Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձախին՝ Բացօթեայ ժողով Լոնտոնի մէջ, Անգլիա, 1945. Աջին՝ Միօրեայ մասնաւոր համաժողով, Մալաուի, Ափրիկէ, 2012

ՄԱՍ 5

Թագաւորութեան տուած կրթութիւնը. Թագաւորին ծառաները մարզել

Թագաւորութեան տուած կրթութիւնը. Թագաւորին ծառաները մարզել

ՔԱՋԱԼԵՐԱԿԱՆ ժպիտով մը մտիկ կ’ընես դասախօսին։ Ան ժողովքէդ երիտասարդ եղբայր մըն է, որ առաջին անգամ ըլլալով համաժողովին մէջ դասախօսութիւն կու տայ։ Իր դասախօսութիւնը մտիկ ըրած ատեն, կը սքանչանաս Աստուծոյ ժողովուրդին ստացած մարզումին վրայ։ Կը յիշես այդ օրը, երբ այս երիտասարդը առաջին անգամ ըլլալով ամպիոն ելաւ բաժին տալու. . . Իսկ հիմա, ան ի՜նչ հմուտ դասախօս մը դարձած է։ Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցը յաճախելէ ետք, ամէն մարդ կրնար տեսնել իր ուշագրաւ յառաջդիմութիւնը։ Վերջերս, իր կնոջ հետ միասին ան Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը յաճախեց։ Իր հոյակապ դասախօսութեան աւարտին կը ծափահարես ու բոլոր ներկաներուն կը նայիս, մտածելով Աստուծոյ ժողովուրդին ստացած կրթութեան մասին։

Աստուածաշունչը մարգարէացաւ ժամանակի մը մասին, երբ Աստուծոյ ժողովուրդը ‘Տէրոջմէ պիտի սորվէր’ (Եսա. 54։13)։ Մենք այդ ժամանակուան մէջ կ’ապրինք։ Մենք կրթութիւն կը ստանանք ոչ միայն մեր հրատարակութիւններուն միջոցաւ, այլեւ՝ մեր ժողովներուն, համաժողովներուն եւ զանազան դպրոցներուն միջոցաւ, որոնք մեզ կը պատրաստեն տարբեր նշանակումներու համար Եհովայի կազմակերպութեան մէջ։ Այս մասին մէջ, նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս այս կրթութիւնը յստակ ապացոյց է թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ներկայիս կ’իշխէ։

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ԳԼՈՒԽ 16

Մէկտեղ հաւաքուիլ՝ պաշտամունքի համար

Ինչպէ՞ս կրնանք լաւագոյնս օգտուիլ ժողովներէն։

ԳԼՈՒԽ 17

Թագաւորութեան ծառաները մարզել

Աստուածպետական դպրոցները ինչպէ՞ս Թագաւորութեան ծառաները պատրաստած են իրենց նշանակումները կատարելու։