Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձախին՝ Պրուքլինի Բեթէլի ընտանիքը իր վերջին Սուրբ Ծնունդը տօնեց 1926–ին. Աջին՝ Մարդիկ կը նկատեն թէ Եհովայի վկաները ուրիշ մարդոցմէ տարբեր են

ՄԱՍ 3

Թագաւորութեան չափանիշները. Աստուծոյ արդարութիւնը փնտռել

Թագաւորութեան չափանիշները. Աստուծոյ արդարութիւնը փնտռել

ՀԵՌՈՒԷՆ դրացիդ տեսնելով՝ կը բարեւես։ Վերջերս, նկատած ես թէ ան ընտանիքիդ անդամները ուշի–ուշով կը դիտէ։ Ինքն ալ քեզի բարեւ կու տայ եւ ապա քեզի նշան կ’ընէ որ իրեն քով երթաս։ Ան կ’ըսէ. «Կրնա՞մ բան մը հարցնել։ Դուք ինչո՞ւ ա՛յսքան տարբեր էք»։ Իրեն կը հարցնես. «Ի՞նչ ըսել կ’ուզես»։ Ան կ’ըսէ. «Դուք Եհովայի վկաներ էք, չէ՞։ Ուրիշներուն պէս չէք։ Ձեր կրօնքը ուրիշ կրօնքներու նման չէ,– տօներ չունիք, քաղաքականութեան միջամուխ չէք ըլլար եւ պատերազմներու չէք մասնակցիր։ Ձեզմէ մէկը չի ծխեր։ Եւ ինծի այնպէս կ’երեւի թէ ընտանիքդ բարոյական չափանիշներ ունի։ Ի՞նչ բան ձեզի ա՛յսքան տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն»։

Դուն գիտես թէ այս բոլոր հարցումներուն պատասխանը այն է, թէ մենք Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ կ’ապրինք։ Թագաւոր ըլլալով, Յիսուս մեզ կը զտէ։ Ան մեզի կ’օգնէ որ իր քայլերուն հետեւինք եւ այսպիսով այս չար աշխարհին չնմանինք։ Այս մասին մէջ պիտի տեսնենք, թէ մեսիական Թագաւորութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՛ս կը զտէ հոգեւոր, բարոյական եւ կազմակերպչական գետնի վրայ՝ Եհովային փառք բերելու նպատակաւ։

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ԳԼՈՒԽ 10

Թագաւորը իր ժողովուրդը հոգեւորապէս կը զտէ

Սուրբ Ծնունդն ու խաչը հասարակաց ի՞նչ բան ունին։

ԳԼՈՒԽ 11

Բարոյական զտումներ. Աստուծոյ սրբութիւնը արտացոլել

Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքին մէջի մուտքերը եւ պահակներուն սենեակները 1914–էն ի վեր Աստուծոյ ժողովուրդին համար շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած են։

ԳԼՈՒԽ 12

Կազմակերպուած՝ ‘խաղաղութեան Աստուծոյն’ ծառայելու

Աստուածաշունչը անկարգութիւնը կը հակադրէ խաղաղութեան հետ եւ ո՛չ թէ կարգուկանոնին հետ։ Ինչո՞ւ։ Եւ պատասխանը ինչպէ՞ս կ’ազդէ այժմու քրիստոնեաներուն։