Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 53

Կառավարիչ մը՝ որ իշխանութիւն ունի հովին ու ծովուն վրայ

Կառավարիչ մը՝ որ իշխանութիւն ունի հովին ու ծովուն վրայ

ՄԱՏԹԷՈՍ 14։22-36 ՄԱՐԿՈՍ 6։45-56 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 6։14-25

  • ՄԱՐԴԻԿ Կ’ՈՒԶԵՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ԹԱԳԱՒՈՐ ԸՆԵԼ

  • ՅԻՍՈՒՍ ՋՈՒՐԻՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ՔԱԼԷ, ՀՈՎԸ ԿԸ ՀԱՆԴԱՐՏԵՑՆԷ

Երբ հազարաւորներ կը տեսնեն, թէ Յիսուս ի՜նչ հրաշալի կարողութիւն ունի կերակրելու, շա՛տ կը տպաւորուին։ Անոնք կ’եզրակացնեն՝ ըսելով. «Ասիկա է ճշմարտապէս այն մարգարէն [Մեսիան], որ աշխարհ պիտի գար» եւ կը տեսնեն, որ շատ լաւ կառավարիչ մը կրնայ ըլլալ (Յովհաննէս 6։14. Բ. Օրինաց 18։18)։ Անոր համար կը մտադրեն Յիսուսը բռնել եւ թագաւոր ընել։

Բայց Յիսուս կ’անդրադառնայ թէ անոնք ինչ կը մտածեն։ Անոր համար ան ժողովուրդը կ’արձակէ եւ իր աշակերտներուն կ’ըսէ, որ իրենց նաւակը մտնեն եւ ուղղուին Բեթսայիդա եւ ետքը՝ Կափառնայում։ Իսկ ինք լեռ կ’ելլէ, գիշերը առանձին աղօթելու համար։

Արշալոյսէն քիչ առաջ, լուսինին լոյսին տակ, Յիսուս հեռուէն կը նկատէ իր աշակերտներուն նաւակը։ Զօրաւոր հովին պատճառով ծովը ալեկոծ վիճակի մէջ է եւ առաքեալները ‘կը տագնապին թի քաշելու ատեն, քանի որ հովը իրենց դէմ է’ (Մարկոս 6։48)։ Յիսուս լեռնէն կ’իջնէ եւ կը սկսի ալիքներուն վրայէն քալելով՝ աշակերտներուն քովը երթալ։ Մինչ այդ, աշակերտները ‘քսանըհինգ կամ երեսուն ասպարէզի չափ գացած են’, այսինքն՝ մօտ 5 կամ 6 քիլոմեթր կտրած են (Յովհաննէս 6։19)։ Անոնք Յիսուսը կը տեսնեն եւ ‘կը կարծեն թէ աչքի երեւոյթ մըն է’ (Մարկոս 6։49

Յիսուս աշակերտները կը հանգստացնէ՝ ըսելով. «Քաջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ Պետրոսն ալ կ’ըսէ. «Տէ՛ր, եթէ դուն ես, հրաման ըրէ ինծի որ քեզի գամ ջուրերուն վրայէն»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Եկո՛ւր»։ Պետրոս նաւակէն կ’իջնէ եւ ջուրերուն վրայէն կը քալէ, որ Յիսուսին քով երթայ։ Բայց երբ զօրաւոր հովին կը նայի, կը վախնայ եւ կը սկսի ընկղմիլ ու կը պոռայ. «Տէ՛ր, ազատէ»։ Յիսուսն ալ իր ձեռքը երկնցնելով՝ Պետրոսը կը բռնէ ու կ’ըսէ. «Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար» (Մատթէոս 14։27-31

Պետրոսն ու Յիսուսը նաւակը կը մտնեն եւ հովը կը հանդարտի։ Աշակերտները շատ կը զարմանան։ Բայց արդեօք իրենց զարմանքը տեղի՞ն է։ Եթէ հասկցած ըլլային «հացին վրայ եղած հրաշքը», այսինքն՝ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս քանի մը ժամ առաջ հազարաւորներ կերակրեց, ուրեմն պէտք չէր զարմանային տեսնելով Յիսուսը ծովուն վրայ կը քալէ եւ հովը կը հանդարտեցնէ։ Իսկ հիմա աշակերտները Յիսուսին երկրպագութիւն կ’ընեն ու կ’ըսեն. «Իրաւցնէ Աստուծոյ Որդին ես դուն» (Մարկոս 6։52. Մատթէոս 14։33

Ժամանակ մը ետք անոնք կը հասնին գեղեցիկ եւ պտղաբեր Գեննեսարէթի դաշտը, որ կը գտնուի Կափառնայումի հարաւը։ Անոնք խարիսխը կը նետեն եւ նաւակէն դուրս կու գան։ Մարդիկ շուտով Յիսուսը կը ճանչնան եւ բոլոր շրջակայ վայրերէն հիւանդներ կը բերեն քովը։ Երբ հիւանդները Յիսուսին հանդերձին քղանցքին կը դպչին, կ’առողջանան։

Մինչ այդ, անոնք՝ որոնք ներկայ էին երբ Յիսուս հրաշքով հազարաւորներ կերակրեց, կը նկատեն որ իրենց շրջանէն հեռացած է։ Անոր համար, երբ Տիբերիայէն նաւակներ կու գան, անոնք այդ նաւակներով Կափառնայում կ’ուղղուին՝ Յիսուսը փնտռելու։ Եւ երբ Յիսուսը կը գտնեն, անոր կը հարցնեն. «Ռա՛բբի, ե՞րբ եկար դուն հոս» (Յովհաննէս 6։25)։ Բայց, ինչպէս ետքը պիտի տեսնենք, Յիսուս այդ մարդիկը կը յանդիմանէ։