւնը թէ աշխարհը, մեր անկատար մարմինը եւ Բանսարկուն կ’ուզեն որ այս տօնը միշտ տօնակատարուի, ապացոյց է որ անոնք՝ որոնք սրտանց նուիրուած են Եհովային ծառայութեան, զայն պէտք չէ տօնեն»։ Զարմանալի չէ որ Բեթէլի ընտանիքը ո՛չ այդ դեկտեմբերին, ոչ ալ անկէ ետք Սուրբ Ծնունդը տօնեց։

10. ա) Դեկտեմբեր 1928–ին, Սուրբ Ծնունդին նկատմամբ ի՞նչ յաւելեալ լուսաբանութիւններ եղան (տես նաեւ « Սուրբ Ծնունդին ծագումն ու նպատակը» շրջանակը)։ բ) Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս այլ տօներու նկատմամբ զգուշացումներ ստացաւ (տե՛ս « Ուրիշ տօներ կը քօղազերծուին» շրջանակը)։

10 Յաջորդ տարին, Աստուածաշունչի Աշակերտները Սուրբ Ծնունդին նկատմամբ ա՛լ աւելի լուսաբանուեցան։ 12 դեկտեմբեր 1928–ին, եղբայր Ռիչըրտ Հ. Պարպըր՝ կեդրոնատեղիի անձնակազմին մէկ անդամը, ռատիոյէն ներկայացուց դասախօսութիւն մը, որ այս տօնին անմաքուր ծագումները քօղազերծեց։ Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս ընդառաջեց հաւատարիմ ծառային յստակ ուղղութեան։ Յիշելով այն ժամանակը երբ ինքն ու իր ընտանիքը դադրեցան Սուրբ Ծնունդը տօնելէ, եղբայր Չարլզ Պրէնտլայն ըսաւ. «Նեղուեցա՞նք որ այդ հեթանոսական սովորութիւնները մէկդի պիտի դնէինք։ Անշուշտ ոչ. . . ։ Անիկա կը նմանէր ցեխոտ հագուստ մը մեր վրայէն հանելուն ու նետելուն»։ Նոյն զգացումները ունեցաւ նաեւ եղբայր Հենրի Ա. Գէնթուէլ, որ յետագային ծառայեց որպէս շրջագայող տեսուչ։ Ան յիշեց. «Շատ ուրախ էինք որ կրնայինք բանէ մը հրաժարիլ, Եհովային ապացուցանելու համար թէ զինք կը սիրենք»։ Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդները պատրաստ էին պէտք եղած փոփոխութիւնները ընելու եւ չմասնակցելու տօնակատարութեան մը, որ անմաքուր պաշտամունքէ յառաջ կու գար (Յովհ. 15։19. 17։14) d։

11. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ մեսիական Թագաւորին կ’աջակցինք։

11 Այդ հաւատարիմ Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՜նչ լաւ օրինակ կը հանդիսանան մեզի համար։ Անոնց օրինակին վրայ խոկալով, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Հաւատարիմ ծառայէն ստացած ուղղութեան ինչպէ՞ս կը հակազդեմ։ Զայն երախտապարտօրէն կ’ընդունի՞մ եւ սորվածս կը կիրարկե՞մ’։ Մեր յօժարակամ հնազանդութիւնը ցոյց կու տայ, թէ կ’աջակցինք մեսիական Թագաւորին, որ հաւատարիմ ծառան կը գործածէ, ատենին հոգեւոր սնունդ հայթայթելու (Գործք 16։4, 5

Քրիստոնեաները պէ՞տք է խաչը գործածեն

«Խաչ ու թագ» խորհրդանշան (Տե՛ս պարբերութիւն 12 եւ 13)

12. Տարիներ շարունակ Աստուածաշունչի Աշակերտները խաչին նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ ունէին։

12 Տարիներ շարունակ Աստուածաշունչի Աշակերտները խաչը կը համարէին քրիստոնէութեան ընդունելի խորհրդանշան։ Անշուշտ անոնք չէին խորհեր որ խաչը պէտք է պաշտուի, քանի որ հասկցած էին թէ կռապաշտութիւնը սխալ է (Ա. Կոր. 10։14. Ա. Յովհ. 5։21)։ 1883–էն իսկ Դիտարան–ը անկեղծօրէն ըսաւ թէ «ամէն տեսակ կռապաշտութիւն Աստուծոյ աչքին պիղծ է»։ Բայց սկիզբը Աստուածաշունչի Աշակերտները խաչի «յարմար» գործածութիւնը սխալ չէին տեսներ։ Օրինակ, անոնք կը պարծենային դնելով «խաչ ու թագ» զարդասեղը՝ որպէս զիրենք զատորոշող կրծքանշան։ Իրենց համար անիկա ցոյց կու տար, որ եթէ մինչեւ մահ հաւատարիմ մնային, կենաց պսակը պիտի ստանային։ 1891–էն սկսեալ, «խաչ ու թագ» խորհրդանշանը կ’երեւէր Դիտարան–ի կողքին վրայ։

13. Խաչի գործածութեան նկատմամբ Քրիստոսի հետեւորդները ի՞նչ լուսաբանութիւն ստացան (տես նաեւ « Խաչի վերաբերեալ լուսաբանութիւններ» շրջանակը)։

13 Աստուածաշունչի Աշակերտները շատ կը սիրէին «խաչ ու թագ» խորհրդանշանը։ Բայց 1920–ական թուականներու վերջաւորութենէն սկսեալ, Քրիստոսի հետեւորդները աստիճանական լուսաբանութիւններ ստացան խաչին գործածութեան նկատմամբ։ Յիշելով այն համաժողովը, որ 1928–ին տեղի ունեցաւ Տիթրոյթ քաղաքին մէջ, Միշիկըն (ԱՄՆ), եղբայր Կրանդ Սութըր,– որ յետագային ծառայեց որպէս Կառավարիչ մարմինի անդամ,– նշեց. «Համաժողովին յստակ դարձաւ որ ‘խաչ ու թագ’ զարդասեղներ գործածելը ոչ միայն անհրաժեշտ չէ, այլեւ սխալ է»։ Յաջորդ տարիներուն այլ բաներ ալ բացայայտուեցան։ Յստակ դարձաւ որ խաչը տեղ չունի անարատ եւ հոգեւորապէս մաքուր պաշտամունքին մէջ։

14. Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս հակազդեց խաչին վերաբերեալ յաւելեալ լուսաբանութիւններուն։

14 Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս հակազդեց խաչին վերաբերեալ յաւելեալ լուսաբանութիւններուն։ Արդեօք անոնք շարունակեցի՞ն կառչիլ «խաչ ու թագ» խորհրդանշանին, որ իրենց համար շատ հարազատ էր։ «Երբ իմացանք թէ անիկա ի՛նչ կը ներկայացնէ, անմիջապէս դադրեցանք զայն գործածելէ», յիշեց Լիլա Ռապըրթս, Եհովային մէկ երկարամեայ ծառան։ Ուրսուլա Սըրենգօ անունով ուրիշ հաւատարիմ քոյր մը շատերու զգացումները արտայայտեց, երբ ըսաւ. «Անդրադարձանք որ այն ինչ որ կը սիրէինք,– զայն համարելով Յիսուսի մահուան եւ մեր քրիստոնէական նուիրումին խորհրդանիշը,– իրականութեան մէջ հեթանոսական խորհրդանիշ էր։ Շատ երախտապարտ եղանք որ,– ճիշդ ինչպէս որ Առակաց 4։18–ը կ’ըսէ,– մեր ճամբան երթալով լուսաւորուեցաւ»։ Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդները չուզեցին մաս կազմել սուտ կրօնքի անմաքուր սովորութիւններուն։

15, 16. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ վճռած ենք Եհովային հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթները մաքուր պահել։

15 Ներկայիս նոյն վճռականութիւնը ունինք։ Մենք գիտենք որ Քրիստոս իր հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային միջոցաւ իր ժողովուրդին կ’օգնէ, որ հոգեւորապէս մաքուր մնայ։ Ուրեմն, երբ մեր ստացած հոգեւոր սնունդը մեզ կը զգուշացնէ պիղծ տօնակատարութիւններէ, սովորութիւններէ կամ աւանդութիւններէ, անմիջապէս կը հնազանդինք։ Մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն նման,– որոնք ապրեցան Քրիստոսի ներկայութեան սկիզբը,– վճռած ենք Եհովայի հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթները մաքուր պահել։

16 Վերջին օրերուն Քրիստոս նաեւ վարագոյրին ետեւէն աշխատած է Եհովայի ժողովուրդին ժողովքները պաշտպանելու այն անհատներէն, որոնք կրնան հոգեւոր ապականութիւն պատճառել։ Ասիկա ինչպէ՞ս ըրած է։ Տեսնե՛նք։

«Արդարներուն մէջէն չարերը» զատել

17, 18. Ուռկանին առակին մէջ, ի՞նչ կը նշանակէ ա) ուռկանը ձգել, բ) ‘ամէն տեսակ ձուկ ժողվել’, գ) աղէկ ձուկերը ամաններու մէջ ժողվել եւ դ) անշահ ձուկերը դուրս ձգել։

17 Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս կը հսկէ Աստուծոյ ժողովուրդին բոլոր ժողովքներուն վրայ։ Ան հրեշտակներուն հետ զատում մը կ’ընէ այնպիսի կերպերով, զորս չենք ըմբռներ։ Յիսուս այս գործը նկարագրեց ուռկանին առակով (կարդա՛ Մատթէոս 13։47-50)։ Այս առակին իմաստը ի՞նչ է։

Ուռկանը կը ներկայացնէ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը որ տեղի կ’ունենայ մարդկութեան ծովուն մէջ (Տե՛ս պարբերութիւն 18)

18 ‘Ծովը ուռկան մը ձգել’։ Ուռկանը կը ներկայացնէ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը որ տեղի կ’ունենայ մարդկութեան ծովուն մէջ։ ‘Ամէն տեսակ ձուկ ժողվել’։ Բարի լուրը ամէն տեսակ մարդիկ կը հրապուրէ,– անոնք՝ որոնք քայլեր կ’առնեն ճշմարիտ քրիստոնեաներ դառնալու, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք սկիզբը հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, բայց մաքուր պաշտամունքին կողքին դիրք չեն բռներ e։ «Աղէկները ամաններու մէջ» ժողվել։ Ազնուասիրտ անհատները կը հաւաքուին ամանանման ժողովքներու մէջ, ուր կրնան մաքուր պաշտամունք մատուցանել Եհովային։ «Անշահ» ձուկերը դուրս ձգել։ Վերջին օրերուն, Քրիստոս եւ հրեշտակները «արդարներուն մէջէն չարերը» կը զատեն f։ Առ ի արդիւնք, առիթ պիտի չտրուի որ ժողովքները ապականուին սրտի ճիշդ վիճակ չունեցողներուն կողմէ,– այսինքն՝ անոնց կողմէ, որոնք չեն ուզեր իրենց սխալ հաւատալիքները կամ սովորութիւնները լքել g։

19. Աստուծոյ ժողովուրդն ու ճշմարիտ պաշտամունքը մաքուր պահելու Քրիստոսի թափած ջանքերուն նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգաս։

19 Չե՞նք քաջալերուիր գիտնալով որ մեր Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ իր հոգատարութեան տակ եղողները կը պաշտպանէ։ Մխիթարական չէ՞ գիտնալ որ ան ճշմարիտ պաշտամունքին,– եւ ճշմարիտ երկրպագուներուն,– հանդէպ ունի այն նոյն նախանձախնդրութիւնը որ ունէր Ք.Ե. առաջին դարուն երբ տաճարը մաքրեց։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Քրիստոս աշխատած է պահպանելու Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր մաքրութիւնը եւ ճշմարիտ պաշտամունքին անարատութիւնը։ Կրնանք ցոյց տալ որ Թագաւորին ու Թագաւորութեան կ’աջակցինք՝ երբ սուտ կրօնքին հետ ամէն կապ խզենք։

a Երուսաղէմ այցելող հրեաները պէտք էր որոշ դրամ գործածէին՝ տաճարին տարեկան տուրքը վճարելու։ Ստակ փոխողները դրամափոխութեան համար գումար կը պահանջէին։ Ասկէ զատ, թերեւս այցելուները հոնկէ անասուններ գնէին, որ զոհեր մատուցանէին։ Յիսուս վաճառականները «աւազակներ» կոչեց, հաւանաբար քանի որ շատ սուղ գիներ կը դնէին իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար։

b Եհովային ժողովուրդը զինք կը պաշտէ իր հոգեւոր մեծ տաճարին երկրային գաւիթներուն մէջ։

c Յօդուածը նշեց որ տրամաբանական չէր որ Յիսուս ձմրան ծնէր, քանի որ ատիկա «չի համապատասխաներ այն արձանագրութեան, որ կ’ըսէ թէ հովիւները դաշտն էին իրենց հօտերուն հետ» (Ղուկ. 2։8

d 14 նոյեմբեր 1927 թուակիր անձնական նամակի մը մէջ, եղբայր Ֆրետերիք Ու. Ֆրանզ գրեց. «Այս տարի Սուրբ Ծնունդ պիտի չտօնենք։ Բեթէլի ընտանիքը որոշած է ա՛լ Սուրբ Ծնունդ չտօնել»։ Քանի մը ամիս ետք, 6 փետրուար 1928 թուակիր նամակի մը մէջ ան գրեց. «Կամաց–կամաց Տէրը մեզ կը մաքրէ Բանսարկուին բաբելոնական կազմակերպութեան սխալներէն»։

e Օրինակ, նկատի առ թէ 2013–ին, հրատարակիչներուն գագաթ թիւն էր՝ 7,965,954. իսկ Քրիստոսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուողներուն թիւն էր՝ 19,241,252։

f Աղէկ ձուկերը անշահ ձուկերէն զատելը պէտք չէ շփոթենք ոչխարները այծերէն զատելուն հետ (Մատ. 25։31-46)։ Ոչխարները այծերէն զատելը, այսինքն՝ վերջին դատաստանը, տեղի կ’ունենայ գալիք մեծ նեղութեան ընթացքին։ Մինչեւ այն ժամանակ, անշահ ձուկերու նմանող անհատները թերեւս վերադառնան Եհովային եւ ամանանման ժողովքներու մէջ հաւաքուին (Մաղ. 3։7

g Վերջաւորութեան, անշահ ձուկերը կրակի հնոցը պիտի ձգուին, որ կը խորհրդանշէ անոնց ապագայ բնաջնջումը։