Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 58

Յիսուս հազարաւորներ կը կերակրէ եւ թթխմորէն կը զգուշացնէ

Յիսուս հազարաւորներ կը կերակրէ եւ թթխմորէն կը զգուշացնէ

ՄԱՏԹԷՈՍ 15։32–16։12 ՄԱՐԿՈՍ 8։1-21

  • ՅԻՍՈՒՍ 4000 ՏՂԱՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ

  • ՅԻՍՈՒՍ ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐՈՒ ԹԹԽՄՈՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

Գալիլիայի ծովուն արեւելեան կողմը, Դեկապոլիսի շրջանին մէջ, մեծ բազմութիւններ Յիսուսին քով կը հաւաքուին։ Անոնք կու գան իրեն մտիկ ընելու եւ բժշկուելու, հետերնին զամբիւղներով,– կամ՝ մեծ կողովներով,– ուտելիք բերելով։

Բայց ժամանակ մը ետք Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի հիմա երեք օր է, որ իմ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու։ Եթէ ատոնք անօթի ղրկեմ իրենց տուները, ճամբուն մէջ պիտի մարին, վասն զի ատոնցմէ ոմանք հեռու տեղէ եկած են»։ Իր աշակերտները կը պատասխանեն. «Այս անապատին մէջ ուրկէ՞ կրնայ մէկը հացով կշտացնել ատոնք» (Մարկոս 8։2-4

Յիսուս կը պատասխանէ. «Քանի՞ նկանակ ունիք»։ Աշակերտները կ’ըսեն. «Եօթը ու քանի մը մանր ձուկեր» (Մատթէոս 15։34)։ Յիսուս մարդիկը գետին նստեցնել կու տայ։ Նկանակները եւ ձուկերը առնելով՝ Աստուծոյ կ’աղօթէ եւ յետոյ կու տայ իր աշակերտներուն, որ բաժնեն։ Ամէն մարդ կ’ուտէ եւ կը կշտանայ։ Ճաշելէ ետք, աւելցուքները եօ՛թը զամբիւղ կը լեցնեն, հակառակ անոր որ ուտողները մօտ 4000 տղամարդիկ են, կիներէն եւ երեխաներէն զատ։

Անկէ ետք, Յիսուս մարդիկը կ’արձակէ եւ իր աշակերտներուն հետ նաւով Մագդաղա կ’ուղղուի, որ կը գտնուի Գալիլիա ծովուն արեւմտեան ափին։ Հոն, փարիսեցիները եւ սադուկեցիներու աղանդէն ոմանք Յիսուսը կը փորձեն, իրմէ խնդրելով որ երկինքէն նշան մը ցոյց տայ իրենց։

Յիսուս, գիտնալով անոնց մղումները, կ’ըսէ. «Երբ իրիկուն ըլլայ, կ’ըսէք թէ ‘Պարզ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը կարմրած է’։ Եւ առտուն՝ ‘Այսօր մրրիկ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը միգապատ ու կարմրած է’։ Կե՛ղծաւորներ, երկնքի երեսը քննել գիտէք, բայց ժամանակներուն նշանները չէ՞ք կրնար գիտնալ» (Մատթէոս 16։2, 3)։ Ետքը, Յիսուս անոնց կ’ըսէ որ իրենց միայն Յովնան մարգարէին նշանը պիտի տրուի։

Անկէ ետք, Յիսուս եւ իր աշակերտները նաւ մը կ’առնեն եւ կ’ուղղուին Բեթսայիդա, որ Գալիլիայի ծովուն հիւսիս արեւելեան ափը կը գտնուի։ Ճամբան, աշակերտները կը նկատեն որ մոռցած են հետերնին բաւարար հաց առնել։ Անոնք միայն մէկ հաց ունին։ Յիսուս մտածելով իր վերջին զրոյցին մասին, որ ունեցաւ փարիսեցիներուն եւ Հերովդէսի կողմնակից եղող սադուկեցիներուն հետ, իր աշակերտները կը զգուշացնէ. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք փարիսեցիներուն ու Հերովդէսին խմորէն [կամ թթխմորէն]»։ Անոնք սխալմամբ կը կարծեն, որ Յիսուս կը խօսի՝ իրենց հաց մոռնալուն մասին։ Երբ ան կը տեսնէ որ իր ըսածը սխալ հասկցան, կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ կը խորհիք թէ հաց չունիք» (Մարկոս 8։15-17

Յիսուս վերջերս հազարաւորներ կերակրեց, ուրեմն իր աշակերտները պէտք է գիտնան, որ իր մտահոգութիւնը բառացի հացի պակասը չէ։ Ան կ’ըսէ. «Չէ՞ք յիշեր, երբ հինգ նկանակը հինգ հազարին կտրեցի։ Քանի՞ կողով լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Տասներկու»։ Ետքը կ’ըսէ. «Ու երբ եօթը նկանակը չորս հազարին կտրեցի, քանի՞ զամբիւղ լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։ Անոնք ալ կ’ըսեն. «Եօթը» (Մարկոս 8։18-20

Յիսուս կը հարցնէ. «Ի՞նչպէս չէք հասկնար թէ ես հացի համար չըսի ձեզի՝ փարիսեցիներու եւ սադուկեցիներու խմորէն [կամ թթխմորէն] զգոյշ կենալ» (Մատթէոս 16։11

Վերջապէս, աշակերտները Յիսուսին ըսածը կը հասկնան։ Թթխմորը խմորը կը թթուեցնէ եւ կ’ուռեցնէ։ Յիսուս հոս թթխմորը որպէս ապականութեան խորհրդանիշ կը գործածէ։ Ան իր աշակերտները կը զգուշացնէ «փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու վարդապետութենէն», որ ապականիչ ազդեցութիւն ունի (Մատթէոս 16։12