Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 80

Բարի Հովիւը եւ բակերը

Բարի Հովիւը եւ բակերը

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 10։1-21

  • ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԽՕՍԻ ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒԻՆ ԵՒ ԲԱԿԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Յիսուս կը շարունակէ Հրէաստանի մէջ սորվեցնել, եւ այժմ փոխաբերական իմաստով կը խօսի բանի մը մասին, որ իրեն մտիկ ընողները կրնան դիւրութեամբ հասկնալ. ոչխարներ եւ անոնց բակերը։ Օրէնքին տակ եղող իսրայէլացիները շատոնց նմանցուած էին ոչխարներու խումբի։ Ասոր համար, հաւանաբար անոնց միտքը կու գայ Դաւիթին խօսքը. «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։ Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ» (Սաղմոս 23։1, 2)։ Ուրիշ սաղմոսի մը մէջ, Դաւիթ իսրայէլ ազգին ըսաւ. «Ծունկ կրկնենք մեզ ստեղծող Տէրոջը առջեւ, վասն զի ան է մեր Աստուածը ու մենք անոր արօտին ժողովուրդը» (Սաղմոս 95։6, 7

Այս «ոչխարները» արդէն «բակ»ի մը մէջ էին այն իմաստով, որ անոնք Մովսիսական օրէնքին ուխտին տակ ծնած էին։ Օրէնքը ցանկապատի մը պէս էր, որ զանոնք կը պաշտպանէր այն ապականիչ սովորութիւններէն, որ այս կարգադրութեան տակ չեղող մարդիկը ունէին։ Բայց կարգ մը իսրայէլացիներ գէշ կերպով կը վարուէին Աստուծոյ հօտին հետ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ՝ անիկա գող ու աւազակ է’։ Բայց ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է» (Յովհաննէս 10։1, 2

Թերեւս ժողովուրդին միտքը կու գան անհատներ, որոնք ըսած են որ իրենք Մեսիան են, կամ Քրիստոսը։ Անոնք կը նմանին գողերու եւ աւազակներու։ Ժողովուրդը պէտք չէ հետեւի այդպիսի խաբեբայ մարդոց, հապա պէտք է հետեւի «ոչխարներուն հովիւ»ին, որուն մասին Յիսուս կ’ըսէ.

«Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն, ու իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ դուրս կը հանէ զանոնք։ Երբ իր ոչխարները կը հանէ, անոնց առջեւէն կ’երթայ ու ոչխարները իր ետեւէն կ’երթան, վասն զի անոր ձայնը կը ճանչնան։ Սակայն օտարի ետեւէն չեն երթար, հապա անկէ կը փախչին, վասն զի օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար» (Յովհաննէս 10։3-5

Նախապէս, Յովհաննէս Մկրտիչ դռնապանի մը պէս յայտնեց, որ Յիսուս այն հովիւն է, որուն պէտք է հետեւին Օրէնքին տակ գտնուող այլաբանական ոչխարները։ Եւ Գալիլիայի մէջ, ինչպէս նաեւ Հրէաստանի մէջ, կարգ մը ոչխարներ ճանչցած են Յիսուսին ձայնը։ Լաւ, Յիսուս զանոնք ո՞ւր պիտի հանէ, եւ ի՞նչ պիտի պատահի երբ իրեն հետեւին։ Թերեւս այսպիսի հարցումներ կ’անցնին ոմանց միտքէն, քանի որ ‘չեն իմանար թէ ի՞նչ է որ իրենց կը խօսի’ (Յովհաննէս 10։6

Յիսուս կը բացատրէ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ես եմ ոչխարներուն դուռը’։ Ամէն անոնք որ ինձմէ առաջ եկան, գող ու աւազակ էին, բայց անոնց չլսեցին ոչխարները։ ‘Ես եմ դուռը’, եթէ մէկը ինձմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ» (Յովհաննէս 10։7-9

Յստակ է թէ Յիսուս նոր բանի մը մասին կը խօսի։ Իրեն մտիկ ընողները գիտեն, որ ինք Օրէնքի ուխտին տանող դուռը չէ, քանի որ Օրէնքը արդէն դարերէ ի վեր գոյութիւն ունի։ Ուրեմն, Յիսուս ըսել կ’ուզէ, որ ինք ուրիշ բակի մը դուռն է, եւ թէ այն ոչխարները՝ որոնք «դուրս կը հանէ», պէտք է այդ բակը մտնեն։ Արդի՞ւնքը։

Յիսուս կը շարունակէ խօսիլ իր դերին մասին. «Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան։ ‘Ես եմ բարի հովիւը’. բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ» (Յովհաննէս 10։10, 11)։ Ան նախապէս հանգստացուցած էր իր աշակերտները, ըսելով. «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ» (Ղուկաս 12։32)։ Յիսուս «պզտիկ հօտ»ին անդամներն է որ պիտի առաջնորդէ դէպի նոր բակ, «որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան»։ Ի՜նչ օրհնութիւն է այդ հօտին մէկ մասը ըլլալ։

Յիսուս ուրիշ բան մըն ալ ունի ըսելիք այս նիւթին մասին։ Ան կ’ըսէ. «Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ» (Յովհաննէս 10։16)։ Ըսելով որ «ուրիշ ոչխարներ»ը «այս բակէն չեն», Յիսուս ցոյց կու տայ որ անոնք չեն պատկանիր «պզտիկ հօտ»ին, որ Թագաւորութիւնը պիտի ժառանգէ, հապա՝ ուրիշ բակի կը պատկանին։ Այս երկու բակերուն ոչխարները տարբեր ապագայ ունին։ Բայց երկուքն ալ պիտի օգտուին Յիսուսի դերէն։ Ան կ’ըսէ. «Անոր համար իմ Հայրս զիս կը սիրէ, որովհետեւ ես իմ կեանքս կը դնեմ» (Յովհաննէս 10։17

Ժողովուրդէն շատեր կ’ըսեն. «Դեւ կայ ատոր ներսիդին ու խենթեցած է»։ Բայց ուրիշներ հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընեն եւ կ’ուզեն հետեւիլ Բարի Հովիւին։ Անոնք կ’ըսեն. «Այս խօսքերը դիւահարի խօսքեր չեն. միթէ դեւը կրնա՞յ կոյրերուն աչքերը բանալ» (Յովհաննէս 10։20, 21)։ Յստակ է թէ անոնք կ’ակնարկեն այն առիթին, երբ Յիսուս կոյր ծնած մարդուն աչքերը բացաւ։