Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 54

Յիսուս «կենաց հաց»ն է

Յիսուս «կենաց հաց»ն է

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 6։25-48

  • ՅԻՍՈՒՍ «ԵՐԿՆՔԷՆ ԻՋԱԾ ՀԱՑ»Ն Է

Գալիլիայի ծովուն արեւելեան կողմը, Յիսուս հրաշքով հազարաւորներ կերակրեց եւ ետքը այդ շրջանէն հեռացաւ, երբ գիտցաւ որ մարդիկ կ’ուզեն զինք թագաւոր ընել։ Այդ գիշեր, ան ալեկոծ ծովուն վրայէն քալեց եւ ազատեց Պետրոսը, որ ծովուն վրայ քալելէն քիչ ետք սկսաւ ընկղմիլ։ Ասկէ զատ, Յիսուս հովը հանդարտեցուց՝ իր աշակերտները ազատելով հաւանական նաւաբեկութենէ։

Հիմա Յիսուս ծովուն արեւմտեան կողմն է, Կափառնայումի շրջանը։ Անոնք՝ որոնք հրաշքով կերակրուեցան, Յիսուսը կը գտնեն ու կ’ըսեն. «Ե՞րբ եկար դուն հոս»։ Յիսուս այդ մարդիկը կը յանդիմանէ, ըսելով որ զինք կը փնտռեն միա՛յն՝ նորէն կերակրուելու համար։ Ասկէ զատ, ան անոնց խրատ կու տայ՝ ըսելով. «Գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ»։ Ասոր վրայ անոնք կը հարցնեն. «Ի՞նչ ընենք որպէս զի Աստուծոյ գործերը կատարենք» (Յովհաննէս 6։25-28

Թերեւս անոնք ի մտի ունին Օրէնքին նշած գործերը, բայց Յիսուս կը խօսի ամէնէն կարեւոր «գործ»ին մասին, երբ կ’ըսէ. «Այս է Աստուծոյ գործը, որ անոր ղրկածին հաւատաք»։ Բայց մարդիկ Յիսուսին չեն հաւատար, հակառակ իր ըրած բոլոր բաներուն։ Անոնք նոյնիսկ Յիսուսէն նշան կը պահանջեն, որ կարենան իրեն հաւատալ։ Անոնք կը հարցնեն. «Ի՞նչ կը գործես։ Մեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան. ինչպէս գրուած է. ‘Երկնքէն հաց տուաւ անոնց որպէս զի ուտեն’» (Յովհաննէս 6։29-31. Սաղմոս 78։24

Իրենց պահանջին առ ի պատասխան, Յիսուս ցոյց կու տայ թէ ո՛վ է հրաշքներուն Աղբիւրը՝ ըսելով. «Կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Մովսէս չտուաւ ձեզի երկնաւոր հացը, բայց իմ Հայրս կու տայ ձեզի ճշմարիտ երկնաւոր հացը’։ Վասն զի Աստուծմէ տրուած հացը ա՛յն է, որ երկնքէն կ’իջնէ ու աշխարհի կեանք կու տայ»։ Յիսուսին ըսածը չհասկնալով՝ անոնք կը խնդրեն. «Տէ՛ր, ամէն ատեն այդ հացը մեզի տուր» (Յովհաննէս 6։32-34)։ Բայց Յիսուս ո՞ր «հաց»ին մասին կը խօսի։

Ան կը բացատրէ. «Ես եմ կենաց հացը. ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի։ Բայց ես ձեզի ըսի թէ դուք զիս տեսաք ալ ու չէք հաւատար։ . . .Ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց։ Եւ զիս ղրկող Հօրը կամքը այս է, որ այն ամէնը որ ինք տուաւ, չկորսնցնեմ, հապա անոնց յարութիւն առնել տամ վերջին օրը։ Քանզի զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան» (Յովհաննէս 6։35-40

Հրեաները կը բարկանան եւ կը սկսին Յիսուսին դէմ տրտնջալ, քանի որ ըսաւ. «Ե՛ս եմ երկնքէն իջած հացը» (Յովհաննէս 6։41)։ Իրենց համար Յիսուս սովորական մարդ է, որուն ծնողները Գալիլիայի Նազարէթ քաղաքէն են։ Անոր համար, անոնք հարց կու տան. «Ասիկա Յովսէփին որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը մենք կը ճանչնանք» (Յովհաննէս 6։42

Յիսուս կը պատասխանէ. «Տրտունջ մի՛ ընէք ձեր մէջ։ Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։ Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ։ Այն, որ Հօրմէս կը լսէ ու կը սորվի, ինծի կու գայ։ Ոչ մէկը Հայրը տեսած է, այլ միայն ան՝ որ Աստուծմէ է, անիկա Հայրը տեսած է։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, յաւիտենական կեանք ունի’» (Յովհաննէս 6։43-47. Եսայի 54։13

Ասկէ առաջ, երբ Յիսուս Նիկոդէմոսին հետ կը խօսէր, անոր ըսած էր որ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելը կախեալ է մարդու Որդիին հաւատալէն, նշելով. ‘Ամէն ո՛վ որ անոր [Աստուծոյ միածին Որդիին] հաւատայ՝ պիտի չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ’ (Յովհաննէս 3։15, 16)։ Բայց հիմա ան շատ աւելի մեծ թիւով մարդոց հետ կը խօսի եւ անոնց կ’ըսէ, որ իր միջոցաւ պիտի կրնան յաւիտենական կեանք ունենալ. կեանք մը՝ որ ո՛չ մանանան եւ ոչ ալ բառացի հացը կրնան իրենց տալ։ Ուրեմն, անոնք ինչպէ՞ս կրնան ձեռք ձգել յաւիտենական կեանքը։ Յիսուս կը կրկնէ. «Ես եմ կենաց հացը» (Յովհաննէս 6։48

Այս նիւթին շուրջ խօսակցութիւնները կը շարունակուին եւ իրենց գագաթնակէտին կը հասնին, երբ Յիսուս Կափառնայումի ժողովարանի մը մէջ կը սորվեցնէ։