Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 20

Եհովա Աստուած պատուող օգնութեան աշխատանքներ

Եհովա Աստուած պատուող օգնութեան աշխատանքներ

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Աղէտներու ժամանակ քրիստոնէական սէր ցուցաբերել

1, 2. ա) Հրէաստանի քրիստոնեաները ի՞նչ դժուարութիւն դիմագրաւեցին։ բ) Անոնք իրենց եղբայրներուն սէրը ինչպէ՞ս շօշափեցին։

 ՇՈՒՐՋ Ք.Ե. 46 թուականն է։ Հրէաստան սաստիկ սովի մէջ է։ Այնքա՛ն ահաւոր սղութիւն կայ որ հոն ապրող Քրիստոսի հրեայ աշակերտները նոյնիսկ քիչ մը ցորեն գնելու անկարող են։ Անոնք շատ անօթի են։ Բայց Եհովան իր ծառաները երեսի վրայ չէ ձգած։ Անոնք շուտով աննախընթաց կերպով պիտի զգան թէ իրենց Աստուածը որքա՜ն հոգատար է։ Ի՞նչ պիտի պատահի։

2 Երուսաղէմի եւ Հրէաստանի հրեայ քրիստոնեաներուն տառապանքին մասին իմանալով, Սուրիոյ Անտիոքի հրեայ եւ հեթանոսութենէ դարձած քրիստոնեաները գումարներ կը հաւաքեն իրենց հաւատակիցներուն համար։ Ապա, կ’ընտրեն երկու եղբայրներ՝ Բառնաբասն ու Սօղոսը, որպէսզի անոնց հետ օժանդակութիւնները ուղարկեն Երուսաղէմի ժողովքի երէցներուն (կարդա՛ Գործք 11։27-30. 12։25)։ Երեւակայէ թէ Հրէաստանի կարիքաւոր եղբայրները որքա՜ն ազդուեցան, երբ Անտիոքի եղբայրներուն սէրը շօշափեցին։

3. ա) Մեր օրերուն, Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կը հետեւի Անտիոքի քրիստոնեաներուն օրինակին։ Օրինակ մը տուր (տես նաեւ « Մեր օրերու առաջին լայնածաւալ օգնութիւնը» շրջանակը)։ բ) Այս գլուխին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Ք.Ե. առաջին դարուն տեղի ունեցած այդ դէպքը առաջին արձանագրութիւնն է, որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս շրջանի մը մէջ ապրող քրիստոնեաները օժանդակութիւններ կ’ուղարկեն ուրիշ շրջանի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն։ Ներկայիս, Անտիոքի եղբայրներուն ձգած օրինակին կը հետեւինք։ Երբ իմանանք որ որոշ շրջանի մը մէջ մեր հաւատակիցները դժուարութիւն կը դիմագրաւեն կամ աղէտէ մը տուժած են, իրենց օգնութեան կը հասնինք a։ Հասկնալու համար թէ ինչպէ՛ս օգնութեան այս աշխատանքները կապ ունին մեր ծառայութեան հետ, նկատի առնենք երեք հարցումներ այդ աշխատանքներուն մասին. այդ աշխատանքները ինչո՞ւ ծառայութիւն կը նկատենք։ Ատոնց նպատակը ի՞նչ է։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք ատոնցմէ օգտուիլ։

Աղէտէ տուժածներուն օգնելը ինչո՞ւ «սուրբ ծառայութիւն» է

4. Պօղոս ի՞նչ ըսաւ կորնթացիներուն քրիստոնէական ծառայութեան մասին։

4 Կորնթացիներուն ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս բացատրեց որ Աստուծոյ մատուցած քրիստոնեաներուն ծառայութիւնը երկու երեսակ ունի։ Թէեւ Պօղոսին նամակը ուղղուած էր միայն օծեալ քրիստոնեաներուն, բայց ներկայիս իր խօսքերը կը կիրարկուին Քրիստոսի «ուրիշ ոչխարներ»ուն ալ (Յովհ. 10։16)։ Մեր ծառայութեան մէկ երեսակը «հաշտութեան պաշտօնն» է, այսինքն՝ քարոզելու եւ ուսուցանելու մեր գործունէութիւնը (Բ. Կոր. 5։18-20. Ա. Տիմ. 2։3-6)։ Միւս երեսակը կը պարփակէ ծառայութիւն մը, որ մեր հաւատակիցներուն ի նպաստ կը կատարենք։ Պօղոս այդ ծառայութեան ակնարկեց՝ ըսելով. «Սուրբերուն համար եղած օգնութիւն» (Բ. Կոր. 8։4)։ «Հաշտութեան պաշտօն» եւ «սուրբերուն համար եղած օգնութիւն» արտայայտութիւններուն մէջ, «պաշտօն» եւ «օգնութիւն» բառերը յունարէն տի·ա·քո·նիա բառին մէկ ձեւին թարգմանութիւնն են։ Ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։

5. Պօղոս ինչո՞ւ օգնութեան աշխատանքները ծառայութիւն սեպեց։

5 Երկու գործունէութիւններուն համար յունարէն նոյն բառը գործածելով, Պօղոս աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքները դասեց քրիստոնէական ժողովքին կատարած միւս ծառայութիւններուն շարքին։ Ան առաջին նամակին մէջ արդէն նշած էր. «Պաշտօնները զանազան են, բայց նոյն Տէրը կու տայ։ Նոյնպէս ներգործութիւնները զանազան են, բայց. . . միեւնոյն Հոգին կը ներգործէ [զանոնք]» (Ա. Կոր. 12։4-6, 11)։ Իրականութեան մէջ, Պօղոս ժողովքային զանազան ծառայութիւնները կապեց «սուրբ ծառայութեան» հետ (Հռով. 12։1, 6-8) b։ Զարմանալի չէ որ ան յարմար տեսաւ իր ժամանակին մէկ մասը տրամադրել «սուրբերուն սպասաւորութիւն ընելու» (Հռով. 15։25, 26

6. ա) Ինչպէս որ Պօղոս բացատրեց, օգնութեան աշխատանքները ինչո՞ւ մեր պաշտամունքին մէկ մասն են։ բ) Բացատրէ թէ այս աշխատանքները ներկայիս ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենան համայն աշխարհի մէջ (տե՛ս « Երբ աղէտը հարուածէ» շրջանակը)։

6 Պօղոս կորնթացիներուն օգնեց տեսնելու համար թէ ինչո՛ւ աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքները իրենց ծառայութեան եւ պաշտամունքին մաս կը կազմեն։ Նկատի առ իր տրամաբանական բացատրութիւնը. քրիստոնեաները օգնութիւն կը մատուցանեն, քանի որ «Քրիստոսի Աւետարանին կը հնազանդի[ն]» (Բ. Կոր. 9։13, Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն)։ Ուրեմն, Քրիստոսի ուսուցումները կիրարկելու փափաքը քրիստոնեաները կը մղէ իրենց հաւատակիցներուն օգնելու։ Պօղոս ըսաւ որ իրենց եղբայրներուն ի նպաստ քրիստոնեաներուն կատարած ազնիւ գործերը «Աստուծոյ գերազանց շնորհք»ը դրսեւորելու կերպեր են (Բ. Կոր. 9։14. Ա. Պետ. 4։10)։ Կարիքաւոր եղբայրներուն ծառայելու մասին խօսելով, Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1975 թիւը նշեց. «Բնաւ պէտք չէ կասկածինք թէ Եհովա Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս իսկապէս կարեւորութիւն կու տան այս տեսակի ծառայութեան»։ Արդարեւ, այս աշխատանքները սուրբ ծառայութեան արժէքաւոր մէկ մասն են (Հռով. 12։1, 7. Բ. Կոր. 8։7. Եբ. 13։16

Աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքներուն նպատակները

7, 8. Աղէտեալներու օգնութեան աշխատանքներուն առաջին նպատակը ի՞նչ է. բացատրէ՛։

7 Օգնութեան աշխատանքներուն նպատակը ի՞նչ է։ Պօղոս այս հարցումին պատասխանեց կորնթացիներուն ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 9։11-15)։ Այս համարներուն մէջ, Պօղոս կը շեշտէ երեք գլխաւոր նպատակներ, զորս օգնութեան աշխատանքները կ’իրագործեն։ Մէկ առ մէկ նկատի առնենք զանոնք։

8 Առաջին, աղէտէ տուժածներուն օգնելով Եհովան կը փառաւորենք։ Նկատի առ թէ վերոնշեալ համարներուն մէջ Պօղոս որքա՛ն յաճախ իր եղբայրներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Եհովա Աստուծոյ վրայ։ Առաքեալը իրենց կը յիշեցնէ «գոհութիւն տալ Աստուծոյ» եւ «աւելի շատ գոհանան Աստուծմէ» (11–րդ եւ 12–րդ համարներ)։ Ան կը նշէ թէ ինչպէ՛ս օգնութեան աշխատանքները քրիստոնեաները կը մղեն ‘Աստուած փառաւորելու’ եւ «Աստուծոյ գերազանց շնորհք»ը փառաբանելու (13–րդ եւ 14–րդ համարներ)։ Պօղոս այս աշխատանքներուն նկատմամբ իր խօսքերը կ’աւարտէ ըսելով. «Գոհութիւն Աստուծոյ» (15–րդ համար. Ա. Պետ. 4։11

9. Օգնութեան աշխատանքները ինչպէ՞ս կրնան փոխել մարդոց մտածելակերպը. օրինակ մը տուր։

9 Պօղոսի նման, Աստուծոյ այժմու ծառաները կը նկատեն թէ աղէտեալներուն օգնութիւն մատուցանելը Աստուած փառաւորելու եւ անոր ուսուցումները զարդարելու պատեհութիւն է (Ա. Կոր. 10։31. Տիտ. 2։10)։ Իրականութեան մէջ, այդ աշխատանքները յաճախ կարեւոր դեր խաղցած են Եհովային եւ անոր Վկաներուն մասին կազմուած սխալ կարծիքները վանելու կարգ մը մարդոց մտքէն։ Լուսաբանենք. կին մը, որ կ’ապրէր շրջանի մը մէջ ուր փոթորկահով հարուածած էր, իր տան դրան վրայ դրած էր հետեւեալ նոթը. «Եթէ Եհովայի վկայ մըն ես, մեր դուռը չզարնես»։ Ապա, օր մը ան տեսաւ թէ աղէտեալներու օգնութիւն մատուցանողներ իր տան դիմացի տունը կը նորոգեն։ Օրերով անոնց բարեկամական համագործակցութիւնը դիտեց. յետոյ, անոնց մօտ գնաց տեսնելու համար թէ ո՛վ են։ Երբ իմացաւ որ այդ կամաւորները Եհովայի վկաներ են, հիացաւ ու ըսաւ. «Ես ձեզ սխալ կերպով դատած եմ»։ Առ ի արդիւնք, ան այդ նոթը իր դրան վրայէն վերցուց։

10, 11. ա) Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան որ օգնութեան աշխատանքներուն երկրորդ նպատակը կ’իրագործենք։ բ) Ո՞ր գրքոյկը կ’օգնէ օգնութիւն մատուցանողներուն (տե՛ս « Օգնութիւն մատուցանողներուն համար գրքոյկ» շրջանակը)։

10 Երկրորդ, մեր հաւատակիցներուն ‘պակասութիւնը կը լեցնենք’ (Բ. Կոր. 9։12ա)։ Մենք շատ կը փափաքինք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն անմիջական կարիքները գոհացնել եւ անոնց տառապանքը թեթեւցնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ քրիստոնէական ժողովքի անդամները ‘մէկ մարմին’ կը կազմեն եւ «եթէ մէկ անդամը նեղութիւն կրէ, բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ» (Ա. Կոր. 12։20, 26)։ Ուրեմն, եղբայրսիրութիւնն ու կարեկցութիւնը բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր կը մղէ որ իրենց յայտագիրները ճշդեն, իրենց գործիքները հաւաքեն եւ ուղղուին դէպի աղէտի գօտի՝ իրենց հաւատակիցներուն օգնելու համար (Յակ. 2։15, 16)։ Օրինակ 2011–ին, երբ ցունամի մը Ճափոնը հարուածեց, Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը նամակ մը ուղարկեց Միացեալ Նահանգներու Շրջանային շինարարական յանձնախումբերուն, որուն մէջ հարցուց թէ կրնա՞ն «քանի մը որակեալ եղբայրներ» ղրկել Ճափոն՝ Թագաւորութեան սրահներ վերաշինելու համար։ Պատասխանը ի՞նչ էր։ Քանի մը շաբթուան մէջ, շուրջ 600 կամաւորներ դիմումնագիր լեցուցին եւ ընդունեցին իրենց հաշւոյն Ճափոն ճամբորդել։ Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը ըսաւ. «Պատասխանը մեզ ապշեցուց»։ Երբ Ճափոնի մէջ եղբայր մը օգնութիւն մատուցանողներէն մէկուն հարցուց թէ ինչո՛ւ եկաւ Ճափոն, ան պատասխանեց. «Ճափոնի մեր եղբայրները ‘մեր մարմինին’ մէկ մասն են։ Մենք անոնց ցաւն ու տառապանքը կը զգանք»։ Անձնազոհ սէրէ մղուած՝ աղէտեալներուն օգնութիւն մատուցանողները երբեմն իրենց կեանքը վտանգած են իրենց հաւատակիցներուն օգնելու համար (Ա. Յովհ. 3։16) c։

11 Ոչ–Վկաներն ալ իրենց գնահատութիւնը կը յայտնեն մեր տարած այս աշխատանքներուն համար։ Օրինակ 2013–ին, երբ ԱՄՆ–ի Արքանսաս նահանգը աղէտ մը հարուածեց, լրագիր մը տեղեկագրեց թէ ինչպէ՛ս Վկայ կամաւորներ անմիջապէս օգնութեան փութացին՝ նշելով. «Եհովայի վկաները ա՛յնքան լաւ կերպով կը կազմակերպեն օգնութիւն մատուցանողներուն աշխատանքները, որ անոնք կրնան հմտօրէն եւ ազդու կերպով աղէտին հակազդել»։ Ճիշդ ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ, մենք մեր կարիքաւոր եղբայրներուն ‘պակասութիւնը կը լեցնենք’։

12-14. ա) Օգնութեան աշխատանքներուն երրորդ նպատակը իրագործելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ բ) Ո՞ր խօսքերը ցոյց կու տան թէ հոգեւոր գործունէութիւններով զբաղած մնալը կարեւոր է։

12 Երրորդ, տուժածներուն կ’օգնենք որ իրենց հոգեւոր սովորամոլութեան վերադառնան։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ Պօղոս կը նշէ թէ օգնութիւն ստացողները պիտի մղուին ‘շատ գոհանալու Աստուծմէ’ (Բ. Կոր. 9։12բ)։ Անոնք պիտի կարենան այս մէկը ընել՝ երբ կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնան իրենց հոգեւոր սովորամոլութեան (Փլպ. 1։10)։ 1945–ին, Դիտարան–ը նշեց. «Պօղոս հաւանութիւն տուաւ. . . նուիրատուութիւններ հաւաքելու. . . քանի որ ատոնք կ’օգնէին. . . կարիքաւոր եղբայրներուն նիւթական հոգը որոշ չափով թեթեւցնելու, որպէսզի անոնք կարողանան աւելի ազատօրէն եւ ժրաջանութեամբ մասնակցիլ Եհովայի մասին վկայելու գործին»։ Մեր նպատակը այսօր նոյնն է։ Երբ մեր եղբայրները քարոզչութեան վերադառնան, ոչ միայն կը զօրացնեն մարդիկը, այլեւ՝ իրենք զիրենք (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3, 4

13 Նկատի առ խօսքերը կարգ մը անհատներու, որոնք ատենին օգնութիւն ստանալով դարձեալ սկսան քարոզչութեան մասնակցիլ եւ անով զօրանալ։ «Ընտանիքիս համար օրհնութիւն էր դաշտի ծառայութեան երթալ», ըսաւ եղբայր մը։ «Մինչ կը փորձէինք ուրիշները մխիթարել, մենք ալ քիչ մը հանգստացանք մեր հոգերէն»։ Քոյր մը ըսաւ. «Հոգեւոր գործունէութեան վրայ կեդրոնանալով, կարծես կը մոռնայի շուրջս գտնուող աւերումները. եւ ասիկա ինծի ապահովութեան զգացում կու տար»։ Ուրիշ քոյր մըն ալ ըսաւ. «Թէեւ շատ մը բաներ մեր կարողութեան սահմաններէն դուրս էին, բայց ծառայութիւնը մեզի օգնեց որ մեր փայլուն ապագային մասին մտածենք։ Նոր աշխարհի յոյսին մասին ուրիշներուն հետ խօսիլը ամրացուց մեր վստահութիւնը թէ ամէն բան նոր պիտի ըլլայ»։

14 Ժողովներուն ներկայ գտնուիլը ուրիշ հոգեւոր գործունէութիւն մըն է, որուն պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնան մեր տուժած եղբայրները։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Քիոքոյի հետ,– քոյր մը՝ որ իր 50–ական տարիքին վերջաւորութեան էր, երբ ցունամի մը հարուածեց։ Ան իր հագած հագուստէն զատ ամէ՛ն բան կորսնցուց։ Կորսուած զգալով՝ ան հարց տուաւ թէ ինչպէ՛ս պիտի շարունակէր ապրիլ։ Յետոյ, եղբայր մը իրեն ըսաւ որ իրենց ժողովը կանոնաւորաբար պիտի ունենան իր ինքնաշարժին մէջ։ Քիոքոն կ’ըսէ. «Երէցն ու իր կինը եւ ես ու քոյր մը ինքնաշարժին մէջ նստանք։ Ժողովը շատ պարզ էր, բայց երազի մը նման ցունամիին յիշատակը մտքէս գնաց։ Մտքի խաղաղութիւն ունեցայ։ Այդ ժողովը ինծի ցոյց տուաւ քրիստոնէական ընկերակցութեան զօրութիւնը»։ Աղէտէ մը ետք ժողովներու ներկայ գտնուելու նկատմամբ ուրիշ քոյր մը ըսաւ. «Անոնք ինծի օգնեցին տոկալու» (Հռով. 1։11, 12. 12։12

Աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքները մնայուն օգուտներ կը բերեն

15, 16. ա) Օգնութիւն մատուցանող Կորնթոսի քրիստոնեաներն ու ուրիշներ ի՞նչ օգուտներ պիտի քաղէին։ բ) Այս տեսակի ծառայութենէն մենք ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

15 Այս տեսակի ծառայութեան մասին խօսելով, Պօղոս նաեւ կորնթացիներուն բացատրեց այն օգուտները, որոնք իրենք եւ միւս քրիստոնեաները պիտի ստանային, երբ այս գործին մասնակցէին։ Ան ըսաւ. «[Երուսաղէմի հրեայ քրիստոնեաները, որոնք օգնութիւն ստացան] պիտի աղերսեն ձեզի համար, կարօտնալով ձեզ Աստուծոյ գերազանց շնորհքին համար՝ որ ձեր մէջ է» (Բ. Կոր. 9։14, ԱԾ)։ Այո՛, կորնթացիներուն առատաձեռնութիւնը հրեայ քրիստոնեաներուն սէրը պիտի խորացնէր անոնց հանդէպ եւ զիրենք պիտի մղէր աղօթելու Կորնթոսի թէ՛ հրեայ եւ թէ հեթանոսութենէ դարձած եղբայրներուն համար։

16 Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1945 թիւը խօսեցաւ Պօղոս առաքեալի նշած օգուտներուն մասին, որոնք աղէտէ տուժածներուն օգնելէ յառաջ կու գան՝ ըսելով. «Երեւակայէ այն միութիւնը որ կը տիրէ, երբ Աստուծոյ նուիրուած ծառաները իրարու պէտքերը կը հոգան»։ Ներկայիս, աղէտէ տուժածներուն օգնութիւն մատուցանողները ճիշդ այս մէկը կը շօշափեն։ «Օգնութեան աշխատանքներուն մասնակցելով ա՛լ աւելի մօտեցած եմ եղբայրներուս», կ’ըսէ եղբայր մը՝ որ հեղեղէ տուժածներուն օգնեց։ Երախտապարտ քոյր մը, որ օգնութիւն ստացաւ, կ’ըսէ. «Մեր վայելած եղբայրութիւնը ամէնէն մօտ բանն է Դրախտին» (կարդա՛ Առակաց 17։17

17. ա) Եսայի 41։13–ի խօսքերը ինչպէ՞ս կը կիրարկուին օգնութեան աշխատանքներուն։ բ) Նշէ կարգ մը օրինակներ, թէ ինչպէ՛ս այդ աշխատանքները կը փառաւորեն Եհովան եւ մեր միութիւնը կ’ամրացնեն (տես նաեւ « Կամաւորներ կը փութան օգնելու իրենց եղբայրներուն» շրջանակը)։

17 Երբ օգնութիւն մատուցանողները աղէտի գօտի կը հասնին, մեր տուժած եղբայրները կը շօշափեն Աստուծոյ այս խոստումին ճշմարտութիւնը. «Քանզի ես քու Տէր Աստուածդ եմ, որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ’» (Եսա. 41։13)։ Աղէտէ մը վերապրելէ ետք, քոյր մը ըսաւ. «Աւերումը տեսնելով անյոյս զգացի, բայց Եհովան իր ձեռքը երկարեց։ Եղբայրներէն ստացած օգնութիւնս աննկարագրելի է»։ Երբ աղէտ մը երկու երէցներու ապրած շրջանը տակնուվրայ ըրաւ, անոնք ժողովքներուն անունով նամակ մը ուղարկեցին, որ կ’ըսէր. «Երկրաշարժը մեծ ցաւ պատճառեց, բայց մենք Եհովային օգնութիւնը շօշափեցինք մեր եղբայրներուն միջոցաւ։ Մենք կարդացած էինք աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքներուն մասին, բայց հիմա՝ մեր աչքերով տեսանք թէ ատիկա ինչպէ՛ս կը կատարուի»։

Դուն ալ կրնա՞ս մասնակցիլ

18. Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ կ’ուզես աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքներուն մասնակցիլ (տես նաեւ « Կեանքս կաղապարեց» շրջանակը)։

18 Աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքներէն յառաջ եկած ուրախութիւնը կ’ուզե՞ս վայելել։ Եթէ այո՛, ի մտի ունեցիր որ այդ ծառայութիւնը մատուցանողները յաճախ կ’ընտրուին Թագաւորութեան սրահներու շինարարական ծրագիրներու մէջ աշխատողներուն մէջէն։ Ուստի, ժողովքիդ երէցներուն յայտնէ թէ կ’ուզես դիմումնագիր լեցնել։ Այս աշխատանքներուն տարիներէ ի վեր մասնակցող եղբայր մը այս յիշեցումը կու տայ. «Աղէտի գօտի ճամբորդէ միայն երբ աղէտէ տուժածներու օգնող յանձնախումբէն պաշտօնական հրաւէր ստացած ես»։ Այսպէս, մեր այս գործունէութիւնը կարգաւ պիտի ընթանայ։

19. Աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան թէ իսկապէս Քրիստոսի աշակերտներն ենք։

19 Աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքը Քրիստոսի ‘մէկզմէկ սիրեցէք’ պատուէրին հնազանդելու հոյակապ մէկ կերպն է։ Այսպիսի սէր ցուցաբերելով ցոյց կու տանք որ իսկապէս Քրիստոսի աշակերտներն ենք (Յովհ. 13։34, 35)։ Ի՜նչ օրհնութիւն է որ ա՛յսքան կամաւորներ ունինք, որոնք Եհովային փառք կը բերեն՝ այս տեսակի ծառայութիւն մատուցանելով անոնց՝ որոնք հաւատարմօրէն կ’աջակցին Աստուծոյ Թագաւորութեան։

a Այս գլուխը կը քննարկէ օգնութեան աշխատանքներ, զորս կը տրամադրենք մեր հաւատակիցներուն։ Բայց շատ մը պարագաներուն ոչ–Վկաներն ալ կ’օգտուին մեր այս ծառայութենէն (Գաղ. 6։10

b Պօղոս գործածեց տի·աքո·նոս (ծառայ) բառին յոգնակի ձեւը, նկարագրելու համար «օգնական ծառաները» (Ա. Տիմ. 3։12, ՆԱ

c Տե՛ս Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 1994 թիւին «Պոսնիոյ մեր հաւատակիցներուն օգնել» յօդուածը, էջ 23-27 (անգլերէն)։