Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 152

Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

(Առակաց 14։26)

  1. Եհովա, մեզի տուած ես Հայր

    վառ յոյս մը՝ թանկարժէք։

    Անիկա ամուր խարիսխ է. . .

    Կ’ուզենք աշխարհ լսէ։

    Բայց ունինք ճնշիչ կեանքի հոգեր,

    որոնք վախ կը պատճառեն

    Եւ պայծառ ու վառ այդ յոյսը

    մարել միշտ կը փորձեն։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    Ո՛վ մեր Վէմ, ո՛վ մեր Յոյս,

    ո՛վ մեր Ապաւէն,

    Ինչի՛ կարօտինք. . . դուն պիտ’ տաս։

    Երբ պատմենք՝ քարոզենք,

    մենք վստահ ենք Տէր,

    որ ոյժ պիտի տաս՝ վէմ ըլլաս։

  2. Երբ դժուար պահեր եղած են՝ մութ,

    բնաւ մեզ չես լքած։

    Մենք սրտանց կ’ուզենք մեր յոյսը

    վառի, չըլլայ մարած։

    Հայր օգնէ յիշենք քու մեծ սէրդ. . .

    չմոռնանք քեզ՝ Ապաւէն։

    Եւ երթանք ու սուրբ անունդ

    ամէն տեղ հռչակենք։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    Ո՛վ մեր Վէմ, ո՛վ մեր Յոյս,

    ո՛վ մեր Ապաւէն,

    Ինչի՛ կարօտինք. . . դուն պիտ’ տաս։

    Երբ պատմենք՝ քարոզենք,

    մենք վստահ ենք Տէր,

    որ ոյժ պիտի տաս՝ վէմ ըլլաս։