Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 77

Յիսուս հարստութեան մասին խրատ կու տայ

Յիսուս հարստութեան մասին խրատ կու տայ

ՂՈՒԿԱՍ 12։1-34

  • ԱՆՄԻՏ ՀԱՐՈՒՍՏԻՆ ԱՌԱԿԸ

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԽՕՍԻ ԱԳՌԱՒՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՇՈՒՇԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

  • ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ «ՊԶՏԻԿ ՀՕՏ» ՄԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

Մինչ Յիսուս փարիսեցիին տան մէջ կը ճաշէ, դուրսը հազարաւորներ կը հաւաքուին եւ իրեն կը սպասեն։ Ասկէ առաջ, Գալիլիայի մէջ ալ նման բան եղած էր (Մարկոս 1։33. 2։2. 3։9)։ Հոս, Հրէաստանի մէջ, շատեր կ’ուզեն տեսնել եւ մտիկ ընել Յիսուսին, ինչ որ ցոյց կու տայ որ անոնք բոլորովին տարբեր կեցուածք ունին այն փարիսեցիներէն, որոնք Յիսուսին հետ ճաշի նստած են։

Ինչ որ Յիսուս կ’ըսէ, շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի իր աշակերտներուն համար. «Ինքզինքնիդ զգոյշ պահեցէք փարիսեցիներուն խմորէն, որ է կեղծաւորութիւն»։ Ան ասկէ առաջ այս զգուշացումը տուած է, բայց ինչ որ տեսաւ ճաշի ժամանակ ցոյց կու տայ որ այս խրատը որքա՛ն հրատապ է (Ղուկաս 12։1. Մարկոս 8։15)։ Փարիսեցիները կը փորձեն իրենց չարութիւնը պահել՝ բարեպաշտութիւն ցուցադրելով։ Մինչդեռ անոնք լուրջ վտանգ են ժողովուրդին համար եւ անոնց չար գործերը պէտք է քօղազերծուին։ Յիսուս կը բացատրէ. «Բան մը չկայ ծածուկ՝ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ չգիտցուի» (Ղուկաս 12։2

Թերեւս ժողովուրդէն շատեր, որոնք Յիսուսին շուրջ հաւաքուած են, Հրէաստանէն են եւ չեն լսած որ ան ինչ սորվեցուցած է Գալիլիայի մէջ։ Անոր համար, Յիսուս նախապէս իր ըսած գլխաւոր գաղափարները կը կրկնէ։ Ան բոլոր մտիկ ընողներուն կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու անկէ աւելի բան մը ընելու կարողութիւն չունին» (Ղուկաս 12։4)։ Ան կը շեշտէ որ իր հետեւորդները պէտք է վստահ ըլլան, որ Աստուած իրենց հոգ պիտի տանի։ Անոնք նաեւ պէտք է ընդունին Որդին մարդոյ եւ համոզուին որ Աստուած կրնա՛յ իրենց օգնել (Մատթէոս 10։19, 20, 26-33. 12։31, 32

Ետքը ժողովուրդին մէջէն մէկը իր անձնական մտահոգութեան մասին կ’արտայայտուի՝ ըսելով. «Վա՛րդապետ, ըսէ եղբօրս, որ մեզի ինկած ժառանգութիւնը ինծի հետ բաժնէ» (Ղուկաս 12։13)։ Օրէնքը կ’ըսէ որ անդրանիկ զաւակին երկու բաժին կ’իյնայ ժառանգութենէն, ուրեմն պէտք չէ այս նիւթին շուրջ վիճաբանութիւն ըլլայ (Բ. Օրինաց 21։17)։ Այնպէս կ’երեւի որ այս մարդը իր օրինական բաժինէն աւելի՛ն կը պահանջէ։ Յիսուս իմաստութեամբ կը վարուի եւ կը մերժէ կողմ բռնել՝ անոր հարցնելով. «Մա՛րդ, ո՞վ զիս ձեր վրայ դատաւոր կամ բաժին ընող դրաւ» (Ղուկաս 12։14

Անկէ ետք Յիսուս այս խրատը կու տայ բոլորին. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը» (Ղուկաս 12։15)։ Մարդ մը որքա՛ն ալ հարուստ ըլլայ եւ ստացուածքներ ունենայ, օր մը պիտի մեռնի եւ իր ստացուածքները արժէք մը պիտի չունենան իրեն համար։ Յիսուս այս կէտը կը շեշտէ շատ աղուոր առակով մը, որ նաեւ ցոյց կու տայ թէ որքա՛ն կարեւոր է Աստուծոյ քով բարի անուն ունենալ.

«Հարուստ մարդու մը արտերը առատ բերքեր տուին։ Ան կը մտածէր ինքնիրեն ու կ’ըսէր. ‘Ի՞նչ ընեմ, վասն զի տեղ չունիմ, ուր իմ բերքերս ժողվեմ’։ Եւ ըսաւ. ‘Իմ ամբարներս քակեմ ա՛լ աւելի մեծը շինեմ եւ հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս. եւ իմ անձիս ըսեմ. «Ո՛վ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր»’։ Բայց Աստուած ըսաւ անոր. ‘Ա՛նմիտ, այս գիշեր հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջուի. ուստի այն քու պատրաստած բաներդ որո՞ւ պիտի ըլլան’։ Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար» (Ղուկաս 12։16-21

Թէ՛ Յիսուսին աշակերտները եւ թէ իրեն մտիկ ընողները կրնան ստացուածք դիզելու ծուղակին մէջ իյնալ։ Կամ ալ, կրնայ ըլլալ որ կեանքի հոգերը զիրենք շեղեն Եհովային ծառայելէ։ Անոր համար Յիսուս կը կրկնէ այն կարեւոր խրատը որ տուաւ մօտ մէկուկէս տարի առաջ Լերան քարոզին մէջ.

«Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ մարմինին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի հագնիք. . . Նայեցէ՛ք ագռաւներուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, բայց Աստուած զանոնք կը կերակրէ. դուք ո՜րչափ աւելի կ’արժէք թռչուններէն։ . . .Նայեցէ՛ք շուշաններուն, ի՛նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէ՛կուն պէս չհագուեցաւ։ . . .Ալ դուք մի՛ փնտռէք թէ ի՞նչ պիտի ուտէք եւ ի՞նչ պիտի խմէք ու մի՛ շփոթիք. . . Ձեր Հայրը գիտէ թէ ասոնք ձեզի պէտք են։ Բայց դուք Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրեցէք եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին» (Ղուկաս 12։22-31. Մատթէոս 6։25-33

Որո՞նք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի խնդրեն։ Յիսուս կը յայտնէ որ անոնք «պզտիկ հօտ» մըն են, հաւատարիմ մարդոցմէ բաղկացած փոքր խումբ մը։ Յետագային յստակ պիտի դառնայ, որ անոնց թիւը 144,000 է։ Իսկ անոնց ի՞նչ պիտի տրուի։ Յիսուս կը վստահեցնէ. «Ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ»։ Այս խումբը պիտի չկեդրոնանայ երկրի վայ գանձեր դիզելու վրայ, ուր գողերը կրնան ատոնք գողնալ, հապա անոնց սիրտը պիտի ըլլայ ‘չպակսող գանձին վրայ երկինքը’, ուր Քրիստոսի հետ պիտի թագաւորեն (Ղուկաս 12։32-34