Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 15

Ազատօրէն Աստուած պաշտելու համար պայքարիլ

Ազատօրէն Աստուած պաշտելու համար պայքարիլ

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Քրիստոս ինչպէ՛ս իր հետեւորդներուն օգնած է, որ պայքարին օրինական ճանաչում ստանալու եւ Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդելու իրենց իրաւունքին համար

1, 2. ա) Ի՞նչ է այն ապացոյցը, որ ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքացի ես։ բ) Եհովայի վկաները ինչո՞ւ երբեմն ստիպուած եղած են իրենց կրօնքի ազատութեան համար պայքարիլ։

 ՔԱՆԻ՛ որ Եհովայի վկայ մըն ես, անկասկած Աստուծոյ Թագաւորութեան մէկ քաղաքացին ես։ Իսկ ինչպէ՞ս կրնաս այս մէկը փաստել։ Ո՛չ անձնաթուղթով ոչ ալ այլ կառավարական թուղթերով։ Փոխարէն, միակ ապացոյցն է՝ Եհովա Աստուած պաշտելու կերպդ։ Ճշմարիտ պաշտամունքը որոշ հաւատալիքներ ունենալէն աւելի՛ն կը պարփակէ։ Անիկա կ’ընդգրկէ նաեւ արարքներդ,– Աստուծոյ Թագաւորութեան օրէնքներուն հնազանդիլդ։ Մեր պաշտամունքը կ’ազդէ մեր կեանքի իւրաքանչիւր երեսակին, ներառեալ՝ մեր երեխաներուն դաստիարակութեան եւ առողջապահական հարցերու նկատմամբ մեր հակազդեցութեան։

2 Բայց այս աշխարհը միշտ չի յարգեր մեր անգին քաղաքացիութիւնն ու անոր պահանջները։ Կարգ մը կառավարութիւններ ջանք թափած են մեր պաշտամունքը սահմանափակելու եւ նոյնիսկ ամբողջովին արգիլելու։ Երբեմն, Քրիստոսի հպատակները ստիպուած եղած են պայքարիլ, որպէսզի մեսիական Թագաւորին օրէնքներուն համաձայն ապրին։ Ասիկա զարմանալի՞ է։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչի օրերուն, Եհովայի ժողովուրդը յաճախ ստիպուած եղած է պայքարիլ, որպէսզի կարենայ Եհովան ազատօրէն պաշտել։

3. Եսթեր թագուհիին օրերուն Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ պայքար մղեց։

3 Օրինակ, Եսթեր թագուհիին օրերուն Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք էր պայքարէր, որպէսզի չբնաջնջուէր։ Ինչո՞ւ։ Չար վարչապետ՝ Համան՝ պարսիկ Ասուերոս թագաւորին առաջարկեց, որ իր թագաւորութեան մէջ ապրող բոլոր հրեաները սպաննէ, քանի որ «անոնց օրէնքները բոլոր ժողովուրդներուն օրէնքներէն տարբեր են» (Եսթ. 3։8, 9, 13)։ Եհովան իր ծառաները լքե՞ց։ Ո՛չ. ան օրհնե՛ց Եսթերի եւ Մուրթքէի ջանքերը, որոնք խնդիրը ներկայացուցին պարսիկ թագաւորին, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանէ (Եսթ. 9։20-22

4. Այս գլուխին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

4 Ի՞նչ կարելի է ըսել արդի օրերուն մասին։ Ինչպէս որ տեսանք նախորդ գլուխին մէջ, երբեմն իշխանութիւնները Եհովայի վկաներուն հակառակած են։ Այս գլուխին մէջ պիտի քննարկենք թէ կառավարութիւնները ի՛նչ կարգ մը կերպերով մեր պաշտամունքը սահմանափակած են։ Պիտի կեդրոնանանք երեք մարզերու վրայ. 1) որպէս կազմակերպութիւն գոյութիւն ունենալու եւ մեր ընտրած կերպով Աստուած պաշտելու մեր իրաւունքը, 2) Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ եղող բժշկական դարմանում ընտրելու ազատութիւնը եւ 3) երեխաները Եհովայի չափանիշներուն համաձայն դաստիարակելու ծնողներուն իրաւունքը։ Իւրաքանչիւր մարզ քննարկած ատեն, պիտի տեսնենք թէ մեսիական Թագաւորութեան հաւատարիմ քաղաքացիները ինչպէ՛ս քաջաբար իրենց անգին քաղաքացիութիւնը պաշտպանած են եւ ինչպէ՛ս իրենց ջանքերը օրհնուած են։

Օրինական ճանաչում ստանալու եւ հիմնական ազատութիւններ ունենալու համար պայքարիլ

5. Օրինաւոր ճանաչումը ինչպէ՞ս ճշմարիտ քրիստոնեաներուն կ’օգնէ։

5 Եհովան պաշտելու համար պէտք ունի՞նք մարդկային կառավարութիւններէ օրինական ճանաչում ստանալու։ Ո՛չ։ Բայց օրինական ճանաչում ստանալը կ’օգնէ, որ առանց խոչընդոտներու պաշտամունք մատուցանենք,– օրինակ՝ ազատօրէն հաւաքուինք Թագաւորութեան սրահներու եւ համաժողովի սրահներու մէջ, աստուածաշնչական հրատարակութիւններ տպենք եւ ներածենք, ինչպէս նաեւ՝ ազատօրէն մարդոց հետ խօսինք բարի լուրին մասին։ Շատ մը երկիրներու մէջ, Եհովայի վկաները օրինաւոր կերպով գրանցուած են եւ կ’օգտուին պաշտամունքի առնչուող այն նոյն ազատութիւններէն, որոնք տրուած են օրինապէս ճանչցուած այլ կրօնքներու անդամներուն։ Բայց ի՞նչ պատահած է երբ որոշ կառավարութիւններ չեն ուզած մեր կրօնքը գրանցել կամ երբ փորձած են մեր հիմնական ազատութիւնները սահմանափակել։

6. 1940–ական թուականներու սկիզբը, Եհովայի վկաները ի՞նչ մարտահրաւէր դիմագրաւեցին Աւստրալիոյ մէջ։

6 Աւստրալիա։ 1940–ական թուականներու սկիզբը, Աւստրալիոյ ընդհանուր կառավարիչը մեր հաւատալիքները երկրի անվտանգութեան սպառնալիք համարեց։ Մեր գործունէութեան վրայ արգելք դրուեցաւ։ Վկաները ա՛լ չէին կրնար ժողովքային հանդիպումներ ունենալ կամ ազատօրէն քարոզել, Բեթէլը փակուեցաւ եւ Թագաւորութեան սրահները գրաւուեցան։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր հրատարակութիւնները ունենալն իսկ արգիլուեցաւ։ Քանի մը տարի գաղտնի գործունէութիւն ունենալէ ետք, աւստրալիացի եղբայրները վե՛րջապէս շունչ առին։ 14 յունիս 1943–ին, Աւստրալիոյ բարձրագոյն ատեանը արգելքը վերցուց։

7, 8. Տարիներ շարունակ Ռուսիոյ եղբայրները ի՞նչ պայքար մղած են, կրօնքի ազատութիւն ունենալու համար։

7 Ռուսիա։ Եհովայի վկաները տասնամեակներ շարունակ արգելքի տակ էին, բայց ի վերջոյ գրանցուեցան 1991–ին։ Նախկին Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, 1992–ին Ռուսիոյ Դաշնակցութիւնը մեզի օրինական ճանաչում շնորհեց։ Բայց ժամանակ մը ետք, հակառակորդներէն ոմանք,– մասնաւորաբար ռուս ուղղափառ եկեղեցիին հետ սերտ կապ ունեցողները,– մեր արագ աճը տեսնելով՝ մտահոգուեցան։ 1995–էն 1998 անոնք հինգ անջատ քրէական բողոքներ ներկայացուցին Եհովայի վկաներուն դէմ։ Ամէն անգամ, դատախազը յանցագործութեան ապացոյց մը չտեսաւ։ Վճռակամ հակառակորդները քաղաքային բողոք ներկայացուցին 1998–ին։ Սկիզբը, Վկաները դատը շահեցան. բայց հակառակորդները վճիռը բողոքարկեցին եւ մայիս 2001–ին Վկաները դատը կորսնցուցին։ Նոյն տարին, հոկտեմբերին, դատավճիռը դարձեալ վերաքննուեցաւ, եւ 2004–ին որոշում առնուեցաւ որ Մոսկուայի մէջ Վկաներուն գործածած օրինաւոր հաստատութիւնը փակուի եւ անոր գործունէութիւնները արգելքի տակ դրուին։

8 Հալածանքի մեծ ալիք բարձրացաւ (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։12)։ Վկաները նեղութիւն կրեցին եւ յարձակումի ենթարկուեցան։ Կրօնական հրատարակութիւնները բռնագրաւուեցան, պաշտամունքի տուներ վարձելու կամ շինելու նկատմամբ խիստ սահմանափակումներ դրուեցան։ Երեւակայէ որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ի՛նչ զգացին երբ այդ դժուարութիւնները դիմագրաւեցին։ 2001–ին, Վկաները Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ) դիմած էին, եւ 2004–ին դատարանին յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայացուցած էին։ 2010–ին, ՄԻԵԴ–ը որոշում առաւ։ Դատարանը յստակ կերպով տեսաւ թէ արգելքին ետին գտնուող պատճառը կրօնական անհանդուրժողութիւնն է, եւ արձակեց վճիռ մը՝ ըստ որուն հարկ չկար նախադատ ատեաններուն վճիռները ի զօրու դարձնել, քանի որ ապացոյց չկար թէ Վկաները յանցաւոր էին։ Դատարանը նաեւ նկատեց թէ արգելքին նպատակն էր Եհովայի վկաները զրկել իրենց օրինական իրաւունքներէն։ Դատարանին որոշումը Վկաներուն կրօնքի ազատութիւնը պաշտպանեց։ Հակառակ անոր որ ռուսական հեղինակութիւններ ՄԻԵԴ–ի վճիռին համաձայն չեն գործեր, այդ երկրին մէջ գտնուող Աստուծոյ ժողովուրդը այս յաղթանակներէն շատ քաջալերութիւն ստացած է։

Թիթոս Մանուսաքիս (Տե՛ս պարբերութիւն 9)

9-11. Յունաստանի մէջ Եհովայի ժողովուրդը ինչպէ՞ս ջանք թափած է որ պաշտամունքի ազատութիւն ունենայ, եւ արդիւնքները ի՞նչ եղած են։

9 Յունաստան։ 1983–ին, Թիթոս Մանուսաքիս սենեակ մը վարձեց Հերաքլիոնի մէջ, Կրետէ, որպէսզի Եհովայի վկաներու պզտիկ խումբ մը պաշտամունքի համար հոն հաւաքուի (Եբ. 10։24, 25)։ Սակայն շուտով ուղղափառ եկեղեցիին մէկ քահանան իշխանութիւններուն բողոքեց, ըսելով որ Վկաները սենեակը կը գործածեն պաշտամունքի համար։ Ան ինչո՞ւ այսպէս վարուեցաւ։ Պարզապէս քանի որ Վկաներուն հաւատալիքները կը տարբերին ուղղափառ եկեղեցիին հաւատալիքներէն։ Իշխանութիւնները օրինական քայլերու դիմեցին՝ Թիթոս Մանուսաքիսն ու երեք այլ տեղացի Վկաներ ամբաստանելով որ ոճիրներ կը գործեն։ Առ ի արդիւնք, անոնք տուգանքի ենթարկուեցան եւ երկու ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցան։ Որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ քաղաքացիներ, Վկաները համարեցին թէ դատարանին վճիռը իրենց պաշտամունքի ազատութեան կը սպառնայ։ Ուստի, վճիռը տեղական այլ դատարաններու մօտ բողոքարկեցին եւ ի վերջոյ դատը հասաւ մինչեւ ՄԻԵԴ։

10 1996–ին, ՄԻԵԴ–ը անսպասելի հարուած տուաւ մաքուր պաշտամունքի հակառակորդներուն։ Դատարանը նշեց, թէ «յունական օրէնքին մէջ ‘ճանչցուած կրօնքի’ սահմանումը կը կիրարկուի Եհովայի վկաներուն», եւ նկատեց թէ նախադատ ատեաններուն որոշումները «դիմումնագիր տուողներուն կրօնքի ազատութիւնը կը կաշկանդեն»։ Դատարանը նաեւ ըսաւ թէ յունական կառավարութիւնը իրաւասութիւնը չունի «որոշելու թէ կրօնական հաւատալիքները կամ զանոնք արտայայտելու կերպերը օրինաւոր են կամ ոչ»։ Վկաներուն դէմ եղած դատավճիռները չեղեալ համարուեցան եւ անոնց պաշտամունքի ազատութիւնը պաշտպանուեցաւ։

11 Այդ յաղթանակը Յունաստանի եղբայրներուն խնդիրները լուծե՞ց։ Ցաւօք սրտի, ո՛չ։ Օրինակ, համանման դատ մը վերջ գտաւ 2012–ին, Քասանտրիա քաղաքին մէջ, Յունաստան,– շուրջ 12 տարի տեւող օրինական պայքարէ ետք։ Այս անգամ հակառակութիւն հրահրողը ուղղափառ եպիսկոպոս մըն էր։ Պետական խորհուրդը,– Յունաստանի բարձրագոյն վարչական դատարանը,– Աստուծոյ ժողովուրդին ի նպաստ վճիռ արձակեց։ Վճիռին մէջ ըսուեցաւ թէ Յունաստանի սահմանադրութիւնը կ’երաշխաւորէ՛ կրօնքի ազատութիւնը։ Ասկէ զատ, դատարանը հերքեց յաճախ կրկնուած ամբաստանութիւնը, թէ Եհովայի վկաները ճանչցուած կրօնք մը չեն, եւ նշեց. «‘Եհովայի վկաներուն’ ուսուցումները ծածուկ չեն եւ հետեւաբար անոնք կը հետեւին յայտնի կրօնքի մը»։ Քասանտրիոյ մէջ գտնուող պզտիկ ժողովքին անդամները ուրախ են որ հիմա կրնան իրենց ժողովները ունենալ իրենց Թագաւորութեան սրահին մէջ։

12, 13. Ֆրանսայի մէջ, հակառակորդները ինչպէ՞ս փորձեցին ‘օրէնքին անունով չարիք պատրաստել’, եւ ի՞նչ արդիւնքով։

12 Ֆրանսա։ Աստուծոյ ժողովուրդին կարգ մը հակառակորդները ‘օրէնքին դէմ [«օրէնքին անունով», ՆԱ] չարիք պատրաստած են’ (կարդա՛ Սաղմոս 94։20)։ Օրինակ, 1990–ական թուականներու կիսուն, Ֆրանսայի մէջ տուրքի հեղինակութիւնները Եհովայի վկաներուն գործածած օրինաւոր ընկերութեան (Association Les Témoins de Jéhovah) հաշիւները ստուգեցին։ Տնտեսութեան նախարարը յայտնեց ասոր բուն նպատակը. «Հաշուեքննութիւնը կրնայ դատական լուծարքի կամ քրէական դատավարութիւններու առաջնորդել. . . ինչ որ հաւանաբար ընկերութեան գործունէութիւնը անկայուն կը դարձնէ կամ զայն կը ստիպէ որ մեր երկրին մէջ իր գործունէութիւնները դադրեցնէ»։ Հակառակ անոր որ հաշուեքննութիւնը ո՛չ մէկ անկանոնութիւն ի յայտ բերաւ, չափազանց մեծ տուրք ընկերութենէն պահանջուեցաւ։ Եւ եթէ այդ ռազմավարութիւնը յաջողէր, եղբայրները պիտի ստիպուէին մասնաճիւղը փակել եւ շէնքերը ծախել՝ տուրքը վճարելու համար։ Ճիշդ է որ ասիկա մեծ հարուած մըն էր Աստուծոյ ծառաներուն համար, բայց անոնք չյանձնուեցան։ Անոնք այս անարդար վերաբերմունքին համար քաջաբար բողոքեցին, եւ 2005–ին դատը հասաւ ՄԻԵԴ։

13 Դատարանը 30 յունիս 2011–ին վճիռ մը արձակեց։ Անիկա պատճառաբանեց թէ կրօնքի ազատութեան իրաւունքը կ’արգիլէ կառավարութիւնը,– բացի ծայրայեղ պարագաներէ,– որոշելէ թէ կրօնական հաւատալիքները կամ զանոնք արտայայտելու կերպերը օրինաւոր են կամ ոչ։ Ասկէ զատ, դատարանը նշեց. «Տուրքերը. . . ընկերութիւնը հիմնական միջոցներէն կը զրկեն, այսպիսով անիկա իր անդամներուն չի կրնար ապահովել այն ինչ որ անոնց համար անհրաժեշտ է՝ ազատօրէն Աստուած պաշտելու»։ Դատարանը Եհովայի վկաներուն ի նպաստ միաձայն վճիռ արձակեց։ Եհովային ժողովուրդը ուրախացաւ երբ ֆրանսական կառավարութիւնը ի վերջոյ ընկերութեան վճարած տուրքը վերադարձուց տոկոսներով, եւ դատարանին որոշումին համաձայն՝ մասնաճիւղին գրաւը ջնջեց։

Կրնաս կանոնաւորաբար աղօթել հոգեւոր եղբայրներուդ եւ քոյրերուդ համար, որոնք ներկայիս անարդարութիւններու զոհը կ’երթան

14. Ինչպէ՞ս կրնաս բաժին բերել պաշտամունքի ազատութեան պայքարին մէջ։

14 Եսթերին եւ Մուրթքէին նման, Եհովային ժողովուրդը այսօր կը պայքարի Աստուած ազատօրէն պաշտելու համար այնպէս՝ ինչպէս որ ինք պահանջած է (Եսթ. 4։13-16)։ Ինչպէ՞ս կրնաս դո՛ւն այս պայքարին մէջ բաժին բերել։ Կրնաս կանոնաւորաբար աղօթել հոգեւոր եղբայրներուդ եւ քոյրերուդ համար, որոնք ներկայիս օրէնքին անունով անարդարութիւններու զոհը կ’երթան։ Այսպիսի աղօթքներ կրնան դժուարութիւն եւ հալածանք կրող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնել (կարդա՛ Յակոբոս 5։16)։ Եհովան այսպիսի աղօթքներու կը պատասխանէ՞։ Պատասխանը գիտնալու համար, կը բաւէ որ մեր տարած դատական յաղթանակներուն վրայ խոկանք (Եբ. 13։18, 19

Աստուածաշունչի սկզբունքներուն ներդաշնակ բժշկական դարմանում ընտրելու ազատութիւն

15. Արիւնի գործածութեան նկատմամբ Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ ազդակներ նկատի կ’առնէ։

15 Ինչպէս որ տեսանք 11–րդ գլուխին մէջ, Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքացիները սուրբ գրային յստակ ուղղութիւն ստացած են արիւնի սխալ գործածութեան մասին, որ ներկայիս շատ սովորական դարձած է (Ծն. 9։5, 6. Ղեւ. 17։11. կարդա՛ Գործք 15։28, 29)։ Թէեւ արեան ներարկում չենք ընդունիր, բայց կ’ուզենք որ մենք եւ մեր սիրելիները բժշկական լաւագոյն դարմանումը ստանանք, այնքան ատեն որ անիկա Աստուծոյ օրէնքներուն չի հակասեր։ Բազմաթիւ երկիրներու բարձրագոյն ատեանները ընդունած են, որ մարդիկ իրաւունք ունին բժշկական դարմանում մը իրենց խղճին եւ կրօնական հաւատալիքներուն համաձայն ընտրելու կամ մերժելու։ Բայց կարգ մը երկիրներու մէջ Աստուծոյ ժողովուրդը այս ուղղութեամբ մեծ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած է։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։

16, 17. Ճափոնի մէջ քոյր մը ինչպիսի՞ բժշկական դարմանում ստացաւ, եւ իր աղօթքները ինչպէ՞ս պատասխանուեցան։

16 Ճափոն։ Միսայէ Թաքետան,– 63 տարեկան տանտիկին մը,– լուրջ վիրաբուժութեան պէտք էր ենթարկուէր։ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ քաղաքացի ըլլալով՝ ան իր բժիշկին յստակացուց, թէ չէր ուզեր արեան ներարկում ստանալ։ Բայց ամիսներ ետք, ցնցուեցաւ երբ գիտցաւ որ վիրաբուժութեան ընթացքին իրեն արիւն տուած էին։ Ան զգաց թէ բռնաբարուած եւ խաբուած էր, ուստի յունիս 1993–ին քոյր Թաքետան վիրաբուժներուն եւ հիւանդանոցին դէմ դատ բացաւ։ Այս համեստ եւ քաղցրալեզու կինը անխախտ հաւատք ունէր։ Ան դատարանին մէջ համարձակօրէն աւելի քան մէկ ժամ վկայեց, հակառակ անոր որ տկար առողջութիւն ունէր։ Իր մահուընէ միայն մէկ ամիս առաջ ան վերջին անգամ ըլլալով դատարան ներկայացաւ։ Իր քաջութիւնն ու հաւատքը մեզ շա՜տ կը տպաւորեն։ Քոյր Թաքետան կ’ըսէր թէ շարունակ Եհովային օրհնութիւնը կը խնդրէր իր այս պայքարին մէջ։ Ան վստահ էր որ իր աղօթքները պիտի պատասխանուէին։ Իր վստահութիւնը տեղի՞ն էր։

17 Իր մահէն երեք տարի ետք, Ճափոնի բարձրագոյն ատեանը իրեն ի նպաստ վճիռ մը արձակեց, ընդունելով որ սխալ էր քոյր Թաքետային արեան ներարկում տալ՝ իր կամքին հակառակ գործելով։ 29 փետրուար 2000–ին, վճիռը նշեց թէ այսպիսի պարագաներու «պէտք է յարգել անձնական որոշում կայացնելու անհատին իրաւունքը»։ Քոյր Թաքետային վճռականութեան շնորհիւ, Ճափոնի Վկաները այժմ կրնան բժշկական դարմանում ստանալ՝ առանց վախնալու որ բժիշկները բռնի ուժով իրենց արիւն պիտի տան։

Փապլօ Ալպարասինի (Տե՛ս պարբերութիւն 18-20)

18-20. ա) Արժանթինի վերաքննիչ ատեանը ինչպէ՞ս պաշտպանեց բժշկական փաստաթուղթով արեան ներարկում մերժելու անհատին իրաւունքը։ բ) Արեան սխալ գործածութեան նկատմամբ, ինչպէ՞ս կրնանք Քրիստոսի առաջնորդութեան ենթարկուիլ։

18 Արժանթին։ Թագաւորութեան քաղաքացիները ինչպէ՞ս կրնան բժշկական դարմանումի նկատմամբ իրենց կեցուածքը բացատրել, եթէ անգիտակից վիճակի մէջ են։ Անոնք կրնան իրենց հետ ունենալ օրինական փաստաթուղթ մը, որ իրենց տեղ կը խօսի,– ճիշդ ինչպէս որ Փապլօ Ալպարասինին ըրաւ։ Մայիս 2012–ին, գողութեան մը զոհը դարձաւ, երբ քանի մը անգամ անոր վրայ կրակեցին։ Ան անգիտակից վիճակի մէջ հիւանդանոց տարուեցաւ, ուստի անկարող էր արեան ներարկման մասին իր կեցուածքը բացատրել։ Բայց ան իրեն հետ ունէր բժշկական փաստաթուղթ մը, որ չորս տարի առաջ ստորագրած էր։ Հակառակ անոր որ Փապլոյի վիճակը լուրջ էր եւ կարգ մը բժիշկներ արեան ներարկումը անհրաժեշտ սեպեցին անոր կեանքը փրկելու համար, սակայն բժշկական անձնակազմը պատրաստ էր անոր փափաքները յարգելու։ Բայց Փապլոյին հայրը, որ Եհովայի վկայ մը չէր, դատարանէն ձեռք ձգեց հրամանագիր մը, իր տղուն փափաքները չեղեալ համարելու համար։

19 Փապլոյին կինը ներկայացնող փաստաբանը անմիջապէս բողոքարկեց։ Քանի մը ժամ ետք, վերաքննիչ ատեանը նախադատ ատեանին որոշումը չեղեալ համարեց եւ արձակեց վճիռ մը, որ կը նշէր թէ հիւանդին փափաքները,– ինչպէս որ արտայայտուած են բժշկական փաստաթուղթին մէջ,– պէտք է յարգուին։ Փապլոյին հայրը վճիռը բողոքարկեց Արժանթինի բարձրագոյն ատեանին մօտ։ Բայց այդ դատարանը չգտաւ «պատճառ մը կասկածելու թէ [արեան ներարկում մերժելու Փապլոյի բժշկական փաստաթուղթը] պատրաստուած է կանխաւ, խորատեսութեամբ եւ իր կամքով»։ Դատարանը նշեց. «Իւրաքանչիւր չափահաս կրնայ կանխաւ իր կեցուածքը յայտնել իր առողջութեան հետ կապուած հարցերու շուրջ, եւ կրնայ ընդունիլ կամ մերժել որոշ բժշկական դարմանումներ. . . Պատասխանատու բժիշկը պէտք է անոր փափաքները յարգէ»։

Բժշկական փաստաթուղթդ լեցուցա՞ծ ես

20 Եղբայր Ալպարասինին անկէ ետք լիովին ապաքինած է։ Ինքն ու իր կինը երախտապարտ են որ բժշկական փաստաթուղթ մը լեցուցած էր։ Այդ պարզ բայց կարեւոր քայլը առնելով, ան ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր Թագաւորին կ’ենթարկուի։ Դուն եւ ընտանիքդ այդ փաստաթուղթը լեցուցա՞ծ էք։

Էյփրըլ Գատորէդ (Տե՛ս պարբերութիւն 21-24)

21-24. ա) Քանատայի բարձրագոյն ատեանը ինչպէ՞ս ուշագրաւ որոշում առաւ անչափահասներու եւ արեան գործածութեան նկատմամբ։ բ) Այս դատը ինչպէ՞ս կրնայ Եհովայի պատանի ծառաները քաջալերել։

21 Քանատա։ Սովորաբար, դատարանները կ’ընդունին ծնողներուն իրաւունքը որոշելու թէ ո՛րն է ամէնէն լաւ բժշկական դարմանումը իրենց զաւակներուն համար։ Երբեմն, դատարանները նոյնիսկ որոշած են, թէ պէտք է յարգել հասուն անչափահասներուն փափաքները բժշկական հարցերու նկատմամբ։ Օրինակ՝ նկատի առ Էյփրըլ Գատորէդի պարագան։ 14 տարեկանին, Էյփրըլ հիւանդանոց հասաւ զօրաւոր ներքին արիւնահոսութեան առ ի հետեւանք։ Անկէ քանի մը ամիս առաջ, ան լեցուցած էր Բժշկական կանխայայտ ցուցմունք քարտը, որուն մէջ նշած էր թէ չէր ուզեր որ իրեն արեան ներարկում տրուի, նոյնիսկ ստիպողական պարագաներուն։ Բժիշկը սակայն Էյփրըլի յստակ փափաքները անտեսեց եւ դատարանէն հրամանագիր մը առաւ, որպէսզի անոր արիւն ներարկէ։ Անոր ստիպողաբար 3 միաւոր խտացուած կարմիր գնդիկներ ներարկուեցան։ Յետագային Էյփրըլ ըսաւ որ կը զգար թէ կարծես բռնաբարուած էր։

22 Էյփրըլն ու իր ծնողները դատարաններ դիմեցին։ Երկու տարի ետք, դատը հասաւ Քանատայի բարձրագոյն ատեան։ Հակառակ անոր որ Էյփրըլ դատը կորսնցուց, դատարանը որոշեց անոր դատական ծախսերը հատուցանել եւ վճիռ մը արձակեց իրեն եւ ուրիշ հասուն անչափահասներու ի նպաստ, որոնք կ’ուզեն օգտուիլ բժշկական դարմանում ընտրելու իրենց իրաւունքէն։ Դատարանը նշեց. «Բժշկական դարմանումի հետ կապուած հարցերուն մէջ, 16 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջիկներուն պէտք է թոյլ տրուի որ փաստեն, թէ որոշ բժշկական դարմանումի նկատմամբ իրենց կարծիքը անձնական դատողութեան եւ հասունութեան արդիւնք է»։

23 Այս դատը յատկանշական է, քանի որ բարձրագոյն ատեանը անդրադարձաւ հասուն անչափահասներուն սահմանադրական իրաւունքներուն։ Այս դատավճիռէն առաջ, քանատական դատարան մը կրնար թոյլատրել որ 16 տարեկանէն վար զաւակ մը բժշկական դարմանումի ենթարկուէր, այնքան ատեն որ դատարանը կը խորհէր որ այդ դարմանումը լաւագոյնն էր զաւակին համար։ Բայց այս դատավճիռէն ետք, դատարան մը ա՛լ չի կրնար 16 տարեկանէն վար զաւակի մը կամքին հակառակ եղող որեւէ դարմանում թոյլատրել, առանց նախ անոր առիթ տալու որ փաստէ, թէ բաւական հասուն է՝ իր անձնական որոշումները կայացնելու։

«Շատ ուրախ եմ որ կրցած եմ չնչին բաժին բերել Աստուծոյ անունը փառաւորելու մէջ եւ փաստելու թէ Սատանան ստախօս մըն է»

24 Կ’արժէ՞ր երեք տարի շարունակ այս պայքարը մղել։ Ըստ Էյփրըլին՝ «Այո՛»։ Այժմ ան կանոնաւոր ռահվիրայ մըն է եւ լաւ առողջութիւն ունի։ Էյփրըլ կ’ըսէ. «Շատ ուրախ եմ որ կրցած եմ չնչին բաժին բերել Աստուծոյ անունը փառաւորելու մէջ եւ փաստելու թէ Սատանան ստախօս մըն է»։ Էյփրըլի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ պատանիները կրնան քաջարի կեցուածք որդեգրել՝ փաստելով որ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ քաղաքացիներն են (Մատ. 21։16

Երեխաները Եհովայի չափանիշներուն համաձայն դաստիարակելու ազատութիւն

25, 26. Երբ ծնողներ ամուսնալուծուին, ի՞նչ խնդիր կրնայ ծագիլ։

25 Եհովան ծնողներուն պարտականութիւն տուած է, որ իրենց զաւակները դաստիարակեն ի՛ր չափանիշներուն համաձայն (Բ. Օր. 6։6-8. Եփ. 6։4)։ Այդ նշանակումը դժուար է, բայց կրնայ շատ աւելի դժուար ըլլալ երբ ծնողներ ամուսնալուծուին։ Զաւակները ինչպէ՛ս դաստիարակելուն շուրջ անոնց կարծիքը թերեւս տարբերի։ Օրինակ, Վկայ ծնող մը կը զգայ, որ զաւակ մը պէտք է մեծնայ քրիստոնէական չափանիշներուն համաձայն, մինչդեռ ոչ–Վկայ ծնող մը թերեւս այս գաղափարին համամիտ չգտնուի։ Անշուշտ Վկայ ծնող մը պէտք է գիտակցի որ ամուսնալուծումը վերջ կը դնէ ամուսնութեան, բայց վերջ չի դներ ծնող–զաւակ յարաբերութեան։

26 Թերեւս ոչ–Վկայ ծնողը դատարան դիմէ՝ պահանջելով որ ի՛նք հոգ տանի զաւակներուն, որպէսզի անոնց կրօնական դաստիարակութիւնը իր հսկողութեան տակ առնէ։ Ոմանք կը պնդեն որ զաւակ մը որպէս Եհովայի վկայ դաստիարակելը վնասակար է։ Անոնք կը պատճառաբանեն թէ զաւակները կը զրկուին ծննդեան տարեդարձներէ եւ այլ տօներէ, իսկ բժշկական ստիպողական պարագային՝ «կենարար» արեան ներարկումէ։ Երախտապարտ ենք որ դատարաններուն մեծամասնութիւնը հաշուի կ’առնէ զաւակին լաւագոյն շահերը, եւ ոչ թէ ծնողներէն մէկուն կրօնքին վնասակար ըլլալը։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։

27, 28. Օհայոյի բարձրագոյն ատեանը ինչպէ՞ս հակազդեց այն ամբաստանութեան, որ կ’ըսէր թէ որպէս Եհովայի վկայ դաստիարակուիլը զաւակի մը համար վնասակար է։

27 Միացեալ Նահանգներ։ 1992–ին, Օհայոյի բարձրագոյն ատեանը լսեց դատ մը, որուն մէջ ոչ–Վկայ հայրը պնդեց որ իր տղեկին համար վնասակար պիտի ըլլար որպէս Եհովայի վկայ դաստիարակուիլ։ Ուստի նախադատ ատեանը տղեկին հոգատարութիւնը իրեն յանձնեց։ Տղեկին մօր՝ Ճենիֆըր Փէյթըրին թոյլ տրուեցաւ որ իր տղուն հետ տեսակցի, բայց իրեն ըսուեցաւ որ «որեւէ ձեւով իր զաւակին չսորվեցնէ կամ չծանօթացնէ Եհովայի վկաներուն հաւատալիքները»։ Նախադատ ատեանին այս որոշումը ա՛յնքան ընդհանուր էր որ կրնար հասկցուիլ թէ քոյր Փէյթըր նոյնիսկ չէր կրնար իր տղուն՝ Պոպիին հետ խօսիլ Աստուածաշունչին կամ անոր բարոյական չափանիշներուն մասին։ Կրնա՞ս երեւակայել անոր զգացումները։ Ճենիֆըր ջախջախուած կը զգար, բայց կ’ըսէ թէ սորվեցաւ համբերատար ըլլալ եւ սպասել այն ժամանակին՝ երբ Եհովան գործի պիտի անցնէր։ Ան կ’ըսէ. «Եհովան մի՛շտ ինծի հետ էր»։ Անոր փաստաբանը,– Եհովայի կազմակերպութեան օգնութեամբ,– դատավճիռը բողոքարկեց Օհայոյի բարձրագոյն ատեանին մօտ։

28 Դատարանը նախադատ ատեանին հետ համաձայն չգտնուեցաւ եւ նշեց, թէ «ծնողները իրաւունք ունին իրենց զաւակները կրթելու, ինչպէս նաեւ անոնց փոխանցելու իրենց բարոյական կամ կրօնական արժանիքները»։ Դատարանը նշեց որ ինք իրաւունք չունի կրօնական պատկանելիութեան հիման վրայ ծնող մը զրկել զաւակին հոգատարութենէն, բացի եթէ փաստուի թէ Եհովայի վկաներուն կրօնական արժանիքները զաւակին ֆիզիքական եւ մտային բարօրութեան պիտի վնասեն։ Դատարանը չգտաւ փաստ մը, որ կ’ապացուցանէր թէ Վկաներուն կրօնական հաւատալիքները զաւակին մտային կամ ֆիզիքական առողջութեան վնաս պիտի հասցնեն։

Բազմաթիւ դատարաններ հոգատարութեան իրաւունք շնորհած են Վկայ ծնողներու

29-31. Դանիոյ մէջ քոյր մը ինչո՞ւ կորսնցուց իր աղջկան հոգատարութիւնը, եւ Դանիոյ բարձրագոյն ատեանը ի՞նչ որոշում կայացուց։

29 Դանիա։ Անիթա Հէնսըն նման խնդիր մը դիմագրաւեց, երբ իր նախկին ամուսինը դատարան դիմեց, որպէսզի ի՛նք եօթը տարեկան Էմանտայի հոգատարութիւնը ստանայ։ Թէեւ 2000–ին մարզային դատարանը հոգատարութիւնը յանձնեց քոյր Հէնսընի, բայց Էմանտային հայրը վճիռը բողոքարկեց վճռաբեկ ատեանին մօտ։ Վճռաբեկ ատեանը չեղեալ համարեց մարզային դատարանին որոշումը եւ զաւակին հոգատարութիւնը տուաւ հօր։ Վճռաբեկ ատեանը պատճառաբանեց, որ քանի՛ որ ծնողները կրօնական պատկանելիութեան պատճառաւ տարբեր կարծիքներ ունէին, հայրը աւելի ի վիճակի է խնդիրները լուծելու։ Այսպէս, Եհովայի վկայ ըլլալուն պատճառաւ, քոյր Հէնսըն Էմանտայի հոգ տանելու իրաւունքէն զրկուեցաւ։

30 Այդ դժուար ժամանակին, քոյր Հէնսըն երբեմն այնքա՛ն վհատած կ’ըլլար որ չէր գիտնար ի՛նչ բանի մասին աղօթել։ Բայց կ’ըսէ. «Հռովմայեցիս 8։26, 27–ն մեծապէս զիս մխիթարեց։ Միշտ վստահ էի որ Եհովան կը հասկնար ի՛նչ ըսել կ’ուզէի։ Անոր աչքերը իմ վրաս էին եւ ան միշտ ինծի հետ էր» (կարդա՛ Սաղմոս 32։8. Եսայի 41։10

31 Քոյր Հէնսըն բողոքարկեց Դանիոյ բարձրագոյն ատեանին մօտ։ Իր արձակած վճիռին մէջ, ատեանը ըսաւ. «Հոգատարութեան հարցը քննարկելու ատեն պէտք է հաշուի առնել թէ տուեալ պարագային մէջ զաւակին համար լաւագոյն բանը ի՛նչ է»։ Ասկէ զատ, ատեանը ըսաւ որ հոգատարութեան որոշումը պէտք է հիմնուած ըլլայ այն բանին վրայ, թէ ծնողներէն իւրաքանչիւրը ինչպէ՛ս խնդիրները կը լուծէ, եւ ոչ թէ՝ Եհովայի վկաներուն «ուսուցումներուն եւ կեցուածքներուն» հիման վրայ։ Ուստի, ատեանը հաստատեց որ քոյր Հէնսըն լաւ ծնող է եւ Էմանտայի հոգատարութիւնը իրեն յանձնեց։

32. ՄԻԵԴ–ը ինչպէ՞ս պաշտպանած է ծնողները խտրական արարքներէ։

32 Եւրոպական տարբեր երկիրներ։ Զաւակներու հոգատարութեան առնչուող կարգ մը դատեր տեղական դատարաններէն անցնելով՝ հասած են մինչեւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ)։ Երկու դատերու մէջ, ՄԻԵԴ–ը ըսած է որ նախադատ տեղական ատեանները տարբեր մօտեցում ունեցած են Վկայ եւ ոչ–Վկայ ծնողներուն հանդէպ, անոնց կրօնական պատկանելիութեան պատճառով։ Այսպիսի վերաբերմունք խտրական արարք համարելով՝ ՄԻԵԴ–ը ըսած է որ «միայն կրօնական պատկանելիութեան պատճառաւ մարդոց միջեւ տարբերութիւն դնելը անընդունելի է»։ Վկայ մայր մը, որ ՄԻԵԴ–ի այս որոշումէն օգտուեցաւ, ըսաւ. «Շատ վիրաւորուեցայ երբ զիս ամբաստանեցին որ զաւակներուս վնաս կը հասցնեմ, մինչ իմ նպատակս էր՝ իրենց լաւագո՛յն դաստիարակութիւնը տալ. քրիստոնէական չափանիշներով դաստիարակել»։

33. Վկայ ծնողները ինչպէ՞ս կրնան Փիլիպպեցիս 4։5–ի սկզբունքը կիրարկել։

33 Անշուշտ Վկայ ծնողները բանաւորութիւն կը ցուցաբերեն, երբ դատարաններու մէջ իրենց զաւակները աստուածաշնչական սկզբունքներով դաստիարակելու իրենց իրաւունքը կը պաշտպանեն (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։5)։ Ճիշդ է որ անոնք կը հաւատան որ զաւակները պէտք է դաստիարակուին աստուածահաճոյ կերպով, բայց կը գիտակցին որ ոչ–Վկայ ծնողն ալ զաւակին հանդէպ ծնողական պատասխանատուութիւններ ունի, եթէ այդ մէկը ընդունի։ Վկայ ծնող մը որքա՞ն լուրջի պէտք է առնէ զաւակ մը դաստիարակելու իր պատասխանատուութիւնը։

34. Քրիստոնեայ ծնողները ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ Նէեմիայի օրերուն ապրող հրեաներուն օրինակէն։

34 Նէեմիայի օրերէն օրինակ մը նկատի առնելով շատ բան կրնանք սորվիլ։ Հրեաները շատ ջանք թափեցին որ Երուսաղէմի պարիսպները նորոգեն եւ վերաշինեն։ Անոնք գիտէին թէ ասիկա զիրենք եւ իրենց ընտանիքները պիտի պաշտպանէր։ Անոր համար, Նէեմիան զիրենք յորդորեց. «Ձեր եղբայրներուն, տղաքներուն, աղջիկներուն, կիներուն ու տուներուն համար պատերազմեցէ՛ք» (Նէ. 4։14)։ Այդ հրեաներուն համար, կ’արժէ՛ր այս պայքարը մղել։ Նմանապէս այսօր, Վկայ ծնողները ջանք կը թափեն որ իրենց զաւակները ճշմարտութեան մէջ մեծցնեն։ Անոնք գիտեն որ իրենց զաւակները վնասակար ազդեցութիւններու տեղատարափին կ’ենթարկուին դպրոցին մէջ եւ իրենց ապրած թաղերուն մէջ։ Այսպիսի ազդեցութիւններ կրնան նոյնիսկ տան մէջ մտնել՝ հաղորդամիջոցներու ճամբով։ Ո՛վ ծնողներ, միշտ յիշեցէք թէ կ’արժէ՛ ձեր տղոց եւ աղջիկներուն համար ամէն ջանք թափել, որպէսզի մեծնան ապահով միջավայրի մը մէջ, ուր կրնան հոգեւորապէս բարգաւաճիլ։

Վստահ եղիր որ Եհովան ճշմարիտ պաշտամունքին կ’աջակցի

35, 36. ա) Մեր օրինական իրաւունքներուն համար պայքարելով ի՞նչ օգուտներ ձեռք ձգած ենք։ բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։

35 Եհովան վստահաբար օրհնած է իր արդի կազմակերպութեան ջանքերը, պաշտամունքի ազատութեան իրաւունք ունենալու անոր պայքարին մէջ։ Այսպիսի օրինական հարցերու մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդը յաճախ կրցած է դատարաններուն եւ հանրութեան զօրաւոր վկայութիւն տալ (Հռով. 1։8)։ Օրինական յաղթանակները նաեւ բազմաթիւ ոչ–Վկայ անհատներու քաղաքացիական իրաւունքները պաշտպանած են։ Բայց, Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալով, ընկերային բարեկարգիչներ չենք, ոչ ալ ինքնարդարացման ետեւէ ենք։ Մենք դատարաններուն մէջ օրինական պայքարներ կը մղենք, որպէսզի մաքուր պաշտամունքը պաշտպանենք եւ օրինապէս հաստատենք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։7

36 Թող որ բնաւ թեթեւի չառնենք մեր եղբայրներուն ցուցաբերած հաւատքը, որոնք պայքարած են որ Եհովան ազատօրէն պաշտեն։ Նաեւ, թող որ մենք ալ հաւատարիմ ըլլանք, վստահ ըլլալով որ Եհովան մեր գործունէութեան թիկունք կը կանգնի եւ կը շարունակէ մեզի ոյժ տալ որ իր կամքը կատարենք (Եսա. 54։17