Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 62

Խոնարհութեան կարեւոր դաս

Խոնարհութեան կարեւոր դաս

ՄԱՏԹԷՈՍ 17։21–18։5 ՄԱՐԿՈՍ 9։29-36 ՂՈՒԿԱՍ 9։44-48

  • ՅԻՍՈՒՍ ՆՈՐԷՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ

  • ՅԻՍՈՒՍ ՏՈՒՐՔ ԿԸ ՎՃԱՐԷ՝ ՁՈՒԿԻՆ ԲԵՐՆԷՆ ԵԼԱԾ ԴՐԱՄՈՎ

  • Ո՞Վ ՄԵԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Այլակերպութենէն եւ չար ոգի ունեցող տղան բժշկելէ ետք Փիլիպպոսի Կեսարիայի մէջ, Յիսուս Կափառնայում կ’ուղղուի։ Ան հոն գաղտնի կ’երթայ միայն իր աշակերտներուն հետ, քանի որ չ’ուզեր որ ժողովուրդէն «մէկը գիտնայ» (Մարկոս 9։29)։ Ասիկա իրեն առիթ կու տայ, որ աշակերտները աւելի պատրաստէ իր մահուան եւ այն գործին համար, որ պիտի կատարեն իր մահէն ետք։ Յիսուս կը բացատրէ. «Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը եւ զանիկա պիտի մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ» (Մատթէոս 17։21, 22

Ասիկա իր աշակերտներուն համար նոր տեղեկութիւն չէ։ Ան ասկէ առաջ ալ խօսեցաւ իր սպանութեան մասին, թէեւ Պետրոս չուզեց հաւատալ որ ատանկ բան պիտի պատահի (Մատթէոս 16։21, 22)։ Եւ երեք առաքեալներ տեսան Յիսուսին այլակերպութիւնը եւ լսեցին իր «այս կեանքէն ելլել»ուն մասին եղած խօսակցութիւնը (Ղուկաս 9։31)։ Հիմա, Յիսուսին ըսածները իր հետեւորդները ‘խիստ կը տրտմեցնեն’, հակառակ անոր որ իր խօսքերուն լման իմաստը չեն հասկնար (Մատթէոս 17։22)։ Բայց եւ այնպէս, անոնք կը վախնան աւելի հարցնելու իր մահուան մասին։

Ժամանակ մը ետք, անոնք կը հասնին Կափառնայում, որ Յիսուսի գործունէութեան գլխաւոր վայրն է եւ ուրկէ են կարգ մը առաքեալներ։ Հոն, տաճարի երկդրամեան տուրքը առնողները Պետրոսին քով կու գան։ Հաւանաբար, անոնք կ’ուզեն Յիսուսը ամբաստանել տուրք չվճարելու յանցանքով։ Անոր համար, կը հարցնեն. «Ձեր վարդապետը երկդրամեանը չի՞ հատուցաներ» (Մատթէոս 17։23

Պետրոս կը պատասխանէ. «Այո՛, կը հատուցանէ»։ Երբ Պետրոս տուն կու գայ, Յիսուս արդէն գիտէ ինչ պատահած է անոր հետ։ Փոխանակ սպասելու որ Պետրոսը նիւթը բանայ, Յիսուս կը հարցնէ. «Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Սի՛մոն, երկրի թագաւորները որմէ՞ կ’առնեն հարկը կամ տուրքը. իրենց որդիներէ՞ն թէ օտարներէն»։ Պետրոս կը պատասխանէ. «Օտարներէն»։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ուրեմն որդիները ազատ են» (Մատթէոս 17։23-25

Յիսուսին Հայրը տիեզերքի Թագաւորն է եւ այն Անձնաւորութիւնն է, որ ժողովուրդը կը պաշտէ տաճարին մէջ։ Ուրեմն, օրինական գետնի վրայ, Աստուծոյ Որդիէն չէ պահանջուած տաճարին տուրքը վճարել։ Յիսուս կ’ըսէ. «Բայց չըլլայ թէ զանոնք գայթակղեցնենք, գնա՛ ծովը եւ կարթը ձգէ ու առաջին ձուկը որ կ’ելլէ՝ ա՛ռ եւ անոր բերանը բանալով սատեր մը պիտի գտնես։ Անոնց տուր ինծի եւ քեզի համար» (Մատթէոս 17։26

Անկէ ետք, աշակերտները միասնաբար Յիսուսին քով կու գան, հարցնելու համար որ ո՛վ մեծ պիտի ըլլայ Թագաւորութեան մէջ։ Այս տղամարդիկը քիչ առաջ կը վախնային Յիսուսին հարցնելու իր մահուան մասին, բայց հիմա չեն վախնար իրե՛նց ապագային մասին հարցնելու։ Յիսուս գիտէ թէ ի՛նչ կը մտածեն, քանի որ Կափառնայում գալու ատեն, արդէն սկսած էին վիճաբանիլ այդ նիւթին շուրջ։ Անոր համար Յիսուս կը հարցնէ. «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք ճամբան իրարու հետ» (Մարկոս 9։32)։ Աշակերտները երես չունին պատասխանելու, քանի որ իրարու միջեւ կը վիճաբանէին թէ ո՛վ է մեծը։ Բայց ի վերջոյ բերաննին կը բանան՝ հարցնելով. «Ո՞վ է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ» (Մատթէոս 18։1

Զարմանալի է որ աշակերտները այս նիւթին շուրջ կը վիճաբանին, հակառակ անոր որ երեք տարիէ ի վեր Յիսուսին հետն են եւ իր սորվեցուցածները կը լսեն։ Բայց անոնք անկատար են եւ մեծցած են այնպիսի կրօնական միջավայրի մը մէջ, որ դիրքին ու պաշտօնին շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ։ Ասկէ զատ, Յիսուս դեռ վերջերս Պետրոսին խոստացաւ տալ Թագաւորութեան «բանալիներ»ը։ Կրնա՞յ ըլլալ որ այս պատճառով ան ինքզինք միւսներէն գերադաս կը սեպէ։ Ի՞նչ կարելի է ըսել Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին մասին։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք ալ իրենք զիրենք գերադաս կը սեպեն, քանի որ Յիսուսին այլակերպութեան ականատես եղան։

Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, Յիսուս անոնց մտածելակերպը կը ճշդէ։ Ան տղեկ մը կը կանչէ եւ անոնց մէջտեղը կը կայնեցնէ եւ կ’ըսէ. «Եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք։ Ուստի ով որ իր անձը այս տղուն պէս խոնարհեցնէ, անիկա է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ, եւ ով որ այսպիսի տղայ մը կ’ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի» (Մատթէոս 18։3-5

Սորվեցնելու ի՜նչ հոյակապ մեթոտ։ Յիսուս իր աշակերտներուն վրայ չի բարկանար, ոչ ալ կ’ըսէ որ անոնք ագահ են կամ փառքի կը տենչան։ Փոխարէն, ան գործնական դաս կը սորվեցնէ։ Փոքրիկները բարձր դիրքի կամ փառքի չեն ձգտիր։ Ուրեմն, այս օրինակով, Յիսուս իր աշակերտներուն ցոյց կու տայ որ պէտք է խոնարհ ու համեստ ըլլան։ Ան իր խօսքը կ’եզրափակէ՝ ըսելով. «Ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ» (Ղուկաս 9։48