Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձախին՝ հրատարակութիւններ բաշխող քոյր մը կը քարոզէ Քորէայի մէջ, 1931. Աջին՝ ներկայիս Քորէայի մէջ երկու Վկաներ կը քարոզեն նշանային լեզուով

ՄԱՍ 2

Թագաւորութեան քարոզչութիւնը. Բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ տարածել

Թագաւորութեան քարոզչութիւնը. Բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ տարածել

ՀԱՆԳԻՍՏԻ օրդ է։ Առտուն կանուխ կը ծրագրես ծառայութեան ելլել։ Սկիզբը կը վարանիս, քանի որ յոգնած կը զգաս։ Ամբողջ կէսօրէ առաջ հանգիստ ընելը հրապուրիչ կը թուի։ Բայց այս հարցին շուրջ կ’աղօթես եւ կը վճռես ծառայութեան ելլել։ Այդ օր կը ծառայես տարեց հաւատարիմ քրոջ մը հետ, որուն համբերատարութիւնն ու ազնուութիւնը սրտիդ կը դպչին։ Տունէ տուն ծառայած ատեն, միտքդ կու գայ թէ աշխարհի տարածքին եղբայրներն ու քոյրերը նո՛յն պատգամը կը քարոզեն, գործածելով նո՛յն հրատարակութիւնները եւ ստանալով նո՛յն մարզումը։ Երբ տուն կը վերադառնաս, խանդավառ ես եւ շա՛տ ուրախ՝ որ տունը չմնացիր։

Ներկայիս, քարոզչութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութեան գլխաւոր գործն է։ Յիսուս մարգարէացաւ որ վերջին օրերուն քարոզչութիւնը ընդարձակ տարողութեամբ պիտի կատարուի (Մատ. 24։14)։ Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած է։ Այս մասին մէջ, պիտի քննարկենք թէ որո՛նք այդ գործը կը կատարեն եւ ինչպիսի՛ մեթոտներ ու գործիքներ կը գործածեն։ Վերջ ի վերջոյ քարոզչութիւնը միլիոնաւորներու կ’օգնէ տեսնելու, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն է։

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ԳԼՈՒԽ 6

Ժողովուրդ մը որ կը քարոզէ. Յօժարակամ ծառայողներ

Յիսուս ինչո՞ւ վստահ էր որ վերջին օրերուն յօժարակամ քարոզիչներու բանակ մը պիտի ունենար։ Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ թէ առաջ կը խնդրես Թագաւորութիւնը։

ԳԼՈՒԽ 7

Քարոզելու մեթոտները. Ամէն միջոց գործածել՝ մարդոց հասնելու

Տես այն նոր մեթոտները, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդը գործածած է, կարելի եղածին չափ շատ մարդոց բարի լուրը հասցնելու համար։

ԳԼՈՒԽ 8

Քարոզչութեան գործիքները. Ամէնուն համար հրատարակութիւններ

Թարգմանութեան գործունէութիւնը եւ մեր հրատարակութիւններուն առնչուող իրողութիւնները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան թէ Յիսուս մեզի կ’աջակցի։

ԳԼՈՒԽ 9

Քարոզչութեան արդիւնքները. ‘Արտերը ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են’

Յիսուս իր աշակերտներուն երկու կարեւոր դասեր սորվեցուց հոգեւոր մեծ հունձքին մասին։ Անոնք ինչպէ՞ս մեզի կ’ազդեն։