Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 76

Յիսուս փարիսեցիի մը հետ կը ճաշէ

Յիսուս փարիսեցիի մը հետ կը ճաշէ

ՂՈՒԿԱՍ 11։37-54

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԿԵՂԾԱՒՈՐ ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ

Յիսուս դեռ Հրէաստանի մէջ է։ Հոն, փարիսեցի մը զինք ճաշի կը հրաւիրէ, շատ հաւանաբար ցերեկը (Ղուկաս 11։37, 38)։ Ճաշելէ առաջ, փարիսեցիները ձեռքերնին մինչեւ արմուկ կը լուան։ Ասիկա իրենց սովորութիւնն է։ Բայց Յիսուս ատանկ բան չ’ըներ (Մատթէոս 15։1, 2)։ Ձեռքերը մինչեւ արմուկ լուալով մարդ մը Աստուծոյ Օրէնքը չի կտրեր, բայց միւս կողմէ Աստուած ասանկ բան չի պահանջեր։

Փարիսեցին կը զարմանայ որ Յիսուս այդ աւանդութեան չի հետեւիր։ Յիսուս կը նկատէ այս մէկը եւ կ’ըսէ. «Հիմա դուք՝ փարիսեցիներ, գաւաթին ու պնակին դուրսիդին կը մաքրէք, բայց ձեր ներսիդին յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ լեցուն է։ Ա՛նխելքներ, ան որ դուրսինը ըրաւ, ներսինն ալ ինք չըրա՞ւ» (Ղուկաս 11։39, 40

Անշուշտ հոս Յիսուս չի խօսիր մաքուր ձեռքով ուտելու մասին։ Հապա ան կը խօսի անոնց կրօնական կեղծաւորութեան մասին։ Փարիսեցիները եւ ուրիշներ սովորութեան մը հետեւելով՝ ձեռքերնին կը լուան, բայց եւ այնպէս, անոնք իրենց սրտերը չարութենէն չեն մաքրեր։ Անոր համար Յիսուս զանոնք կը խրատէ. «Անոնց մէջ եղածներէն ողորմութիւն տուէք եւ ահա ամէն բան մաքուր կ’ըլլայ ձեզի» (Ղուկաս 11։41)։ Որքա՜ն ճիշդ է։ Անհատ մը պէտք է տայ սրտանց եւ սէրէ մղուած, եւ ոչ թէ ուրիշները տպաւորելու համար, ձեւացնելով որ ինք արդար է։

Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ այս մարդիկը չեն տար։ Ան կ’ըսէ. «Անանուխին ու փեգենային եւ բոլոր խոտեղէններուն տասանորդը կը վճարէք, բայց զանց կ’ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք» (Ղուկաս 11։42)։ Աստուծոյ Օրէնքը կը պահանջէր բերքին տասանորդը վճարել (Բ. Օրինաց 14։22)։ Ատիկա կը պարփակէր անանուխն ու փեգենան, որոնք ճաշերուն համ տուող բոյսեր էին։ Փարիսեցիները բծախնդրօրէն այս բոյսերուն տասանորդը կը վճարէին։ Բայց արդեօք Օրէնքին աւելի կարեւոր պահանջները կը գոհացնէի՞ն. ինչպէս արդարութեամբ վարուիլ եւ Աստուծոյ առջեւ համեստ ըլլալ (Միքիա 6։8, ՆԱ

Յիսուս կը շարունակէ. «Վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները կը սիրէք ու շուկաներուն մէջ՝ բարեւները։ Վա՜յ ձեզի, կեղծա՛ւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անյայտ գերեզմաններու նման էք, որոնց վրայէն մարդիկ կը քալեն ու չեն գիտեր» (Ղուկաս 11։43, 44)։ Այո, մարդիկ կրնային առանց անդրադառնալու կոխել չերեւցող գերեզմանի վրայ եւ ըստ Օրէնքին՝ անմաքուր դառնալ։ Յիսուս այդ իրողութիւնը կը գործածէ շեշտելու համար, որ փարիսեցիներուն անմաքրութիւնը աներեւոյթ է (Մատթէոս 23։27

Օրէնքէն լաւատեղեակ մարդ մը կը գանգատի. «Վա՛րդապետ, այդ խօսքերը ըսելով՝ մեզ ալ վար կը զարնես»։ Բայց այսպիսի տղամարդիկ պէտք է անդրադառնան որ մարդոց չեն օգներ։ Յիսուս կ’ըսէ «Ձեզի ալ վա՜յ օրինականներուդ, որ տանելու դժուար բեռներ կը բեռցնէք մարդոց ու դուք ձեր մէկ մատով այն բեռներուն չէք դպչիր։ Վա՜յ ձեզի, որ մարգարէներուն գերեզմաններ կը շինէք, մինչդեռ ձեր հայրերը սպաննեցին զանոնք» (Ղուկաս 11։45-47

Յիսուսին ըսած բեռները բերանացի աւանդութիւններն են ու Օրէնքին նկատմամբ փարիսեցիներուն ըրած մեկնաբանութիւններն են։ Այս մարդիկը ժողովուրդին կեանքը կը դժուարացնեն՝ պնդելով որ բոլորը պահեն այդ ծանր բեռ դարձած սովորութիւնները։ Անոնց նախահայրերը սպաննեցին Աստուծոյ մարգարէները,– Աբէլէն սկսեալ։ Հիմա անոնք կը ձեւացնեն որ կը պատուեն մարգարէները, անոնց համար գերեզմաններ շինելով։ Մինչդեռ անոնք իրենց նախահայրերուն նոյն մտածելակերպը եւ վարքը ունին։ Անոնք նոյնիսկ կերպեր կը փնտռեն Աստուծոյ գլխաւոր Մարգարէն սպաննելու։ Յիսուս կ’ըսէ որ Աստուած հաշիւ պիտի պահանջէ այս սերունդէն։ Եւ ասիկա կատարուեցաւ մօտ 38 տարի ետք՝ Ք.Ե. 70–ին։

Յիսուս կը շարունակէ. «Վա՜յ ձեզի օրինականներուդ, որ գիտութեան բանալին վերցուցիք. դուք չմտաք եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք» (Ղուկաս 11։52)։ Այս մարդիկը պէտք է Աստուծոյ Խօսքին նշանակութիւնը սորվեցնեն։ Մինչդեռ անոնք ժողովուրդին առիթ չեն տար որ ատոր մասին գիտութիւն առնեն ու զայն հասկնան։

Փարիսեցիները եւ դպիրները ինչպէ՞ս կը հակազդեն։ Մինչ Յիսուս փարիսեցիին տունէն դուրս կ’ելլէ, անոնք բարկացած կը հակառակին եւ շատ հարցումներ կը հարցնեն։ Անոնք Յիսուսէն սորվելու փափաք չունին, հապա կ’ուզեն որ ըսէ բան մը, որ կրնայ պատճառ ըլլալ որ ձերբակալուի։