Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 79

Ինչո՞ւ կործանում կը սպասէ չհաւատացող հրեաներուն

Ինչո՞ւ կործանում կը սպասէ չհաւատացող հրեաներուն

ՂՈՒԿԱՍ 13։1-21

  • ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՈՒ ՑԱՒԱԼԻ ԴԷՊՔԵՐԷ ՔԱՂՈՒԱԾ ԴԱՍ ՄԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

  • ԿԾԿՏԱԾ ԿԻՆ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿՈՒԻ ՇԱԲԱԹ ՕՐՈՎ

Յիսուս շատ մը առիթներով փորձած է մարդոց օգնել, որ մտածեն Աստուծոյ հետ իրենց փոխյարաբերութեան մասին։ Ուրիշ առիթ մըն ալ կը ծագի փարիսեցիի մը տան մօտ ամբոխին հետ խօսելէ ետք։

Անոնցմէ ոմանք կը սկսին խօսիլ ցաւալի դէպքի մը մասին։ Անոնք կը պատմեն «Գալիլիացիներուն մասին, որոնց արիւնը [հռոմայեցի կառավարիչ Պոնտացի] Պիղատոս իրենց զոհերուն հետ խառնեց» (Ղուկաս 13։1)։ Անոնք ինչո՞ւ կը պատմեն այս դէպքը։

Թերեւս այդ գալիլիացիները անոնք էին որոնք սպաննուեցան, երբ հազարաւոր հրեաներ բողոքեցին Պիղատոսին դէմ, քանի որ տաճարին գանձատունէն դրամ առած էր, որպէսզի Երուսաղէմ ջուր մտցնելու համար ջրուղի մը շինէր։ Թերեւս Պիղատոս այդ գումարը ձեռք ձգած էր տաճարին մէջ հեղինակութիւն ունեցողներուն համաձայնութեամբ։ Կրնայ ըլլալ որ դէպքը պատմողները կը կարծեն, որ ատիկա գալիլիացիներուն պատահեցաւ, քանի որ չար բաներ ըրած էին։ Բայց Յիսուս ասոր համամիտ չէ։

Ան կը հարցնէ. «Կը կարծէ՞ք թէ այն Գալիլիացիները բոլոր Գալիլիացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որոնք այսպիսի բաներ քաշեցին»։ Իր պատասխանը ո՛չ է։ Բայց ան այս դէպքը կ’օգտագործէ, որ հրեաներուն զգուշացում մը տայ. «Եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» (Ղուկաս 13։2, 3)։ Ետքը, Յիսուս ուրիշ ցաւալի դէպքի մը մասին կը խօսի, որ թերեւս վերջերս տեղի ունեցած է եւ թերեւս կապ ունի այդ ջրուղիին շինարարութեան հետ։ Ան կը հարցնէ.

«Այն տասնըութը հոգին, որոնց վրայ Սելովամի աշտարակը ինկաւ եւ զանոնք մեռցուց. կը կարծէ՞ք թէ անոնք Երուսաղէմի մէջ բնակած բոլոր մարդոցմէ աւելի պարտաւոր էին» (Ղուկաս 13։4)։ Թերեւս ամբոխը կը կարծէ որ այդ մարդիկը մեռան, քանի որ չարութիւն գործած են։ Բայց Յիսուս դարձեալ չի համաձայնիր։ Ան գիտէ որ «ժամանակ ու դիպուած» կը պատահին եւ հաւանաբար այդ դէպքին պատճառն են (Ժողովող 9։11)։ Սակայն ամբոխը պէտք է դաս առնէ այդ դէպքէն։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» (Ղուկաս 13։5)։ Յիսուս ինչո՞ւ հիմա պէտք կը տեսնէ որ այս դասը շեշտէ։

Պատճառը այն է, որ այժմ իր ծառայութեան վերջին տարին է, եւ ան ասիկա կը յստակացնէ առակով մը. «Մարդ մը իր այգիին մէջ տնկուած թզենի մը ունէր, եկաւ անկէ պտուղ քաղելու եւ չգտաւ։ Ուստի ըսաւ այգեպանին. ‘Ահա երեք տարի է, որ կու գամ այդ թզենիին վրայ պտուղ կը փնտռեմ ու չեմ գտներ, ա՛լ ատիկա կտրէ, ինչո՞ւ համար գետինը խափանէ’։ Անիկա պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ. ‘Տէ՛ր, այս տարի ալ ատիկա թող տուր, մինչեւ ատոր բոլորտիքը բրեմ ու թրիք դնեմ եւ եթէ պտուղ տայ՝ աղէկ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ ատիկա’» (Ղուկաս 13։6-9

Արդէն աւելի քան երեք տարիէ ի վեր Յիսուս կը ջանայ հրեաներուն հաւատքը աւելցնել։ Բայց իր ծառայութիւնը շատ պտուղ չէ բերած, քանի որ քիչեր են որ իր աշակերտները դարձած են։ Իսկ հիմա՝ իր ծառայութեան չորրորդ տարուան ընթացքին, ան աւելի ջանք կը թափէ։ Ան փոխաբերական իմաստով կը փորէ եւ պարարտանիւթ կը դնէ հրեայ ազգին թզենիին շուրջը, քարոզելով եւ սորվեցնելով Հրէաստանի եւ Պերեայի մէջ։ Արդիւնքը ի՞նչ է։ Միայն քիչ թիւով հրեաներ կ’ընդառաջեն։ Ազգը չի զղջար եւ կործանումի արժանի է։

Շատ չանցած, մեծամասնութեան ունեցած այս կեցուածքը դարձեալ յայտնի կ’ըլլայ, երբ Շաբաթ օրով Յիսուս ժողովարանի մը մէջ կը սորվեցնէ։ Ան կը տեսնէ կին մը, որ 18 տարիէ ի վեր կծկտած է դիւային ազդեցութեան պատճառով։ Յիսուս անոր կարեկցելով կ’ըսէ. «Ո՛վ կին, դուն քու հիւանդութենէդ արձակուած ես» (Ղուկաս 13։12)։ Իր ձեռքը անոր վրայ կը դնէ եւ ան անմիջապէս կը շտկուի ու կը սկսի փառք տալ Աստուծոյ։

Ժողովարանին իշխանը ասիկա տեսնելով կը բարկանայ եւ կ’ըսէ. «Վեց օր կայ, որոնց մէջ կրնաք գործել. ուստի այն օրերը եկէք բժշկուեցէք, ոչ թէ շաբաթ օրը» (Ղուկաս 13։14)։ Իշխանը չ’ուրանար որ Յիսուս բժշկելու զօրութիւն ունի, հապա՝ մարդիկը կը դատապարտէ որ Շաբաթ օրով կու գան բժշկուելու։ Յիսուս տրամաբանական պատասխան մը կու տայ. «Կե՛ղծաւոր, ձեզմէ ամէն մէկը շաբաթ օրը իր եզը կամ էշը մսուրէն չա՞րձակեր, որպէս զի տանի ջուր տայ։ Հապա ասիկա որ Աբրահամի աղջիկ էր, որ ահա տասնըութ տարի Սատանան զանիկա կապած էր, չէ՞ր վայլեր որ շաբաթ օրը այն կապէն արձակուի» (Ղուկաս 13։15, 16

Հակառակորդները ամօթով կը մնան, բայց ժողովուրդը կ’ուրախանայ այն փառաւոր գործերուն համար, որոնք Յիսուս կ’ընէ։ Ետքը, Յիսուս հոս՝ Հրէաստանի մէջ կը պատմէ Թագաւորութեան մասին երկու մարգարէական առակներ, որոնք նախապէս նաւուն վրայէն պատմած էր, մինչ ժողովուրդը Գալիլիայի ծովուն ափին կայնած էր (Մատթէոս 13։31-33. Ղուկաս 13։18-21