Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 63

Յիսուս գայթակղութեան եւ մեղքի նկատմամբ խրատ կու տայ

Յիսուս գայթակղութեան եւ մեղքի նկատմամբ խրատ կու տայ

ՄԱՏԹԷՈՍ 18։6-20 ՄԱՐԿՈՍ 9։37-49 ՂՈՒԿԱՍ 9։49, 50

  • ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԽՐԱՏ

  • ԵԹԷ ԵՂԲԱՅՐ ՄԸ ՄԵՂՔ ԳՈՐԾԷ

Յիսուս քիչ առաջ օրինակով մը բացատրեց որ իր հետեւորդները ինչ տեսակ մարդիկ պէտք է ըլլան։ Անոնք պէտք է նմանին երեխաներու, այսինքն՝ խոնարհ ու համեստ ըլլան։ Յիսուսը ընդօրինակելու համար, աշակերտները պէտք է զարգացնեն այն նոյն յատկութիւնները, որոնք երեխաները ունին (Մատթէոս 18։5

Կրնայ ըլլալ որ առաքեալները կը զգան, որ Յիսուսին կողմէ կը յանդիմանուին, քանի որ քիչ առաջ իրարու հետ կը վիճաբանէին թէ ո՛վ իրենց մէջ մեծ է։ Իսկ հիմա, Յովհաննէս առաքեալ ուրիշ նիւթ կը բանայ բանի մը մասին, որ նոր պատահած է. «Մէկը տեսանք որ քու անունովդ դեւեր կը հանէր եւ զանիկա արգիլեցինք, վասն զի մեզի հետ չի պտըտիր» (Ղուկաս 9։49

Արդեօք Յովհաննէս կը կարծէ որ միայն առաքեալնե՞րը հեղինակութիւն ունին, որ ուրիշները բժշկեն կամ դեւեր հանեն։ Եթէ այո, ուրեմն այս հրեայ մարդը ինչպէ՞ս դեւեր կրնայ հանել։ Յովհաննէս թերեւս կը կարծէ որ այդ մարդը պէտք չէ հրաշքներ ընէ, քանի որ Յիսուսին եւ առաքեալներուն չ’ընկերակցիր։

Բայց Յիսուսին պատասխանը Յովհաննէսը կը զարմացնէ։ Ան կ’ըսէ. «Մի՛ արգիլէք զանիկա, վասն զի մէկը չկայ, որ իմ անունովս հրաշք գործէ ու կարենայ ինծի հայհոյել։ Քանզի ան որ մեզի հակառակ չէ, մեր կողմէն է։ Վասն զի ան որ ձեզի գաւաթ մը ջուր խմցնէ իմ անունովս թէ դուք Քրիստոսինն էք, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Անիկա իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ’» (Մարկոս 9։38-40

Ուրեմն, այդ մարդը հիմակուհիմա պէտք չունի Քրիստոսին ընկերակցելու, որ իր կողմը ըլլայ։ Քրիստոնէական ժողովքը դեռ չէ կազմուած. հետեւաբար, Յիսուսին հետ չշրջիլը չի նշանակեր, որ այդ մարդը հակառակորդ է կամ սուտ կրօնք մը յառաջ կը մղէ։ Յստակ է որ ան Յիսուսի անուան հանդէպ հաւատք ունի. եւ Յիսուսին խօսքերը ցոյց կու տան, որ ան «իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ»։

Իսկ ի՞նչ կը պատահի եթէ առաքեալները խօսքով ու գործով գայթակղեցնեն այդ մարդը։ Հետեւանքները շատ լուրջ կ’ըլլան։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որ ինծի կը հաւատայ, աւելի աղէկ էր որ ջաղացքի քար մը անոր վզէն կախուէր ու ծովը ձգուէր» (Մարկոս 9։41)։ Ետքը Յիսուս կ’ըսէ որ իր հետեւորդները պէտք է ձեռքին, ոտքին կամ աչքին պէս արժէքաւոր բաներէ ձերբազատուին, եթէ ատոնք կրնան զիրենք գայթակղեցնել։ Աւելի լաւ է ատոնցմէ ձերբազատուիլ եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնել, քան թէ ատոնց կառչիլ եւ Գեհեանը (Ենովմի ձորը) ձգուիլ։ Շատ հաւանաբար, առաքեալները տեսած են Երուսաղէմի մօտ գտնուող այդ ձորը, ուր աղբերը կ’այրուին. ուրեմն անոնց համար յստակ է, որ ատիկա կը խորհրդանշէ յաւիտենական կործանում։

Յիսուս նաեւ կը զգուշացնէ. «Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը»։ «Այս պզտիկները» որքա՞ն արժէքաւոր են իր Հօր համար։ Յիսուս օրինակ մը տալով, կը պատմէ որ մարդ մը 100 ոչխար ունէր, բայց օր մը այդ ոչխարներէն մէկը կը կորսնցնէ։ Ան 99 ոչխարները կը ձգէ եւ կ’երթայ փնտռելու այդ մէկ կորսուած ոչխարը, եւ երբ կը գտնէ, աւելի՛ կ’ուրախանայ այդ մէկ ոչխարին համար, քան՝ 99–ին համար։ Յիսուս կ’աւելցնէ. «Ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի» (Մատթէոս 18։10, 14

Անկէ ետք, թերեւս ի մտի ունենալով առաքեալներուն վիճաբանութիւնը, թէ ո՛վ է մեծ, Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Ձեր անձին մէջ աղ ունեցէք եւ իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք» (Մարկոս 9։49)։ Աղը համ կու տայ ճաշին։ Այլաբանական աղը համ կու տայ անհատին խօսակցութեան եւ կ’օգնէ որ մարդիկ դիւրաւ ընդունին անոր խօսքերը. ինչ որ խաղաղութեան կը նպաստէ։ Իսկ վիճաբանութիւնը կը խանգարէ խաղաղութիւնը (Կողոսացիս 4։6

Ի՞նչ կարելի է ընել երբ լուրջ հարցեր ծագին։ Յիսուս կը բացատրէ ատոնք ինչպէս լուծել՝ ըսելով. «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա՛ յանդիմանէ զանիկա երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ»։ Եթէ ան մտիկ չընէ, Յիսուս կը խրատէ. «Քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ, որպէս զի երկու կամ երեք վկաներու բերնով ամէն բան հաստատուի»։ Իսկ եթէ այդպիսով ալ հարցը չլուծուի, անոնք պէտք է «եկեղեցիին» ըսեն. այսինքն՝ երէցներուն, որոնք իրաւասութիւն ունին որոշում կայացնելու։ Եւ երբ մեղանչողը երէցներուն ալ մտիկ չընէ, Յիսուս կ’ըսէ. «Հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի»։ Հրեաները այսպիսի մարդոց հետ չէին ընկերակցեր (Մատթէոս 18։15-17

Երէցները պէտք է Աստուծոյ Խօսքին կառչին։ Եթէ անոնք որոշեն որ մեղանչողը յանցաւոր է եւ խրատուելու պէտք ունի, անոնց որոշումը կ’արտացոլէ այն ինչ որ արդէն երկնքի մէջ որոշուած է կամ «կապուած» է։ Իսկ եթէ երէցները անհատը անմեղ գտնեն, անոնց որոշումը կ’արտացոլէ այն ինչ որ երկնքի մէջ որոշուած է կամ «արձակուած» է։ Այս ուղղութիւնները անկասկած գործնական պիտի ըլլան մէյ մը որ քրիստոնէական ժողովքը կազմուի։ Այսպիսի լուրջ քննարկութիւններու նկատմամբ, Յիսուս կ’ըսէ. «Ուր երկու կամ երեք հոգի ժողվուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ» (Մատթէոս 18։18-20