Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 55

Յիսուսին խօսքերը շատերը կը ցնցեն

Յիսուսին խօսքերը շատերը կը ցնցեն

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 6։48-72

  • ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ՈՒՏԵԼ ԵՒ ԱՐԻՒՆԸ ԽՄԵԼ

  • ՇԱՏԵՐ ԿԸ ԳԱՅԹԱԿՂԻՆ ԵՒ ԱՅԼԵՒՍ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՉԵՆ ՀԵՏԵՒԻՐ

Կափառնայումի ժողովարանին մէջ, Յիսուս մարդոց կը սորվեցնէ որ ինք երկնքէն իջած ճշմարիտ հացն է։ Այնպէս կ’երեւի որ ան կը շարունակէ խօսիլ այն նիւթին մասին, որ սկսած էր խօսիլ Գալիլիայի ծովուն արեւելեան կողմէն եկած մարդոց հետ, որոնց կերակրած էր հացով ու ձուկով։

Յիսուս կ’ըսէ. «Ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան ու մեռան»։ Յետոյ կ’աւելցնէ. «Ես եմ կենդանի հացը, որ երկնքէն իջայ. եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի եւ այն հացը՝ որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որը ես պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար» (Յովհաննէս 6։48-52

Ք.Ե. 30–ի գարնան, Յիսուս Նիկոդէմոսին ըսած էր որ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ իր Որդին ղրկեց որպէս Փրկիչ։ Եւ հիմա Յիսուս կ’ըսէ որ մարդիկ պէտք է ուտեն իր մարմինը, այսինքն՝ հաւատան իր ընելիք զոհին. քանի որ այդպիսով է որ անոնք յաւիտենական կեանք պիտի ունենան։

Բայց մարդիկ կ’առարկեն, ըսելով. «Ի՞նչպէս կրնայ ասիկա իր մարմինը մեզի տալ՝ ուտելու» (Յովհաննէս 6։53)։ Յիսուս կ’ուզէ որ հասկնան թէ իր ըսածները փոխաբերական իմաստ ունին եւ պէտք չէ բառացիօրէն առնել։ Ասիկա յստակ կը դառնայ իր յաջորդ խօսքերէն։

«Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար։ Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ... Վասն զի իմ մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ իմ արիւնս ճշմարիտ ըմպելիք է։ Ան որ իմ մարմինս կ’ուտէ եւ իմ արիւնս կը խմէ, անիկա իմ ներսիդիս կը բնակի» (Յովհաննէս 6։54-57

Կրնաս երեւակայել որ Յիսուսին խօսքերը որքա՛ն կը ցնցեն եւ կը կատղեցնեն հրեաները։ Անոնք թերեւս կը կարծեն որ Յիսուս իրեն մտիկ ընողները կը քաջալերէ, որ մարդակեր ըլլան կամ արիւն չուտելու Աստուծոյ օրէնքը կտրեն (Ծննդոց 9։4. Ղեւտացւոց 17։10, 11)։ Բայց Յիսուս բառացիօրէն մարմին ուտելու եւ արիւն խմելու մասին չի խօսիր, հապա պարզապէս կ’ըսէ որ անոնք՝ որոնք կ’ուզեն յաւիտեան ապրիլ, պէտք է հաւատան այն զոհին, որ ինք պիտի ընէ՝ երբ իր արիւնը եւ կատարեալ մարդկային մարմինը տայ։ Բայց նոյնիսկ իր աշակերտներէն շատեր իր այս սորվեցուցածը չեն հասկնար։ Անոնցմէ ոմանք կ’ըսեն. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել» (Յովհաննէս 6։61

Յիսուս տեսնելով որ իր աշակերտներէն ոմանք կը տրտնջան, կ’ըսէ. «Ատիկա ձեզ կը գայթակղեցնէ՞։ Հապա ի՞նչ պիտի խորհիք, եթէ տեսնէք Որդի մարդոյ ելլելը, ուր առաջ էր։ ...Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, հոգի ու կեանք են։ Բայց ձեր մէջէն կան ոմանք, որ չեն հաւատար»։ Ասոր վրայ, աշակերտներէն շատեր կը ձգեն–կը քալեն եւ այլեւս Յիսուսին չեն հետեւիր (Յովհաննէս 6։62-65

Յիսուս իր 12 առաքեալներուն կը հարցնէ. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։ Պետրոս կը պատասխանէ. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին» (Յովհաննէս 6։68-70)։ Պետրոսին այս խօսքերը խոր հաւատարմութիւն ցոյց կու տան, հակառակ անոր որ ինք եւ միւս առաքեալները այդ պահուն լման չեն ըմբռնած Յիսուսին սորվեցուցածը այս նիւթին շուրջ։

Թէեւ Պետրոսին խօսքերը Յիսուսը կ’ուրախացնեն, բայց ան կ’ըսէ. «Ես ձեզ տասներկուքդ չընտրեցի՞, բայց ձեզմէ մէկը սատանայ է» (Յովհաննէս 6։71)։ Ան կը խօսի Յուդա Իսկարիովտացիին մասին։ Հաւանաբար այդ ատեն Յիսուս կը նկատէ որ Յուդան սկսած է սխալ ճամբայ բռնել։

Բայց անշուշտ Յիսուս շատ կ’ուրախանայ գիտնալով, որ Պետրոսն ու միւս առաքեալները կ’ուզեն շարունակել իրեն հետեւիլ եւ կեանք փրկող գործին մասնակցիլ։