Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձախին՝ Եղբայր մը քարոզելու պատճառաւ կը ձերբակալուի Այնդհովընի մէջ, Հոլանտա (1945). Աջին՝ Երկրիդ մէջ օրինապէս արտօնուա՞ծ է քարոզել

ՄԱՍ 4

Թագաւորութեան յաղթանակները. Բարի լուրը օրինապէս հաստատել

Թագաւորութեան յաղթանակները. Բարի լուրը օրինապէս հաստատել

ՏՈՒՆԷ տուն քարոզած ատեն, հեռուէն ոստիկանութեան ինքնաշարժ մը կը նկատես։ Տանտիրոջ հետ խօսելու ընթացքին կը զգաս որ ծառայակիցիդ ուշադրութիւնը շեղեցաւ եւ կը նկատես որ այդ կողմը կը նայի։ Ոստիկան մը ինքնաշարժէն դուրս կ’ելլէ եւ ձեզի մօտենալով կը հարցնէ. «Դո՞ւք էք այդ երկու անհատները, որոնք տունէ տուն երթալով մարդոց Աստուածաշունչէն կը խօսին։ Շրջանին մարդիկը գանգատներ ներկայացուցին»։ Անոր յարգանքով կը պատասխանէք՝ ըսելով որ Եհովայի վկաներ էք։ Անկէ ետք ի՞նչ կը պատահի։

Այս հարցումին պատասխանը մեծաւ մասամբ կախեալ է երկրիդ պատմութենէն։ Տարիներու ընթացքին, երկրիդ կառավարութիւնը Եհովայի վկաներուն հետ ինչպէ՞ս վարուած է։ Երկրիդ մէջ որոշ չափով կրօնական ազատութիւն կա՞յ։ Եթէ այո՛, հաւանաբար այդ ազատութիւնը կը վայելես քանի որ հոգեւոր եղբայրներդ եւ քոյրերդ տասնամեակներ շարունակ ծանր աշխատած են «բարի լուրը պաշտպանելու եւ օրինապէս հաստատելու» (Փլպ. 1։7, ՆԱ)։ Ո՛ւր որ ալ կ’ապրիս, Եհովայի վկաներուն օրինական յաղթանակներուն վրայ խոկալը հաւատքդ կը զօրացնէ։ Այս մասին մէջ պիտի քննենք այդ օրինական յաղթանակներէն մի քանին, որոնք յստակ ապացոյց են թէ Թագաւորութիւնը իրական է, քանի որ մեր անձնական ուժով չէ որ այդ յաղթանակները տարինք։

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ԳԼՈՒԽ 13

Թագաւորութեան քարոզիչները դատարան կը դիմեն

Արդի դատարաններու մէջ դատաւորները վաղեմի Օրէնքի ուսուցիչին՝ Գամաղիէլին տեսակէտը կ’որդեգրեն։

ԳԼՈՒԽ 14

Հաւատարիմ՝ միա՛յն Աստուծոյ կառավարութեան

Չէզոքութեան պատճառաւ Եհովայի վկաներու դիմագրաւած հալածանքի «գետը» կլլուեցաւ անակնկալ աղբիւրի մը կողմէ։

ԳԼՈՒԽ 15

Ազատօրէն Աստուած պաշտելու համար պայքարիլ

Աստուծոյ ժողովուրդը պայքարած է, որպէսզի իրաւունք ունենայ Աստուծոյ Թագաւորութեան օրէնքներուն հնազանդելու։