Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 11

Բարոյական զտումներ. Աստուծոյ սրբութիւնը արտացոլել

Բարոյական զտումներ. Աստուծոյ սրբութիւնը արտացոլել

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Թագաւորը իր հպատակներուն կը սորվեցնէ Աստուծոյ բարոյական չափանիշները յարգել

Երեւակայէ որ Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին արտաքին գաւիթը կը մտնես

1. Եզեկիէլ ի՞նչ հիասքանչ տեսիլք մը տեսաւ։

 ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ հսկայ եւ լուսաշող տաճարի մը կը մօտենաս։ Հզօր հրեշտակ մը պատրաստ է քեզի ցոյց տալու այս հոյակապ կառոյցը։ Եօթը աստիճաններ կը բարձրանաս ու կը հասնիս դուրսի երեք դռներէն մէկուն։ Տեսնելով մուտքը երկիւղածութեամբ կը լեցուիս։ Անոր բարձրութիւնը 30 մեթր է։ Մուտքին աջ ու ձախ կողմերը կը նկատես պահակներու խուցեր կամ սենեակներ եւ շքեղ արմաւենիներու նման սիւներ։ Ասկէ շուրջ 25 դար առաջ Եզեկիէլ այսպիսի տեսիլք մը տեսաւ (Եզեկ. 40։1-4, 10, 14, 16, 22. 41։20

2. ա) Տաճարը ի՞նչ կը ներկայացնէ (տես նաեւ ստորանիշը)։ բ) Մուտքերուն նկարագրութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ։

2 Այս տեսիլքը հոգեւոր տաճարին մասին էր։ Եզեկիէլ այնպիսի մանրամասնութեամբ նկարագրեց տաճարը, որ իր անունը կրող մարգարէական գրքին մէջ այս արձանագրութիւնը 40–րդ գլուխէն մինչեւ 48–րդ գլուխը կը ծածկէ։ Այս տաճարը կը ներկայացնէ Եհովայի մաքուր պաշտամունքի կարգադրութիւնը։ Իւրաքանչիւր երեսակ նշանակութիւն ունի մեր պաշտամունքին մէջ այս վերջին օրերուն a։ Այդ վեհաշուք մուտքերը ի՞նչ կը նշանակեն։ Ատոնք մեզի կը յիշեցնեն, թէ անոնք՝ որոնք Եհովայի մաքուր պաշտամունքի կարգադրութեան մէջ կը մտնեն, պէտք է անոր վեհ եւ արդար չափանիշներուն համաձայն ապրին։ Նոյնն է պարագան քանդակուած արմաւենիներուն, քանի որ Աստուածաշունչին մէջ անոնք երբեմն արդարութիւն կը խորհրդանշեն (Սաղ. 92։12)։ Ի՞նչ կարելի է ըսել պահակներու սենեակներուն մասին։ Յստակ է որ աստուածային չափանիշները չյարգողները կը մերժուին մտնել մաքուր պաշտամունքի այս գեղեցիկ վայրը, որ կեանքի կ’առաջնորդէ (Եզեկ. 44։9

3. Ինչո՞ւ շարունակական զտումի հարկ եղած է։

3 Եզեկիէլի տեսիլքը ինչպէ՞ս կատարուած է։ Ինչպէս որ նշեցինք այս գրքին 2–րդ գլուխին մէջ, Եհովան Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ իր ժողովուրդը զտեց 1914–էն մինչեւ 1919–ի սկիզբը։ Զտումը այն ատեն վերջ գտա՞ւ։ Ո՛չ։ Անցեալ դարուն ընթացքին, Քրիստոս շարունակած է վեր բռնել Եհովայի սուրբ չափանիշները վարքի առնչութեամբ։ Հետեւաբար, իր հետեւորդները շարունակական զտումի հարկ ունեցած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Քրիստոս իր հետեւորդները կը հաւաքէ բարոյապէս ապականած այս աշխարհէն, իսկ Սատանան բնաւ չի դադրիր զիրենք ետ մխրճելէ անբարոյութեան մէջ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։20-22)։ Նկատի առնենք երեք մարզեր, որոնց նկատմամբ ճշմարիտ քրիստոնեաները ուղղութիւն ստացած են սուրբ եւ մաքուր մնալու։ Նախ, նկատի պիտի առնենք կարգ մը բարոյական զտումներ, ապա ժողովքը մաքուր պահելու կարեւոր կարգադրութիւն մը եւ վերջապէս ընտանեկան կարգադրութիւնը։

Բարոյական զտումներ

4, 5. Հինէն ի վեր Սատանան ո՞ր ռազմավարութիւնը գործածած է եւ ի՞նչ արդիւնքներով։

4 Եհովային ժողովուրդը միշտ խորապէս հետաքրքրուած է բարոյական բարձր եւ արդար չափանիշներով։ Անոր համար, տրուած ուղղութիւններուն միշտ ընդառաջած է։ Նկատի առ քանի մը օրինակներ։

5 Սեռային անբարոյութիւն։ Եհովան նպատակադրեց որ ամուսնացած զոյգերուն վայելած սեռային յարաբերութիւնը ըլլայ մաքուր եւ հաճոյալի։ Սակայն Սատանան այս թանկարժէք պարգեւը ամուսնական կարգադրութենէն դուրս բերելով կը վերածէ գարշելի բանի մը։ Ինչպէս նաեւ զայն կ’օգտագործէ Աստուծոյ ծառաները փորձելու, որպէսզի Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցնեն։ Սատանան Բաղաամի օրերուն գործածեց այս ռազմավարութիւնը, որ ողբերգական արդիւնքներ ունեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ։ Իսկ վերջին օրերուն, ան որեւէ ժամանակէ աւելի զայն կը գործածէ (Թուոց 25։1-3, 9. Յայտ. 2։14

6. Դիտարան–ին մէջ ի՞նչ երդում հրատարակուեցաւ, ինչպէ՞ս ի գործ դրուեցաւ եւ ինչո՞ւ եղբայրները դադրեցան զայն արտասանելէ (տես նաեւ ստորանիշը)։

6 Սատանային այս ռազմավարութեան դէմ դնելու համար, Դիտարան–ի 15 յունիս 1908 թիւը հրատարակեց երդում մը, որ պարփակեց հետեւեալ խօսքը. «Ամէն ատեն եւ ամէն տեղ երբ հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը հետ առանձին գտնուիմ, անոր հետ պիտի վարուիմ այնպէս՝ ինչպէս որ իրեն հետ հանրապէս կը վարուիմ» b։ Թէեւ երդումը պարտադիր չէր, բայց շատեր այդ երդումը ըրին եւ իրենց անունը ներկայացուցին, որ Սիօնի դիտարան–ին մէջ տպուի։ Տարիներ ետք կազմակերպութիւնը նկատեց, թէ այս երդումը արարողութիւն մը դարձած էր,– հակառակ անոր որ ժամանակ մը շատերու օգնած էր։ Անոր համար այդ երդումը արտասանելը դադրեցաւ։ Բայց եղբայրները անոր պարփակած բարոյական բարձր չափանիշները միշտ վեր բռնեցին։

7. 1935–ին, Դիտարան–ը ո՞ր խնդրին մասին խօսեցաւ եւ ի՞նչ բան շեշտեց։

7 Սատանային յարձակումները սաստկացան։ Դիտարան–ի 1 մարտ 1935 թիւը ուղղակի յայտնեց խնդիր մը, որ երթալով կը մեծնար Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։ Ոմանք կարծեցին որ ծառայութեան մասնակցիլը զիրենք ձեւով մը կ’ազատէ Եհովային բարոյական չափանիշներուն հետեւելէն։ Դիտարան–ը յստակ կերպով ըսաւ. «Բոլորս պէտք է յիշենք որ մեզմէ չէ պահանջուած միայն քարոզչութեան մասնակցիլ։ Եհովային վկաները իր ներկայացուցիչներն են, ուստի պարտաւոր են Եհովան եւ իր թագաւորութիւնը պատշաճ կերպով ներկայացնել»։ Ապա, յօդուածը յստակ խրատ տուաւ ամուսնութեան եւ սեռային բարոյականութեան մասին, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդին օգնէ որ ‘պոռնկութենէն փախչի’ (Ա. Կոր. 6։18

8. Դիտարան–ը ինչո՞ւ կրկին անգամ շեշտած է սեռային անբարոյութեան առնչուող յունարէն բառին լման իմաստը։

8 Վերջին տասնամեակներուն, Դիտարան–ը կրկին անգամ շեշտած է յարմար սահմանումը բոռնէա բառին, որ Յունարէն Գրութիւններուն մէջ գործածուած է սեռային անբարոյութիւն արտայայտութեան առնչութեամբ։ Բոռնէա բառին իմաստը չի սահմանափակուիր սեռային յարաբերութեամբ։ Փոխարէն, անիկա կը պարփակէ բազմաթիւ անբարոյ արարքներ, ընդհանրապէս ներփակելով այն լկտի սեռային արարքները, որոնք պոռնկատուներու մէջ կը կատարուին։ Այսպիսի զգուշացումներու շնորհիւ Քրիստոսի հետեւորդները պաշտպանուած են սեռային խոտորումէն, որ համաճարակի պէս այս աշխարհին մէջ տարածուած է (կարդա՛ Եփեսացիս 4։17-19

9, 10. ա) 1935–ին, Դիտարան–ը բարոյական ի՞նչ հարց քննարկեց։ բ) Ի՞նչ է Աստուածաշունչի հաւասարակշռուած տեսակէտը ալքոլի նկատմամբ։

9 Ալքոլի չափազանց գործածութիւն։ Դիտարան–ի 1 մարտ 1935 թիւը բարոյական այլ հարց մը քննարկեց. «Նաեւ նկատած ենք թէ ոմանք դաշտի ծառայութեան կը մասնակցին եւ կազմակերպութեան մէջ այլ պատասխանատուութիւններ կը կատարեն ալքոլի ազդեցութեան տակ։ Աստուածաշունչը ո՞ր տարողութեամբ գինիի գործածութեան հաւանութիւն կու տայ։ Պատշա՞ճ է որ անհատը գինի խմէ ա՛յն աստիճան որ Տէրոջ կազմակերպութեան մէջ իր ծառայութեան ազդէ»։

10 Դիտարան–ը այս երկու հարցումներուն պատասխանեց՝ ոգելից ըմպելիներու նկատմամբ Աստուածաշունչի հաւասարակշռուած տեսակէտը յստակացնելով։ Աստուածաշունչը չի դատապարտեր գինիի կամ ուրիշ ոգելից ըմպելիի չափաւոր գործածութիւնը, բայց խստօրէն կը դատապարտէ գինովութիւնը (Սաղ. 104։14, 15. Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Իսկ ինչ կը վերաբերի ալքոլի ազդեցութեան տակ սուրբ ծառայութիւն մատուցանելուն, կազմակերպութիւնը միշտ Աստուծոյ ծառաներուն յիշեցուցած է Ահարոնի որդիներուն պատմութիւնը։ Աստուած զանոնք մեռցուց, քանի որ իրեն անսուրբ կրակ մատուցանեցին։ Արձանագրութիւնը կը յայտնէ այն՝ ինչ որ հաւանաբար զիրենք մղեց անպատշաճ բան ընելու։ Այս դէպքէն քիչ ետք Աստուած տուաւ օրէնք մը, որ բոլոր քահանաները կ’արգիլէր ոգելից ըմպելի խմելէ սուրբ ծառայութիւն մատուցանելու ընթացքին (Ղեւ. 10։1, 2, 8-11)։ Այսօր, այդ օրէնքին ետին գտնուող սկզբունքը կիրարկելով՝ Քրիստոսի հետեւորդները ուշադիր կ’ըլլան որ սուրբ ծառայութիւն մատուցանելու ընթացքին ալքոլի ազդեցութեան տակ չըլլան։

11. Աստուծոյ ժողովուրդը ինչո՞ւ օրհնուած է ալքոլամոլութեան շուրջ լուսաբանուելով։

11 Վերջին տասնամեակներուն Քրիստոսի հետեւորդները աւելի յստակ կերպով հասկցած են ալքոլամոլութեան խնդիրը։ Յարմար ատենին հոգեւոր սնունդ ստանալուն շնորհիւ, շատեր օգնութիւն ստացած են որ այս մոլութիւնը յաղթահարեն եւ իրենց կեանքը դարձեալ իրենց հակակշռին տակ առնեն։ Շատեր ալ օգնութիւն ստացած են որ բոլորովին այս մոլութեան գերի չդառնան։ Ո՛չ ոք պէտք է թոյլ տայ ալքոլի չափազանց գործածութեան որ պատճառ դառնայ կորսնցնելու իր արժանապատուութիւնը, ընտանիքը եւ ամէնէն կարեւորը Եհովայի մաքուր պաշտամունք մատուցանելու առանձնաշնորհումը։

«Չենք կրնար երեւակայել թէ մեր Տէրոջ վրայէն ծխախոտի հոտ կ’ելլէ կամ թէ իր բերնին մէջ պիղծ բան մը կը դնէ» Չ. Թ. Ռասըլ

12. Նոյնիսկ վերջին օրերը սկսելէն առաջ Քրիստոսի ծառաները ծխախոտի գործածութիւնը ինչպէ՞ս նկատեցին։

12 Ծխախոտի գործածութիւն։ Նոյնիսկ վերջին օրերը սկսելէն առաջ Քրիստոսի ծառաները չէին քաջալերեր ծխախոտի գործածութիւնը։ Նկատի առ թէ տարիներ առաջ, Չարլզ Գէյփըն անունով տարեց եղբայր մը ի՛նչ յիշեց Չարլզ Թէյզ Ռասըլի հետ իր առաջին հանդիպման մասին 19–րդ դարու վերջաւորութեան։ Այն ատեն Գէյփըն, որ 13 տարեկան էր, եւ իր եղբայրներէն երեքը կեցած էին Էլլիկէյնիի մէջ գտնուող Աստուածաշունչի տան աստիճաններուն վրայ, Փէնսիլվանիա։ Անոնց քովէն անցած ատեն, Ռասըլ հարցուց. «Տղաք, կը ծխէ՞ք։ Ծխախոտի հոտ կ’առնեմ»։ Անոնք իրեն վստահեցուցին որ չէին ծխեր։ Անկասկած տղաքը այդ ատեն գիտցան Ռասըլի տեսակէտը այս հարցին շուրջ։ Դիտարան–ի 1 օգոստոս 1895 թիւին մէջ եղբայր Ռասըլ Բ. Կորնթացիս 7։1–ին մասին հետեւեալը ըսաւ. «Չեմ կրնար երեւակայել թէ ինչպէ՛ս քրիստոնեայ մը կ’օգտուի կամ Աստուծոյ փառք կու գայ երբ ան որեւէ տեսակի ծխախոտ գործածէ. . . Չենք կրնար երեւակայել թէ մեր Տէրոջ վրայէն ծխախոտի հոտ կ’ելլէ կամ թէ իր բերնին մէջ պիղծ բան մը կը դնէ»։

13. 1973–ին բարոյական ի՞նչ զտում եղաւ։

13 1935–ին, Դիտարան–ը ծխախոտը «պիղծ խոտ» կոչեց եւ նշեց թէ ան որ կ’որոշէ զայն ծամել կամ ծխել, չի կրնար Բեթէլի ընտանիքի անդամ մնալ կամ ծառայել որպէս Աստուծոյ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը՝ ռահվիրայական ծառայութեան կամ շրջագայական ծառայութեան մէջ։ 1973–ին բարոյական յաւելեալ զտում մը եղաւ։ Այդ տարի, Դիտարան–ի 1 յունիս թիւը բացատրեց, թէ Եհովայի վկայ մը չի կրնար ժողովքին մէջ լաւ կեցուածք ունենալ մինչ այս մահացու, պիղծ եւ անսիրալիր սովորութիւնը ունի։ Անոր համար, անոնք որոնք մերժեցին ծխելէ դադրիլ՝ պէտք էր վտարուէին c։ Այսպիսով, Քրիստոս յաւելեալ կարեւոր քայլ մը առած էր իր հետեւորդները զտելու։

14. Արեան նկատմամբ Աստուծոյ չափանիշը ի՞նչ է եւ արեան ներարկումը ինչպէ՞ս սովորական դարձաւ։

14 Արիւն։ Նոյի օրերուն Աստուած ըսաւ որ արիւն ուտելը սխալ է։ Ան այս պատուէրը շեշտեց իսրայէլ ազգին տուած իր Օրէնքին մէջ։ Դարեր ետք, ան քրիստոնէական ժողովքէն ալ պահանջեց որ ‘ետ կենան արիւնէ’ (Գործք 15։20, 29. Ծն. 9։4. Ղեւ. 7։26)։ Զարմանալի չէ որ մեր օրերուն Սատանան կերպ մը հնարած է շատերը մղելու որ այս աստուածային պատուէրին չհնազանդին։ 19–րդ դարուն, բժիշկները արեան ներարկման մարզին մէջ փորձեր կ’ընէին, բայց երբ արեան խմբաւորումները մէջտեղ ելան, այս սովորութիւնը ընդհանրացաւ։ 1937–ին արիւնը սկսաւ հաւաքուիլ եւ արեան պահեստանոցներու մէջ պահուիլ, եւ ապա Բ. Աշխարհամարտը այս սովորութեան թափ տուաւ։ Շուտով արեան ներարկումը աշխարհի տարածքին սովորական դարձաւ։

15, 16. ա) Արեան ներարկման նկատմամբ Եհովայի վկաները ի՞նչ կեցուածք որդեգրեցին։ բ) Քրիստոսի հետեւորդները անարիւն դարմանումի նկատմամբ ի՞նչ օգնութիւն ստացած են եւ ի՞նչ արդիւնքով։

15 1944–ին Դիտարան–ը նշեց որ արեան ներարկում ստանալը իրականութեան մէջ արիւն ուտելու այլ կերպ մըն է։ Յաջորդ տարին, այս աստուածաշնչական սկզբունքը աւելի շեշտուեցաւ եւ յստակացաւ։ 1951–ին հարց–պատասխանի ցանկ մը հրատարակուեցաւ, Աստուծոյ ժողովուրդին օգնելու որ բժիշկներու հետ խօսակցի։ Աշխարհի տարածքին, Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդները քաջարի կեցուածք կը բռնէին, յաճախ արհամարհանքի, հակառակութեան եւ նոյնիսկ ուղղակի հալածանքի դիմաց։ Բայց Քրիստոս շարունակեց յառաջ մղել իր կազմակերպութիւնը, որ հարկ եղած աջակցութիւնը հայթայթէ։ Մանրամասն եւ լաւ պատրաստուած գրքոյկներ եւ յօդուածներ հրատարակուեցան։

16 1979–ին կարգ մը երէցներ սկսան հիւանդանոցներ այցելել, որպէսզի բժիշկներուն օգնեն աւելի լաւ հասկնալու մեր կեցուածքը, անոր ետին գտնուող աստուածաշնչական պատճառները եւ արեան ներարկման փոխընտրութիւնները։ 1980–ին, Միացեալ Նահանգներու 39 քաղաքներու երէցներ մասնայատուկ մարզում ստացան այս առնչութեամբ։ Ժամանակի ընթացքին, Կառավարիչ մարմինը որոշեց աշխարհի տարածքին հաստատել Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբեր։ Այս ջանքերուն արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Ներկայիս, տասնեակ հազարաւոր բժշկական մասնագէտներ,– ներառեալ՝ բժիշկներ, վիրաբոյժներ եւ անզգայացնող բժիշկներ,– Վկայ հիւանդներուն հետ կը համագործակցին եւ անոնց անարիւն դարմանումի ընտրութիւնները կը յարգեն։ Երթալով աւելի՛ հիւանդանոցներ անարիւն դարմանումներ կը տրամադրեն եւ ոմանք նոյնիսկ զանոնք բժշկական լաւագոյն խնամքը կը նկատեն։ Սքանչելի չէ՞ մտածել թէ Յիսուս ի՛նչ կերպերով իր հետեւորդները պաշտպանած է, հակառակ անոր որ Սատանան շարունակ փորձած է զիրենք պղծել (կարդա՛ Եփեսացիս 5։25-27

Երթալով աւելի՛ հիւանդանոցներ անարիւն դարմանումներ կը տրամադրեն եւ ոմանք նոյնիսկ զանոնք բժշկական լաւագոյն խնամքը կը նկատեն

17. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ կ’արժեւորենք այն կերպը, որով Քրիստոս իր հետեւորդները զտած է։

17 Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Կ’արժեւորե՞նք այն կերպը, որով Քրիստոս իր հետեւորդները զտած է, զիրենք մարզելով՝ որ Եհովայի բարոյական բարձր չափանիշներուն կառչին’։ Եթէ այո՛, թող որ միշտ ի մտի ունենանք որ Սատանան որեւէ ժամանակէ աւելի կը փորձէ մեզ Եհովայէն եւ Յիսուսէն հեռացնել՝ աստուածային բարոյական չափանիշներուն հանդէպ մեր յարգանքը նուազեցնելով։ Անոր ազդեցութեան դէմ դնելու համար, Եհովային կազմակերպութիւնը շարունակ սիրալիր ազդարարութիւններ եւ յիշեցումներ կու տայ այս աշխարհին անբարոյ կերպերուն մասին։ Թող որ միշտ զգոյշ ըլլանք եւ այսպիսի օգտակար խրատներու ընդառաջենք եւ հնազանդինք (Առ. 19։20

Ժողովքը պաշտպանել բարոյական նախատինքէ

18. Եզեկիէլի տեսիլքը ի՞նչ յստակ յիշեցում կու տայ կամովին Աստուծոյ չափանիշներուն դէմ ըմբոստացողներուն մասին։

18 Բարոյական զտումի երկրորդ երեսակը կապ ունի ժողովքը մաքուր պահելուն առնչուող քայլերուն հետ։ Ցաւօք սրտի, ոմանք թէեւ կ’ընդունին վարքի նկատմամբ Եհովայի չափանիշները եւ իրեն կը նուիրուին, բայց իրենց որոշումին չեն կառչիր։ Անոնք ի վերջոյ սրտի փոփոխութիւն կ’ունենան եւ կամովին կ’ըմբոստանան այդ չափանիշներուն դէմ։ Այսպիսիներու ի՞նչ պէտք է ընել։ Հոգեւոր տաճարի նկատմամբ Եզեկիէլի տեսիլքը թերեւս մեզի օգնէ պատասխանը գտնելու։ Յիշէ այդ վեհաշուք մուտքերը։ Տեսիլքը կը նկարագրէ թէ իւրաքանչիւր մուտքի մէջ պահակներու սենեակներ կան։ Պահակները տաճարը կը պաշտպանեն, բացայայտօրէն արգիլելու «սրտով անթլփատ»ները հոն մտնելէ (Եզեկ. 44։9)։ Ասիկա յստակ յիշեցում է որ մաքուր պաշտամունքը առանձնաշնորհում մըն է, որ կը տրուի միայն անոնց՝ որոնք կը ջանան ապրիլ վարքի առնչուող Եհովայի մաքուր չափանիշներուն համաձայն։ Համանման կերպով, ներկայիս հաւատակիցներու հետ պաշտամունք մատուցանելու առանձնաշնորհումը ամէնուն չէ տրուած։

19, 20. ա) Քրիստոս ինչպէ՞ս աստիճանաբար օգնած է իր հետեւորդներուն որ գիտնան ինչպէ՛ս վարուիլ լուրջ յանցագործի մը հետ։ բ) Անզեղջ յանցագործները վտարելու ի՞նչ երեք պատճառներ կան։

19 1892–ին Դիտարան–ը ըսաւ թէ «մեր պարտականութիւնն է վտարել այն քրիստոնեաները՝ որոնք կա՛մ ուղղակիօրէն եւ կամ անուղղակիօրէն կը մերժեն թէ Քրիստոս ինքզինք փրկանք տուաւ. . . ամէնուն համար» (կարդա՛ Բ. Յովհաննէս 10)։ 1904–ին, Նոր ստեղծագործութիւն գիրքը ըսաւ թէ անոնք՝ որոնք կը շարունակեն սխալ վարքի միջամուխ ըլլալ, ժողովքին բարոյական մաքրութիւնը կը վտանգեն։ Այդ ատեն, ամբողջ ժողովքը կը մասնակցէր «եկեղեցիին դատերուն», որպէսզի լուրջ սխալներ քննարկէ։ Բայց այսպիսի դատեր հազուադէպ էին։ 1944–ին, Դիտարանը ցոյց տուաւ թէ միայն պատասխանատու եղբայրները այսպիսի հարցերու պէտք է հոգ տանին։ 1952–ին, Դիտարան–ին մէջ հրատարակուեցաւ դատական հարցեր լուծելու վերաբերեալ աստուածաշնչական գործընթաց մը, որ կը շեշտէր չզղջացողները վտարելու գլխաւոր պատճառ մը. ժողովքը մաքուր պահել։

20 Անկէ ի վեր Քրիստոս շարունակած է իր հետեւորդները այս մարզին մէջ զտել եւ իրենց օգնել որ գիտնան ինչպէ՛ս վարուիլ երբ ժողովքի մէկ անդամը լուրջ յանցագործութիւն մը գործէ։ Քրիստոնեայ երէցները լաւ մարզում կը ստանան, որ դատական հարցեր լուծեն Եհովային կերպով՝ արդարութիւնը հաւասարակշռելով ողորմութեան հետ։ Ինչպէս յստակ կը դառնայ, առնուազն երեք պատճառներ կան անզեղջ յանցագործ մը ժողովքէն վտարելու. 1) Եհովային անունը նախատինքէ մաքուր պահել, 2) ժողովքը մաքուր պահել լուրջ մեղքին քայքայիչ ազդեցութենէն եւ 3) յանցագործը զղջումի մղել, եթէ այդ մէկը կարելի է։

21. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ վտարումի կարգադրութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին համար օրհնութիւն է։

21 Չե՞ս համաձայնիր թէ ներկայիս վտարումի կարգադրութիւնը Քրիստոսի հետեւորդներուն համար օրհնութիւն է։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ յանցագործները յաճախ ապականիչ ազդեցութիւն ունէին ազգին վրայ։ Երբեմն, անոնց թիւը կը գերազանցէր Եհովան սիրողներուն եւ ճիշդը ընել ջանացողներուն թիւը։ Այսպիսով, ազգը յաճախ նախատինք կը բերէր Եհովային անուան վրայ եւ անոր հաճութիւնը կը կորսնցնէր (Եր. 7։23-28)։ Բայց ներկայիս Եհովայի ժողովուրդը բաղկացած է հոգեւո՛ր տղամարդոցմէ եւ կիներէ։ Եւ անոնք, որոնք անզեղջ յանցագործներ են կը վերցուին անոնց մէջէն։ Այսպիսով, անոնց թոյլ չի տրուիր որ Սատանային ձեռքերուն մէջ դառնան զէնքեր, որոնցմով ան կրնայ ժողովքին վնաս հասցնել եւ անոր անարատութիւնը ապականել։ Այսպիսիները վտարելով՝ անոնց ազդեցութիւնը կը նուազի եւ որպէս խումբ Եհովային հաճութիւնը չենք կորսնցներ։ Յիշէ թէ Եհովան խոստացաւ. «Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի» (Եսա. 54։17)։ Հաւատարմօրէն կ’աջակցի՞նք երէցներուն, որոնք դատական հարցեր լուծելու այս ծանր բեռը շալկած են։

Ընտանիքի Հիմնադիրը փառաւորել

22, 23. Ինչո՞ւ երախտապարտ ենք 20–րդ դարուն սկիզբը ապրած մեր հաւատակիցներուն, բայց ի՞նչ ապացոյց կայ որ անոնք ընտանեկան կարգադրութեան նկատմամբ հաւասարակշռութեան պէտք ունէին։

22 Ամուսնութիւնն ու ընտանեկան կեանքը երրորդ մարզն է, որուն մէջ Քրիստոս իր հետեւորդները շարունակաբար զտած է։ Տարիներու ընթացքին ընտանիքի նկատմամբ մեր տեսակէտը զտուա՞ծ է։ Այո՛։ Օրինակ, երբ կը կարդանք 20–րդ դարուն սկիզբը ապրած Աստուծոյ ծառաներուն մասին, իրենց անձնազոհ հոգին մեզ կը տպաւորէ եւ կ’ապշեցնէ։ Խորապէս երախտապարտ ենք որ անոնք իրենց կեանքին մէջ սուրբ ծառայութիւնը ամէն բանէ վեր դրին։ Սակայն միեւնոյն ժամանակ կրնանք նկատել թէ աւելի հաւասարակշռութեան պէտք կար։ Ինչպէ՞ս։

23 Այդ ատեն եղբայրները ծառայութեան մէջ նշանակումներ կը ստանային կամ ալ կը մասնակցէին շրջագայական գործին. այսպիսով, անոնք ամիսնե՜ր իրենց տունէն հեռու կը մնային։ Երբեմն, կազմակերպութիւնը ամուրիութեան վրայ չափէ դուրս շեշտ կը դնէր։ Միեւնոյն ժամանակ շատ քիչ բան կ’ըսուէր ամուսնական զօրաւոր կապեր պահպանելուն մասին։ Ներկայիս նման իրավիճակ մը կը տիրէ՞։ Անշուշտ ո՛չ։

Աստուածպետական նշանակումները ընտանեկան պարտաւորութիւններուն հաշւոյն պէտք չէ ըլլան

24. Քրիստոս ինչպէ՞ս օգնեց իր հաւատարիմ ժողովուրդին որ աւելի հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենայ ամուսնութեան եւ ընտանեկան կարգադրութեան նկատմամբ։

24 Ներկայիս, աստուածպետական նշանակումները ընտանեկան պարտաւորութիւններուն հաշւոյն պէտք չէ ըլլան (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Նաեւ, Քրիստոս ուշադիր կ’ըլլայ որ իր հաւատարիմ հետեւորդները յարատեւ աստուածաշնչական օգտակար եւ հաւասարակշռուած խրատներ ստանան ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքի շուրջ (Եփ. 3։14, 15)։ 1978–ին, Ընտանեկան կեանքդ երջանիկ ընել գիրքը լոյս տեսաւ, իսկ շուրջ 18 տարի ետք՝ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը։ Ասկէ զատ, Դիտարան–ը կը բովանդակէ անհամար յօդուածներ, որոնք ծրագրուած են ամուսնացած զոյգերուն օգնելու՝ որ աստուածաշնչական սկզբունքներ կիրարկեն իրենց ընտանեկան կեանքին մէջ։

25-27. Տարիներու ընթացքին, ինչպէ՞ս աւելի մեծ ուշադրութիւն ընծայուեցաւ տարբեր տարիքի պատկանող երեխաներուն կարիքներուն։

25 Ի՞նչ կարելի է ըսել երեխաներուն եւ պատանիներուն մասին։ Տարիներու ընթացքին, անոնց կարիքներուն հետզհետէ ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընծայուած է։ Եհովային կազմակերպութիւնը շատոնց հետաքրքրական նիւթեր պատրաստած է անոնց համար։ Այդ նիւթերն ալ ժամանակի ընթացքին աւելի առատ եւ բազմազան դարձան։ Օրինակ, 1919-1921 Ոսկեդար–ին մէջ լոյս տեսան «Պատանիները Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն» խորագրով յօդուածները։ Անկէ ետք, Ոսկեդարի այբբենարան գրքոյկը լոյս տեսաւ 1920–ին եւ Երեխաներ գիրքը՝ 1941–ին։ 1970–ական թուականներուն լոյս տեսան հետեւեալ գիրքերը. Մեծ Ուսուցիչին մտիկ ընել, Ձեր պատանեկութենէն լաւագոյնս օգտուեցէք եւ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ։ 1982–ին Զարթի՛ր–ին մէջ սկսաւ լոյս տեսնել «Պատանիները կը հարցնեն» յօդուածաշարքը, որուն հիման վրայ լոյս տեսաւ Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ գիրքը 1989–ին։

Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած այս համաժողովին ընթացքին երեխաները կ’ուրախանան Աստուածաշունչի դասերս գրքոյկը ստանալով

26 Ներկայիս, Պատանիները կը հարցնեն գրքին երկու այժմէական հատորներ ունինք, իսկ յօդուածաշարքը կը շարունակուի դրուիլ մեր կայքին մէջ՝ jw.org։ Նաեւ ունինք Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գիրքը։ Մեր կայքը կը բովանդակէ երեխաներուն յատկացուած բազմաթիւ նիւթեր, ինչպէս՝ Աստուածաշունչի անձնաւորութիւններու քարտեր, Աստուածաշունչը սերտելու գործունէութիւն տարբեր տարիքի պատկանող երեխաներու համար, տեսաերիզներ եւ Աստուածաշունչի պատկերազարդ պատմութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ աստուածաշնչական դասեր երեք տարեկանէն վար մանուկներու համար։ Յստակ է որ երեխաներուն նկատմամբ Քրիստոսի տեսակէտը չէ փոխուած այն օրէն՝ երբ մանուկները իր շուրջը հաւաքեց եւ իր գիրկը առաւ (Մար. 10։13-16)։ Ան կ’ուզէ որ երեխաները սիրուած զգան եւ հոգեւորապէս լաւ սնուցանուին։

27 Յիսուս նաեւ կ’ուզէ որ երեխաները ամէն տեսակ վնասէ պաշտպանուած ըլլան։ Մինչ այս աշխարհը բարոյական գետնի վրայ անկում կը կրէ, երեխաներու լլկումը կը տարածուի։ Անոր համար, կազմակերպութիւնը յստակ եւ ուղղակի նիւթեր կը պատրաստէ՝ ծնողներուն օգնելու որ իրենց զաւակները պահպանեն այս գազանային սովորութենէն d։

28. ա) Ինչպէս որ Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքը կը լուսաբանէ, մաքուր պաշտամունքին մէջ բաժին բերելը ի՞նչ կը պահանջէ։ բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։

28 Ոգեւորիչ չէ՞ մտածել թէ Քրիստոս ինչպէ՛ս շարունակած է իր հետեւորդները զտել՝ զիրենք մարզելով որ Եհովայի բարոյական բարձր չափանիշները յարգեն, անոնց համաձայն ապրին եւ անոնցմէ օգտուին։ Դարձեալ մտածէ Եզեկիէլի տեսած տաճարին մասին։ Յիշէ այդ վեհաշուք մուտքերը։ Ճիշդ է որ տաճարը իսկական վայր մը չէ, այլ հոգեւոր տաճար մըն է. բայց զայն իսկական կը նկատե՞նք։ Հոն կը մտնենք ոչ թէ պարզապէս Թագաւորութեան սրահ երթալով, Աստուածաշունչը բանալով կամ ծառայութեան ընթացքին դրան մը զանգը զարնելով։ Անոնք տեսանելի արարքներ են, որոնք կեղծաւորներն ալ կրնան ընել առանց Եհովային տաճարը մտնելու։ Բայց երբ այսպիսի բաներ ընենք եւ միեւնոյն ժամանակ Եհովայի բարոյական բարձր չափանիշներուն համաձայն ապրինք ու մաքուր պաշտամունքին մէջ բաժին բերենք սրտի պատշաճ կեցուածքով, մուտք կը գործենք եւ կը ծառայենք ամէնէն սուրբ վայրը՝ Եհովա Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքի կարգադրութիւնը։ Թող որ մի՛շտ արժեւորենք այդ թանկագին առանձնաշնորհումը։ Նաեւ, թող որ շարունակենք մեր լաւագոյնը ընել Եհովային սրբութիւնը արտացոլելու՝ իր արդար չափանիշները վեր բռնելով։

a 1932–ին, Ջատագովում գրքին 2–րդ հատորը առաջին անգամ ըլլալով բացատրեց, որ Աստուծոյ ժողովուրդին հայրենիք վերադառնալու առնչուող մարգարէութիւններու արդի կատարումը կապ ունի հոգեւոր իսրայէլին հետ, եւ ոչ թէ՝ մարմնաւոր իսրայէլին։ Այդ մարգարէութիւնները կը մատնանշեն մաքուր պաշտամունքի վերահաստատումը։ Դիտարան–ի 1 մարտ 1999 թիւը բացատրեց, թէ ատոնցմէ մէկը Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքն է եւ հետեւաբար կարեւոր հոգեւոր կատարում ունի վերջին օրերուն ընթացքին։

b Այս երդումը արգիլեց տղամարդն ու կինը որ առանձին սենեակի մը մէջ ըլլան, բացի եթէ դուռը լայն բացուած է կամ ալ եթէ անոնք ամուսնացած զոյգ են կամ ընտանիքի անդամ են։ Տարիներ շարունակ այս երդումը ամէն օր գոց կ’ըսուէր Բեթէլի առաւօտեան պաշտամունքի յայտագրին ընթացքին։

c Ծխախոտի գործածութիւնը կը պարփակէ զայն ծխել, ծամել կամ այդպիսի գործածութիւններու համար զայն մշակել։

d Օրինակ, տես Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գրքին 32–րդ գլուխը (անգլերէն)։ Նաեւ տես Զարթի՛ր–ի հոկտեմբեր 2007 թիւը էջ 3-11։